Ե՞րբ Դիմել Մանկական Հոգեբանին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մասնագէտ հոգեբաններու կարծիքով, երեխաներուն հոգեկան առողջութեան ուշադրութիւն դարձելը շատ կարեւոր է, քանի որ ակնյայտ խնդիրները անուշադրութեան մատնելը կրնայ հետագային դառնալ շատ աւելի լուրջ խնդիրներու զարգացման պատճառ:

Հոգեբանին հետ խորհրդակցելու միտքը ծնողական ձախողութեան նշան չէ. բազմաթիւ պարագաներու այս օգնութիւնը կրնայ արդիւնաւէտ լուծում ըլլալ երեխային ներքին բարեկեցութիւնը վերականգնելու համար:

Ըստ մասնագէտ հոգեբաններու, ակադեմական դժուարութիւններ, ընտանեկան հարցեր (ամուսնալուծում, նոր երեխայի ծնունդ…), պատերազմ, բնական աղէտներ կրնան շատ ծանր ազդել երեխային հոգեվիճակին վրայ եւ դրսեւորուիլ վարքի յանկարծակի փոփոխութիւններով:

6 Նախազգուշացնող
Նշաններ

«Կախարդական» ցանկ չկայ եւ մէկ ախտանիշով պարտադիր չէ, հոգեբանի դիմել: Կարեւորը նոր վարքագիծին տեւողութիւնն է, ուժգնութիւնը եւ ազդեցութիւնը երեխային առօրեայ կեանքին վրայ (դպրոց, քուն, յարաբերութիւններ, ախորժակ, խաղ, վստահութիւն):

1.- Ճնշող Զգացումներ

Յաճախակի զայրոյթի պոռթկումներ,
Տեւական տխրութիւն, յաճախակի լաց,
Վախ եւ «Թիք»-եր (որոշ ֆիզիքական շարժումներ, ակամայ կրկնութիւն,
Դիւրագրգռութիւն:

2.- Վարքի փոփոխութիւն

Սովորաբար ուրախ երեխան դարձեր է ինքնամփոփ եւ մտացիր,
Մեկուսացում, ընկերներէն խուսափում,
Յարձակողական տրամադրութիւն (Տան մէջ կամ դպրոցը),
Լեզուական հմտութիւններու նահանջ:

3.- Քունի խանգարումներ

Քնանալու մեծ դժուարութիւն,
Յաճախակի արթնացումներ, կրկնուող մղձաւանջներ,
Տակը թրջել:

4.- Ֆիզիքական նշաններ` առանց յստակ բժշկական պատճառի

Ստամոքսի ցաւեր, սիրտխառնուք, գլխացաւեր,
Ախորժակի զգալի կորուստ կամ աւելացում:

5.- Դպրոցական դժուարութիւններ

Դպրոց յաճախելէ հրաժարում,
Դպրոցական արդիւնքներու կտրուկ անկում,
Կեդրոնացումի նուազում:

6.- Կեանքի դժուար իրադարձութիւններ

Վիճակայարոյց բաժանումներ (ծնողքի բաժանում, նոր երկիր կամ նոր տուն տեղափոխում, եւ այլն…),
Մահ, արկած,
Տան մթնոլորտ, վէճեր, լարուածութիւն,
Կրկնուող ոտնձգութիւններ կամ նուաստացումներ:

* * *

Այս բոլոր նշուածները յաճախ ժամանակաւոր եւ անցողակի հակազդեցութիւններ են տուեալ դէպքի մը կամ դժուարութեան մը: Սակայն եթէ քանի մը շաբաթէն աւելի տեւեն եւ յաճախ կրկնուին ու խաթարեն երեխային կամ ընտանիքին առօրեայ կեանքը, պէտք է մտահոգուիլ եւ դիմել մանկական հոգեբանին:

Գիտէ՞ք, Թէ

Քանատացի գիտնականներու կարծիքով, դասական երաժշտութեան ունկնդրութիւնը կրնայ օգնել լուսնոտութենէ տառապող հիւանդներուն կառավարել իրենց տագնապներու յաճախականութիւնը: Աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար` երաժիշտ Ա. Մոցարթի «sonate pour deux pianos en rռ majeur, k.448» կտորն է, որ օժտուած է վերոյիշեալ բուժիչ յատկութիւններով:

Վերոյիշեալ գիտնականները այս եզրակացութեան յանգեր են ամբողջ տարի մը լուսնոտութենէ տառապող 13 հիւանդներու հետեւելէ եւ զանոնք հետազօտելէ ետք:

* * *

Մեծ հօր եւ մեծ մօր հետ մեծնալը ունի շատ մը առաւելութիւններ, կը վկայեն գիտական հետազօտութիւններ` հիմնուելով աւելի քան 300 երեխաներու վրայ կատարուած փորձարկումի մը: Այսպէս`

