«Էն. Պի. Էյ.». Տիթրոյիթի Անսպասելի Պարտութիւնը. Ուեմպի, Եոքիչ Եւ Շէյ Կը Մրցին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի մրցումները շարունակուեցան, երէկ եւ Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբը` Տիթրոյիթ Փիսթընզ 101-112 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրեց իր առաջին ճակատումին` Օրլանտօ Մեճիքէն:

Օրլանտօ, որ 8-րդ դիրքը գրաւած էր փլէյ-ին մրցումներէն ետք, մրցումին սկիզբէն աւելի լաւ էր` գլխաւորութեամբ Փաուլօ Պանչերոյի, որ 23 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Քէյտ Քանինկհեմ 39 կէտ նշանակեց, բայց ասիկա բաւարար չէր, որ Տիթրոյիթ յաղթէ:

Միւս կողմէ, այս տարուան «Էմ. Վի. Փի.»-ի տիտղոսին համար մրցակցութիւնը «շատ տաք» կը թուի ըլլալ, մանաւանդ Տենվըր Նակեթցի մարզիկ Նիքոլա Եոքիչի, Սան Անթոնիօ Սփըրզի մարզիկ Վիքթոր Ուեմպանեամայի եւ անցեալ տարուան «Էմ. Վի. Փի.» Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտրի միջեւ:

Շէյի խումբը` ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 119-84 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ սկսաւ Ֆինիքս Սանզի դէմ իր ճակատումներու առաջին մրցումը, մինչ «Ուեմպի»-ի խումբը` Սան Անթոնիօ Սփըրզ 111-98 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը:

Ուեմպանեամա 35 կէտ նշանակեց այս մրցումին:

 

Leave a Comment