Պասիլ. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Գետնի Վրայ Իրողութիւններն Ու Խաղաղութեան Հասնելու Անոր Փափաքը Հաւասարակշռող Որոշում Մը Տայ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Լիբանանեան կառավարութիւնը պէտք է գետնի վրայ իրողութիւններն ու խաղաղութեան հասնելու մեր փափաքը հաւասարակշռող արդար որոշում մը տայ»:

«Ասիկա պէտք է նկատի ունենայ իսրայէլեան կառավարութեան արդար լուծումի հասնելու փափաքը, որովհետեւ արդար լուծումը կը պահանջէ, որ Իսրայէլ իր անվտանգութիւնն ու իրաւունքը կ՛ունենայ, եւ միւս կողմէ Լիբանանը պէտք է վերատիրանայ իր բոլոր իրաւունքներուն, հողերը իսրայէլեան բռնագրաւումի ուժերէն ազատագրուին, իսրայէլեան յարձակումները դադրին եւ տեղահանուածները իրենց գիւղերը վերադառնան», ըսաւ ան:

«Իսրայէլի կողմէ բարի կամեցողութեան արտայայտութիւնը կ՛ըլլայ լիբանանեան հողերէն ամբողջական հեռացումով` յարգելով 2024 թուականի զինադադարի համաձայնութիւնը», ըսաւ երեսփոխանը` աւելցնելով. «Այդ մէկը անհրաժեշտ է, որմէ ետք կը քննարկենք արդար ու տեւական խաղաղութեան հիմերու ձեւն ու մշակումը»:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի զէնքի հարցին` Պասիլ ըսաւ. «Հըզպալլայի զէնքը կապուած է երկու հարցերու. մէկ կողմէն կուսակցութիւնը պարզապէս զինուորական միլիս մը չէ, այլ նաեւ հասարակութիւն եւ համակիր զանգուած: Ան իր ուժն ու կարողութիւնը շահեցաւ օրինականութեան ճամբով, որ պետութիւնը երկար ատեն անոր տրամադրեց:

«Այդպիսի խմբակի մը զինաթափումը կարելի չէ «կոճակ կոխելու» ճամբով իրագործել, մանաւանդ երբ իր համակիր զանգուածին եւ հասարակութեամբ շրջապատուած է»:

«Կ՛ուզեն զէնքի պետութեան մենաշնորհը վերականգնել, սակայն չեն ուզեր քաղաքացիական պատերազմի մէջ ներքաշուիլ, եւ այդ է ամբողջ տարբերութիւնը», նշեց ան:

Երեսփոխանը նշեց, որ միայն հզօր պետութիւն մը կրնայ ոչ միայն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, այլ նաեւ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ իսկական խաղաղութիւն կառուցել: «Ատիկա չի կրնար իրագործուիլ Իսրայէլի գործած առօրեայ պատերազմական ոճիրներով, ո՛չ ալ Իսրայէլի եւ Լիբանանի լիբանանեան հասարակութեան մէկ բաղադրիչ մասին դէմ գործակցութեան ճամբով», շեշտեց ան:

«Սուղ գին վճարեցինք Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմէ խուսափելու համար եւ չենք ուզեր լիբանանեան շրջաններուն ու լիբանանեան հասարակութեան բաղադրիչ մասերուն միջեւ մէկ այլ հակամարտութիւն մը տեսնել: Մենք միայն կ՛ուզենք մեր երկիրն ու հասարակութիւնը պահպանել Լիբանանի ամբողջ տարածքին, այսինքն` 10452 քառակուսի քիլոմեթրին վրայ պահել, առանց արտաքին որեւէ ուժի ենթակայութեան եւ առանց Հըզպալլայի նման որեւէ ներքին ուժի տիրապետութեան ենթակայ ըլլալու, եւ չստիպուինք հետեւիլ արտաքին օրակարգերու, որոնք կրնան վտանգել մեր միասնականութիւնն ու անվտանգութիւնը», յայտնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:

Leave a Comment