Մեծ հայրիկներու, մեծ մայրիկներու եւ թոռնիկներու միջեւ ծագած մտերմութիւնը զգալիօրէն կը նուազեցնէ երեխաներու մօտ ընկճախտի յառաջացումը:

Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը թոռնիկներուն կու տան կայունութեան եւ անվտանգութեան զգացողութիւն: Իսկ դժուար կացութիւններու եւ ընտանեկան խնդիրներու ժամանակ անոնք յաճախ թոռնիկներուն համար աջակցութեան եւ ապահովութեան յենարաններ են:

Աշխատող ծնողները յաճախ բաւարար ժամանակ չեն գտներ երեխաներուն հետ յարաբերելու, զրուցելու կամ խաղալու համար: Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը յաճախ երեխաներուն համար կը փոխարինեն ծնողները, երբ պէտք է խաղալ, հեքիաթ պատմել եւ դասերուն օգնել: Բացի ասկէ` անոնք աւելի համբերատար են, նուազ կը բարկանան ու կը յանդիմանեն երեխաները, այս պատճառով ալ թոռնիկները աւելի պատրաստ են անոնց հետ բաժնել իրենց գաղտնիքները:

Այս բոլորը կը բարելաւեն ընտանիքին մթնոլորտը, քանի որ ծնողներն ալ աւելի հանգիստ կը զգան, որ իրենց բացակայութեան երեխաները լքուած չեն զգար ու չեն տառապիր:

* * *

Աղմուկը բացասական ազդեցութիւն կը գործէ մեր ուղեղին վրայ` ընկճախտի հորմոններու մակարդակի բարձրացում պատճառելով:

Օրուան մէջ կան պահեր, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը լռութիւն կը փնտռէ, քանի որ անիկա սփոփիչ է, յարմարաւէտ եւ արդիւնաւէտ: Լռութիւնը մեզ կ՛ոգեշնչէ, կը կոփէ միտքը, մարմինն ու հոգին: Մինչդեռ աղմուկը, ըստ հետազօտութիւններու, սերտօրէն կը կապուի արեան բարձր ճնշումի, սրտային հիւանդութիւններու, քունի կորուստի եւ ջղագրգռութեան հետ:

Աղմուկը նաեւ կ՛արգիլէ, որ վայելենք բնութեան ձայները` թռչուններուն ճռուողիւնը, հովին սուլոցը, ջուրին կարկաչը…

Ֆրանսայի ուսողագէտ, գրող, աստուածաբան Պլեզ Փասքալ. ըսած է. «Մարդուն բոլոր դժբախտութիւնները կու գան անկէ, որ ան անկարող է հանդարտ, լուռ եւ միայնակ նստել սենեակին մէջ»:

Ատրիանօ Կոլտշմիթը
«Denim
ի Կնքահայրը»

Անցեալ կիրակի օր նորաձեւութեան աշխարհը կորսնցուց իր ամենազդեցիկ դէմքերէն մէկը: 82 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ առասպելական ոճաբան Ատրիանօ Կոլտշմիթը:

Ան այն մարդն էր, որ սովորական ճինզը աշխատանքային համազգեստը վերածեց բարձր նորաձեւութեան խորհրդանիշի:

Իտալացի ձեւագէտը ամբողջ տասնամեակներ ապացուցեց, որ ճինզը կրնայ դառնալ շքեղ եւ անփոխարինելի: Փաստը այն է, որ չկայ զգեստապահարան, որուն մէջ չգտնուի առնուազն նմուշ մը ճինզէ տաբատ, բաճկոն, շապիկ, հագուստ եւ այլն…

Կոլտշմիթ այն մարդն է, որ չէր հետեւեր նորաձեւութեան, այլ կը ստեղծէր զայն:

Ստորագրութիւնը Կը Բացայայտէ

«Կրաֆոլոժի» (ձեռագրաբանութիւն, գրաճանաչութիւն) գիտութեան միջոցով կարելի է ստուգել տուեալ անձի մը ձեռագիրին կապը անոր խառնուածքին հետ կամ պարզել, թէ ի՛նչ «կ՛ըսէ» ստորագրութիւնը անոր մասին:

Եւ այսպէս`

Ա.- Մեծատառ ստորագրութիւն` կազմակերպուած եւ պահանջկոտ անձ,
Բ.- Միջակէտով աւարտած ստորագրութիւն` կարգապահ եւ կատարելապաշտ անձ,
Գ.- Դէպի վեր ուղղուած ստորագրութիւն` լաւատես, նպատակասլաց եւ ստեղծագործ անձ,
Դ.- Դէպի վար ուղղուած ստորագրութիւն` յոռետես եւ թոյլ անհատականութիւն անձ,
Ե.- Ուղղահայեաց ստորագրութիւն` հաւասարակշռուած եւ զուսպ անձ,
Զ.- Երկար ստորագրութիւն` խելամիտ եւ ջանասէր անձ,
Է.- Կարճ ստորագրութիւն` արագ հակազդող եւ անհամբեր,
Ը.- Շատ մանր տառերով ստորագրութիւն`  եսասէր եւ ժլատ անձ:
Թ.- Տակը ընդգծուած ստորագրութիւն` եսակեդրոն եւ անձնասէր անձ:

