Ֆիֆայի Միջազգային Բարեկամական Մրցումներուն. Հայաստան – Պիելոռուսիա` 1-2

Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը Երեւանի մէջ բարեկամական փորձ մրցումի մը ընթացքին 1-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պիելոռուսիոյ դէմ:

8-րդ վայրկեանին իսկ, Եւգենի Եապլոնսքի գլխու հարուածով նշանակեց Պիելոռուսիոյ կոլը: 72-րդ վայրկեանին Պիելոռուսիա կոլ մը եւս նշանակեց շնորհիւ Կերման Պարքովսքիի: Հայաստանի միակ կոլը նշանակեց Վահան Բիչախչեան` փենալթիով, 88-րդ վայրկեանին:

Մեծ թիւով կոլ նշանակելու առիթներ ստեղծեց Հայաստան, որ բաւական փորձառութեան պէտք ունի, մանաւանդ որ այս փորձ մրցումին մեծ թիւով նորեկներ իրենց առաջին մասնակցութիւնը բերին ազգային խումբի շապիկով:

Պէտք է նշել նաեւ, որ խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան եւ այլ միջնապահ մը` Ուկոչուքվու Իվու, վիրաւոր ըլլալով չմասնակցեցան այս մրցումին:

Եղիշէ Մելիքեանի տղաքը նոր խաղաոճով ներկայացան 4-2-3-1 ձեւով, ուր Գէորգի Յարութիւնեան եւ Տիգրան Աւանէսեան խաղցան կեդրոնի երկու դիրքերուն վրայ: Պահեստի մարզիկներ Գոռ Մանուէլեան ու Արթուր Սերոբեան` զանոնք փոխարինելով, շատ աւելի լաւ ելոյթ ունեցան:

Առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցան Խուլիօ Պուենօ, Նարէկ Յովհաննիսեան, Ֆինն Կիրակուսեան, Կարլեն Յովհաննիսեան եւ Արթուր Ասկարեան:

 

Leave a Comment