ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի 31 մարտին հայրենի «Հետք»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ Լիբանանը յայտնուած է տարածաշրջանային պատերազմի ամէնէն թէժ կէտերէն մէկուն մէջ:
Լրագրող Մարինէ Մարտիրոսեանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին երեսփոխանը դիտել տուաւ, որ չորրորդ շաբաթն ըլլալով` իսրայէլական յարձակումները կը շարունակուին Լիբանանի հարաւի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը շիի համայնքին կը պատկանի: Իսրայէլ կը թիրախաւորէ նաեւ այն շրջանները, ուր կը կասկածի` Հըզպալլայի ղեկավարներ կը գտնուին կամ կը կատարուի զինամթերքի փոխադրութիւն:
Պատերազմին պատճառով, ըստ Յակոբ Բագրատունիի, Լիբանանի մէջ կայ 1,2 միլիոն գաղթական, որոնցմէ 370 հազարը երեխաներ են: Լիբանանի մէջ զոհերուն թիւը հասած է 1270-ի, վիրաւորներունը` 3760-ի:
Երեսփոխանին համաձայն, Իսրայէլի հիմնական նպատակը Լիբանանի հետ սահմանին ապահովական գօտի ստեղծելն է, եւ հրէական պետութեան զինուորականները աւելի քան 10 օրէ ի վեր ցամաքային ներխուժում կը կատարեն Լիբանանի տարածքին մէջ, որպէսզի վերջինիս հարաւային շրջանները դառնան անմարդաբնակ, հետագային ժողովուրդը չկարենայ վերադառնալ, իսկ իրենք ներթափանցեն մինչեւ 8-9 քիլոմեթր:
Ասիկա, ըստ Բագրատունիի, Իսրայէլի համար տասնամեակներու ծրագիր է:
Լիբանանցիներուն վիճակին վերաբերեալ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ տարհանուածները տեղաւորուած են տարբեր, նաեւ` հայաշատ շրջաններու մէջ:
Լրագրողը կը նշէ, որ Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեան նախապէս «Հետք»-ին յայտնած էր, որ Այնճարը եւս ապաստան տուած է շուրջ 1000 գաղթականներու:
Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ Իսրայէլ կը թիրախաւորէ այն բոլոր վայրերը, ուր գիտէ կամ կը կասկածի դիմադրութեան շարժման գրասենեակներու գոյութեան կամ ղեկավար անձերու ներկայութեան մասին:
«Իսրայէլը ոչ մէկ տարբերութիւն կը դնէ իր թիրախներուն միջեւ. սպաննուեցան` պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողներ, շտապ օգնութեան աշխատակիցներ, սկաուտական շարժման ղեկավարներ, որոնք իրենց առաքելութեան մէջ էին, կը փորձէին օժանդակել գաղթականներուն կամ տուժածներուն: Այս բոլորը կը կատարուին` ի տես եւ ի լուր միջազգային հանրային կարծիքի, որ իսրայէլական յարձակումները չի դատապարտեր: Կը դատապարտուի զոհը, որ կը դիմադրէ իսրայէլեան կամ ամերիկեան ներխուժումին», նշեց ան:
Պատասխանելով 1978-էն ՄԱԿ-ի խաղաղապահ զօրակազմի (ՖԻՆԻՒԼ) Լիբանանի մէջ ներկայութեան եւ անոր զսպող գործօն ըլլալ-չըլլալու մասին «Հետք»-ի հարցումին` Բագրատունի նշեց, որ մէկ կողմէ խաղաղապահներուն առաքելութիւնը նախ սահմանային իրավիճակի հսկողութիւնն է, միւս կողմէ` առաջին անգամը չէ, որ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը կը թիրախաւորուին: Երեսփոխանը ըսաւ, որ այս բոլորին միջազգային արձագանգը եղած է առաւելագոյնը դատապարտումներու տեսքով, բայց զսպող գործողութիւններ չեն ձեռնարկուած:
Մարտի վերջին Իսրայէլի հարուածներէն ՄԱԿ-ի 3 խաղաղապահներ զոհուեցան, քանի մը ուրիշներ ալ վիրաւորուեցան: Զոհերը եղած են Ինտոնեզիոյ քաղաքացիներ: Ինտոնեզիան դատապարտեց կատարուածը: Իսրայէլն ալ յայտարարեց, թէ` դեռ պէտք է պարզել` խաղաղապահները զոհուած են իսրայէլեա՞ն բանակի, թէ՞ Հըզպալլայի հարուածներուն պատճառով: Նման ձեռագիր ծանօթ է Յակոբ Բագրատունիի:
«Ինչպէս առաջին հարուածը, զոր Միացեալ Նահանգներ հասցուցին Իրանի մէջ աղջիկներու վարժարանին եւ ըսին, թէ հետաքննութիւն պէտք է կատարուի: Ինչո՞ւ Հըզպալլան պիտի հարուածէ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն: Տեսած ենք, թէ միջազգային հետաքննութիւնները ո՛ւր կը հասցնեն: Ան, որ իր ձեռքին ունի լրատուամիջոցներ, զէնք, զինամթերք եւ քաղաքական լծակներ, յաղթած դուրս կու գայ», դիտել տուաւ քաղաքական գործիչը:
Ըստ Յակոբ Բագրատունիի, վերլուծումներն ու առկայ տեղեկութիւնները կը յուշեն, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ Լիբանան ներխուժելու իր ծրագիրը: Իսրայէլը թէեւ ծանր հակահարուած կը ստանայ մարտադաշտին վրայ, սակայն բանակցային ուղիով պատերազմը կասեցնելու խօսակցութիւնները շօշափելի արդիւնքի չեն յանգեցներ: Իրավիճակը կը մնայ ծանր եւ անորոշ:
Լիբանանահայերու վիճակին անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, թէ ինչպէս հայերը, նոյնպէս ալ Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդը պատերազմական իրողութեան հետ հաշտուելու որոշ դիմադրականութիւն ունին: Ան դիտել տուաւ, որ հայաշատ թաղամասերուն մէջ կեանքը բնականոն ընթացքի մէջ է, դպրոցները կը գործեն:
Ան աւելցուց, որ պատերազմէն տուժած շրջաններէն դուրս, շաբաթավերջին կեանքը աշխուժ է. «Վարժուած ենք, այնքան ատեն որ թիրախաւորում չկայ: Բնական է, որ որոշ մտավախութիւններ կան, սակայն պէտք է ըսել, թէ տակաւին աշխուժ ենք. թէ՛ միութենական, թէ՛ համայնքային եւ թէ՛ քաղաքական կառոյցները աչալուրջ են, որ կեանքը բնականոն ձեւով շարունակուի ու հիասթափութիւններ տեղի չունենան: Ճիշդ է` վախը կայ, մտահոգութիւնները կան, բայց տակաւին ճիգ կը թափենք, որ այս կացութեան մէջ կարենանք ոտքի մնալ», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի: