Հիմա երեխաներս շատ կը սիրեն Երեւանը եւ չեն մտածեր հեռանալ Երեւանէն․ Ռաֆֆի Էսմէրեան․ «Հայրենադարձի արկածները»

Ռաֆֆի Էսմէրեան ընտանեօք Հայաստան տեղափոխուած է 14 տարի առաջ եւ այժմ ունի «Alice Catering» սնունդի մատակարարման ձեռնարկութիւնը, որ հիմնականին կը մատուցէ Կիլիկիոյ, սուրիական եւ լիբանանեան ուտեստներ։ Ան մասնագիտութեամբ խոհարար չէ, սակայն երբ նոր եկած է Հայաստան, նկատած է, որ այս ոլորտը դեռ տկար է, եւ ժողովուրդը մաքուր սնունդի կարիք ունի։ Մտածած է, որ ամէն աշխատող ընտանիք կրնայ օգտուիլ մաքուր եւ թարմ սնունդէն։

«Ամենակարեւորը յաճախորդը գոհացնելն է, իսկ գոհացնելու համար ալ ամէն ինչ պէտք է թարմ ու համով ըլլայ. ամէն օր շուտ-շուտ պէտք է ծախես, որ  թարմ ըլլայ սնունդը։ Աշխատողները հայաստանցի են, անոնք լաւ տիրապետեցին աշխատանքին։ Երբ նոր եկանք, քոյրս արդէն այս ոլորտին մէջ կ՛աշխատէր. ձեռք ձեռքի տուինք ու գործը առաջ տարինք։ Հայաստանի ժողովուրդի քիմքին հարազատ՝ քիչ համեմունքներով կը պատրաստենք», պատմեց Ռաֆֆի Էսմէրեան։

«Հիմա երեխաներս շատ կը սիրեն Երեւանը եւ չեն մտածեր հեռանալ Երեւանէն,  այստեղ ապագայ կ՛ուզեն կերտել։ Քանի հայ ես, պէտք է Հայաստան ապրիս», կը շեշտէ Ռաֆֆին։ «Մենք մեր դիմաց պիտի նայինք, ետ նայիլ պէտք չէ», կ՛ըսէ ան։

Ռաֆֆիի կարծիքով՝ պէտք է զարկ տալ տեղական արտադրութեան։ «Կ՛ուզեմ, որ մեր երկրին մէջ գործը շատ ըլլայ, ժողովուրդը նեղ չի մտածէ, ամէնքս հայ ենք եւ հոս պիտի ապրինք համերաշխ»։

Leave a Comment