Յայտարարութիւններ (22 Ապրիլ 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

————————————–

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով, մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ` սրբացեալ նահատակներու յիշատակին նուիրուած:

Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՏԱՃԱՏ ԵՊՍ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Դիւանապետ կաթողիկոսարանի

Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ տեղի պիտի ունենայ Նահատակաց բարեխօսական կարգ եւ ապա` ծաղկեպսակներու զետեղում` լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, կառոյցներու ու մարմիններու կողմէ:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու եկեղեցական արարողութեան ու իրենց արժանի յարգանքը ընծայելու մեր բիւրաւոր սրբացեալ նահատակներու անմահ յիշատակին եւ զօրավիգ կանգնելու անոնց նուիրական դատին:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Նորա Մանսուրեան
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Անի Թահմիզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Արազ Շահինեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խոսրով Մանսուրեան եւ զաւակունք (Հայաստան)
Տէր եւ տիկին Ճորճ Մանսուրեան եւ զաւակունք (Հայաստան)
Տէր եւ տիկին Սուրէն Մանսուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Ղազարեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Տիրան Ամպարճեան եւ զաւակունք (Հայաստան)
Տիար Ճորճ Ամպարճեան
Տէր եւ տիկին բժիշկ Խաչիկ Օհանեան եւ զաւակունք (Հայաստան)
Տիկին Լուսին Թահմիզեան
Տիկին Ծովիկ Շահինեան (Քանատա)
Ամպարճեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Սանոսեան եւ Մկրեան ընտանիքներ
Գասապեան եւ Գաբոյեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Հալէպ, 1953-ին)

մահը:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 21 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Վիլլաներ-Հալէպ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին չորեքշաբթի, 22 ապրիլին, եկեղեցւոյ ներքնասրահը, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

————————————–

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

«ՄԱՐԶԻԿ»,

45-րդ տարի, թիւ 440

«Մարզիկ»-ի այս թիւով տեսնել`

  • Խմբագրական- Միջոց եւ ոչ` նպատակ (Արհեստական բանականութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ը)
  • ՀՄԸՄ-ի համագաղութային կառոյցը եւ կազմակերպչական վարչամեքենան- Վ. Տ. Կարապետեան
  • Նահատակ ատենապետին վկայութիւնը ՀՄԸՄ-ի մասին
  • Ո՞վ էր նահատակ Վարդգէս Տէր Կարապետեան
  • Պէտք չէ՛ անձնատուր ըլլանք- Վ.Տ.Կարապետեան
  • Ապագայ հայ երիտասարդական կեդրոններու կառուցումը. տեսիլքէ գործադրութիւն- Շահէ Ենիգոմշեան
  • ՀՄԸՄ-ը` փարոս հայակերտումի- Տիգրան Ճինպաշեան
  • Նկարի մը պատմութիւնը- Կարօ Յովհաննէսեան
  • Այս կեդրոնը թող դառնայ հայկական սփիւռքի ապրող ու բաբախող սիրտը- Հուսամ Հարիրի
  • Այսուհետեւ ՀՄԸՄ միջոցը ունի դառնալու մնայուն եւ ճառագայթող- Արթիւր Խանճեան
  • Սկաուտական շարժումը եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնն ըստ Կ. Պոլսի «Հայ սկաուտ» հանդէսի հրապարակումների- Մարիամ Յովսէփեան
  • Մարմնակրթութեան եւ մարզանքին դերը անհատի, հասարակութեան եւ ազգային պատկանելիութեան ամրապնդման գործին մէջ (Ա.)- Աւօ Գաթրճեան

Թիւը կ՛ընդգրկէ նաեւ ՀՄԸՄ-ական կեանքի անդրադարձներ (Հայաստան, Արցախ, Թիֆլիս, Փարիզ, Նիս, Միւնիխ, Լոնտոն, Կիպրոս, Յունաստան, Պուլկարիա, Լիբանան, Գահիրէ, Աղեքսանդրիա, Սուրիա, Քանատա, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա): 64 էջ: Սակ` 100.000 լ.ո.:

Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրախանութ:

 

Leave a Comment