
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Անի Տէմիրճեան եւ զաւակները` Քրիստոֆ եւ Նիքոլա
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Լարա Ագըլեան եւ զաւակը` Ճոնի
Տիկին Ոսկի Տէմիրճեան եւ զաւակը` Մարք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Ճուլի Ֆրենկիւլ
Ագըլեան եւ Տէմիրճեան ընտանիքներ
Չէլիքօղլու եւ Օլմեզօղլու ընտանիքներ
Հաքիմեան եւ Ֆրենկիւլ ընտանիքներ
Ապպուտ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`
ՄԵԼԻՆԷ ԱԳԸԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՉԷԼԻՔՕՂԼՈՒ, Պոլիս)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 30 մարտ 2026-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 2 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ վերջ, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
————————————–
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
(ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ)
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ/2 Ապրիլ 2026
– Կարգ ապաշխարողաց` ժամը 8:00-ին
– Սուրբ Հաղորդութեան պատարագ` ժամը 10:00-ին
– Կարգ ոտնլուայի` ժամը 16:00-ին
– Կարգ չարչարանաց (Խաւարման գիշեր)` ժամը 19:30-ին
ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ/3 Ապրիլ 2026
– Կարգ խաչելութեան` ժամը 8:00-ին
– Կարգ թաղման` ժամը 16:00-ին
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ/4 Ապրիլ 2026
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
– Ճրագալոյցի ժամերգութիւն` ժամը 16:00-ին
– Ճրագալոյցի սուրբ պատարագ` ժամը 17:00-ին
ԶԱՏԻԿ- ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ/5 Ապրիլ 2026
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
– Հայրապետական սուրբ պատարագ` ժամը 10:00-ին
– Հայրապետական պատգամ` ժամը 11:00-ին
ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ/6 Ապրիլ 2026
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
– Մեռելոցի սուրբ պատարագ` ժամը 10:00-ին
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
————————————–
ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն:
Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն արարողութեան, լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ
Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի պիտի ունենայ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՎԱՀՐԻՃ ՎՐԴ. ՂԱՐԱԽԱՆԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու արարողութեան եւ օրուան պատգամին:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման կարգի սրբազան արարողութիւնը պիտի կատարուի Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Արարողութեան պիտի նախագահէ եւ օրուան պատգամը փոխանցէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ Ծ. ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 5 ապրիլ 2026-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՕՇԻՆ ՎՐԴ. ՉՈՒԱԼԵՐԹԱՆԵԱՆ
Ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Կիրակի, 5 ապրիլ 2026-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղէ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Սկիզբ սուրբ պատարագի` ժամը 10:00-ին
Հայրապետական պատգամ` ժամը 11:00-ին
Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու սուրբ պատարագին, լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը եւ վերանորոգուելու Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խորհուրդով ու պատգամով:
ԾԱՆՕԹ:
Վեհափառ հայրապետը զատկական շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի սուրբ պատարագէն անմիջապէս ետք` մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00, ինչպէս նաեւ երկուշաբթի, 6 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00, վեհարանին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–