Խոհագիր

 Ձիթապտուղով Եւ Ֆեթա
Պանիրով Կարկանդակ

Բաղադրիչներով

– 3 հաւկիթ
– 200 կ ալիւր
– 1 ապուրի դգալ թթխմոր
– 8 սլ ձէթ
– 12 սլ կաթ
– 100 կ տաշուած պանիր
– 50 կ ֆեթա պանիր
– 80 կ. սեւ ձիթապտուղ
– 50 կ. չոր լոլիկ (ձէթի մէջ պահուած)
– Թարմ ռեհան` 5-6 տերեւ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Փուռը  տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Խորունկ ամանի մը մէջ հարել հաւկիթները, աւելցնել ալիւրը, թթխմորը եւ շաղել, մինչեւ որ միատարր խմոր մը ստացուի: Աւելցնել տաշուած պանիրը, ձէթն ու կաթը եւ կրկին շաղել:

Ամանի մը մէջ մանրել ռեհանի տերեւները, խորանարդաձեւ կտրատել (կամ փշրել) ֆեթա պանիրը, ապա աւելցնել մանրուած լոլիկը, բոլորը խառնել, ապա աւելցնել խմորին:

Վերջապէս, աւելցնել կտրատուած ձիթապտուղը, աղն ու սեւ համեմը: Բոլոր բաղադրիչները 4-5 վայրկեան շաղել եւ փոխադրել նախապէս կարագով եւ ալիւրով պատուած կաղապարի մէջ, երեսը ծածկել ու ձգել, որ հանգչի քառորդ ժամ:

Քառորդ ժամ ետք փուռ փոխադրել եւ եփել 40-45 վայրկեան: Սպասել, որ պաղի նախքան կտրելն ու մատուցելը:

Կարելի է հացին երեսը տաշուած պանիր եւ մեղրադդումի սերմ ցանել եւ յետոյ փուռ փոխադրել:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Ծառը

Ձմեռ օրեր,
Երբ փոթորիկն ըլլար մռայլ,
Ես կ՛երթայի խորն ամայի դաշտերուն,
Ականջ տալու կէս-գիշերուան քրքիջին:

Սլա՞ցքն անոր…
Պերճ ու հպարտ, խաղաղութեամբ մը խորունկ,
Ան կ՛երկարէր արտասուահիւծ աստղերուն
Բազուկներն իր հոլանի,
Զերթ պարմանի մ ՛իր հարսին.
Գիշերին մէջ կը լսէի կարծես թէ
Ձայնն իր զուլալ համբոյրին…

Ինծի համար
Խորհրդանիշն էր ան Ուժին ու Կեանքին…
Ու ես հաւատքն ունէի իր անմահութեան…
Փոթորիկին դէմ իր քրքիջով`
Ան մտածումըս կը հանէր լեռնէ մը վեր…

Անցեալ աշնան,
Օր մը յանկարծ մարդեր եկան
Խորն ամայի այն դաշտերուն,
Կացիններով, պարաններով…
Ուրուականնե՞ր էին կարմիր.-
Կը խնդային վհուկի պէս…

Հսկայ մուրճովն իր արեւուն
Աստուած դարե՜ր աշխատեր էր անոր համար:
Այդ մարդերուն
Քանի մը ժամը բաւեց
Զայն խլելու իր յոգնաբեկ բազուկներէն…

Իր մահէն ետք
Ա՛լ չգացի, երբ փոթորիկն եղաւ մռայլ,
Խորն ամայի դաշտերուն.
Մտածումըս իջեր էր վա՜ր Լեռներէն…

Հիմա աղուոր գարուն է.
Եւ անցեալ օր,
Մղում մ՛յամառ նորէն քայլերս ուղղեց հո՛ն,
Խորն ամայի այն դաշտերուն.
Եւ յուզումէս ինկայ ծունկի…

Կացինահար ծառն էր նման շիրմաքարի
– Սեւ գերեզման մը խոժոռ-
Բայց իր կողէն`
Արծուաթըռիչ նիզակներու խրոխտանքով`
Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք:

Անոնց մէջէն
Նորափետուր թռչուններ ե՜րգ կ՛երգէին…

ՄԱԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

Այսօր (9 ապրիլ ,1924) բանաստեղծ Մաթէոս Զարիֆեանի մահուան յիշատակի օրն է:

 

 

 

 

 

 

Leave a Comment