Պատերազմեան Օրագիր Լիբանանէն

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Պատերազմի ընթացքին մարմիններն ու հոգիները կամայ թէ ակամայ կը փոխակերպուին, իսկ ժամանակի ազդեցութիւնը անոնց վրայ բնականէն աւելի արագ կերպով կը ներթափանցէ:

Անորոշութիւնը, վախն ու կորուստը ներսէն կը փոխակերպեն անհատը, եւ բոլոր արժէքներուն վրայ կու գայ իշխելու ողջ մնալու բնազդը: Այս վերջինը աւելի սուր դրսեւորում կ՛ունենայ անհատի առօրեային վրայ բազմաշերտ եւ զանազան համայնքներէ բաղկացած երկիրներու մէջ, ինչպիսին է Լիբանանը:

Լիբանան կը դիմագրաւէ նոր պատերազմ մը, երբ տակաւին չեն սպիացած նախորդ պատերազմի վէրքերը: Շուրջ երեք շաբթուան ընթացքին տեղահանուած է աւելի քան մէկ միլիոն մարդ, այլ խօսքով` բնակչութեան շուրջ 20 տոկոսը, շատեր` երկրորդ, նոյնիսկ երրորդ կամ չորրորդ անգամ ըլլալով, արձանագրուած են աւելի քան 1200 զոհեր եւ 3500 վիրաւորներ, ներառեալ` բժշկական անձնակազմի անդամներ, լրագրողներ, փրկարար ուժեր եւ մարդասիրական ոլորտի աշխատողներ: Աւերուած են ենթակառոյցներ` հիւանդանոցներ, դպրոցներ, կամուրջներ, ջրամատակարարման եւ ելեկտրամատակարարման համակարգեր: Տեղահանուածներէն մաս մը կը գտնուի ապաստաններու մէջ եւ մնացածը` ծանօթներու քով, վարձու բնակարաններու մէջ կամ փողոցը:

Իսրայէլ առաւելաբար բրտօրէն կը ռմբակոծէ Լիբանանի հարաւային շրջանները, Պէյրութի Հարաւային արուարձանները եւ արեւելքի մէջ` Պեքա շրջանը: Մնացած շրջանները կը կրեն` պատերազմի ցանած անապահովութիւնը, թիրախաւորուած հարուածներու պատճառով կողմնակի վնասներ, միջոցներու հատնումի վախը, ձայնի պատի խզման պատճառով ցնցումները, անգործութիւն եւ հոգեկան անհանգիստ վիճակներ:

Ներքին միասնակամութեան բացակայութեան, երկրին ընկերային կեանքը նոյնքան խառն վիճակի մէջ կը գտնուի, որքան` քաղաքական անհամաձայնութիւնները: Բնականաբար Լիբանանի տարածքին մարդասիրական բոլոր հաստատութիւնները անխտիր լծուած են օժանդակութիւն մատակարարելու ապաստարաններու մէջ տեղակայուած քաղաքացիներուն, բայց եւ այնպէս, բարձր է ձայնը Լիբանանի այն խաւին, որոնք երկրին ներքաշուիլը Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ ընդդէմ Իրան պատերազմի` կը համարեն ինքնին հարուած երկրին:

Մամուլէն կը հետեւիմ ներքին պառակտումներուն եւ կը փորձեմ մերթ անջատուիլ առօրեայէն եւ մերթ կարեկցիլ տուժողներուն: Կեանքիս մէջ առաջին անգամ «դիմադրել, փախչիլ, սառիլ» հակազդեցութեան փորձառութիւնը կ՛ապրիմ քանի մը գիշեր առաջ, երբ իսրայէլեան մարտական օդանաւը ժամերով բաւական ցած թռիչք կատարելով` քունէս ընդոստ կ՛արթնցնէ զիս: Մարմինս սառած վիճակի մէջ կը գտնեմ եւ չկարողանալով շարժիլ` ինքզինքս ոզնիի նման կծկուած կը զգամ: Միայն ուղեղս եւ ականջս կ՛աշխատին եւ այդ ալ` հասկնալ փորձելու օդանաւին որքան մօտ ըլլալը: Չեմ յիշեր քունի անցած ըլլալս, բայց անկարողութեամբ տեղս գամուիլս մարմնային յիշողութեանս մէջ դաջուածքի պէս կը դրոշմուի: Մինչեւ այդ պահը «փախուստ»-ն էր երեք հակազդեցութիւններուն գերիշխողը: Դէպի «աւելի ապահով» վայրեր, օրինակ` ապաստարան կամ միջանցք փախչելու «սովորութիւնը» կարծես ծինային համակարգիս անցած է ծնողքէս, որոնք ապրած են 1975-1990 պատերազմը, եւ այդ պատճառով իւրաքանչիւր հարուածի կամ ձայնի պատի խզման հակազդեցութիւնս մեքենաբար զիս միջանցքի մը մէջ կը նետէ: Սակայն այդ գիշեր տարբեր էին զգացած վախս ու անորոշութիւնս, իսկ ողջ մնալու փափաքս` բաւական բուռն:

Այսուհանդերձ, այս բոլորին մէջ դիմադրութեան ոգին կը մնայ ոչ թէ հակազդեցութիւն, այլ սկզբունք` պայքարելու համար ծաւալապաշտական եւ գաղութատիրական մեր գլխուն եկած ծրագիրներուն դէմ:

«Բարռեսիա քելեթքիվ»

«ԱԿՕՍ»
3 ապրիլ 2026

Leave a Comment