Յայտարարութիւններ (3 Ապրիլ 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 5 ապրիլ 2026-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղէ

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Սկիզբ սուրբ պատարագի` ժամը 10:00-ին
Հայրապետական պատգամ` ժամը 11:00-ին

Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու սուրբ պատարագին, լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը եւ վերանորոգուելու Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խորհուրդով ու պատգամով:

ԾԱՆՕԹ:

Վեհափառ հայրապետը զատկական շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի սուրբ պատարագէն անմիջապէս ետք` մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00, ինչպէս նաեւ երկուշաբթի, 6 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00, վեհարանին մէջ:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

(ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ)

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ/4 Ապրիլ 2026
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
– Ճրագալոյցի ժամերգութիւն` ժամը 16:00-ին
– Ճրագալոյցի սուրբ պատարագ` ժամը 17:00-ին

ԶԱՏԻԿ- ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ/5 Ապրիլ 2026
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
– Հայրապետական սուրբ պատարագ` ժամը 10:00-ին
– Հայրապետական պատգամ` ժամը 11:00-ին

ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ/6 Ապրիլ 2026
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
– Մեռելոցի սուրբ պատարագ` ժամը 10:00-ին

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման կարգի սրբազան արարողութիւնը պիտի կատարուի Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:

Արարողութեան պիտի նախագահէ եւ օրուան պատգամը փոխանցէ`

ԳԵՐՊ. Տ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ Ծ. ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

————————————–

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԹԱՓՕՐ

Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2026-ին, մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւնը պիտի կատարուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Եկեղեցական արարողութեան եւ թափօրին պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Ժամերգութիւն`    ժամը 4:30-ին

Յետ եկեղեցական արարողութեան թաղման հանդիսաւոր թափօր պիտի կատարուի` մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին եւ ժողովուրդին:

Կոչ կ՛ուղղենք հաւատացեալ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` մասնակից դառնալու եկեղեցական ժամերգութեան եւ թաղման թափօրին ու զօրանալու մահով յարութիւն կերտած Քրիստոսի խաչով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

————————————–

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 5 ապրիլ 2026-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՕՇԻՆ ՎՐԴ. ՉՈՒԱԼԵՐԹԱՆԵԱՆ

Ժամերգութիւն`    ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ`   ժամը 10:00-ին
Քարոզ`               ժամը 11:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

————————————–

Leave a Comment