Թրքական «Կրկին բարեկեցութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր Ֆաթիհ Էրպաքան քննադատեց Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաքը` Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական համախմբումի ընթացքին անոր արտասանած խօսքին համար:
Ան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ ուղղեց` Պարրաքը իր մօտ կանչելու եւ անոր բողոքագիր ներկայացնելու:
Էրպաքան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին խօսքը շրջանին նկատմամբ միջազգային ուժերու ծրագիրներուն «յստակ խոստովանութիւն» մըն է` նշելով, որ Պարրաք իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար ընդգծած է, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութիւնը «պարզապէս սպառողական հռետորաբանութիւն մըն է», եւ ոչ թէ` գետնի վրայ իրողութիւն:
Էրպաքան կտրուկ կերպով մերժեց Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ «ծածուկ դաշինք»-ի մը գոյութիւնը եւ այդպիսի թեզ մը նկատեց Թուրքիոյ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան անամօթ միջամտութիւն մը:
Ըստ անոր, Թուրքիան իսլամական աշխարհագրութեան մէջ անիրաւուած ժողովուրդներու համար «յոյսի փարոս մըն է», իսկ թուրք-իսրայէլեան դաշինքի մասին խօսքերը «բացառապէս երեւակայութիւն» են, այդ դաշինքը ո՛չ անցեալին կար, ո՛չ ալ ներկայ տարիներուն պիտի ըլլայ: