Թրամփ. «Այս Շաբաթ Իրանի Հետ Գործարք Կնքելու Կարելիութիւն Կայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կիրակի օր յայտարարեց, թէ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմը փոփոխութիւն յառաջացուց իրանեան վարչակարգին մէջ` նոյն ատեն պնդելով, որ իրանցիներուն հետ «համաձայնութիւն մը» պիտի կնքէ:

Թրամփ նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Կը կարծեմ, թէ անոնց հետ համաձայնութիւն պիտի կնքենք, ատկէ վստահ եմ: Սակայն վարչակարգին մէջ փոփոխութիւն մը տեսանք»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս շաբաթ Իրանի հետ համաձայնութիւն մը կը նախատեսէ՞, Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց. «Այո՛, այդ կարելիութիւնը կը տեսնեմ, եւ ատիկա կրնայ մօտ օրէն տեղի ունենալ»:

«Ան դիտել տուաւ, որ իրանցիները համաձայն գտնուեցան ամերիկեան կողմէ իրենց ներկայացուած 15 կէտերուն մեծամասնութեան, ինչ որ անոնց լրջութեան ցուցանիշ է», շեշտեց ան:

«Կ՛աշխատինք տարբեր անձերու հետ, որոնց հետ նախապէս ոչ ոք աշխատած է: Ասիկա ամբողջովին տարբեր անձերու խումբ մըն է, ուստի վարչակարգին մէջ փոփոխութիւն կը նկատեմ», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ըստ անոր, դժուար է կանխատեսել, թէ Իրանի հետ հարցերը ինչի՛ պիտի յանգին: «Մենք անոնց հետ կը բանակցինք` պահպանելով անհրաժեշտութեան պարագային անոնց հարուած հասցնելու ընտրանքը:

«Միացեալ Նահանգներ Իրանի հետ բանակցեցան 20 քարիւղատարներու Հորմուզի նեղուցէն անցման շուրջ: Մեզի միայն 20 քարիւղատար տուին, կը կարծեմ` յարգանքէ մեկնելով: Մեծ քարիւղատարներ Հորմուզի նեղուցէն պիտի անցնին, եւ ատիկա վաղը առտու պիտի սկսի եւ քանի մը օր տեւէ», շեշտեց ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի նշեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ մինչեւ հիմա որեւէ ուղղակի բանակցութիւն չկատարեցինք»:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պաղայի յայտնած է, թէ «միջնորդներու ճամբով պատգամներ ստացանք Միացեալ Նահանգներու բանակցելու փափաքին վերաբերեալ:

Թրամփ կիրակի գիշեր «Ֆայնանշըլ Թայմզ» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց, որ ամերիկեան բանակը «մեծ դիւրութեամբ» կրնայ գրաւել Խարք կղզին, որ Իրանի համար նաւթային կենսական վայր է:

Պատասխանելով կղզիի վրայ իրանեան պաշտպանութեան կացութեան շուրջ հարցումի մը` Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ. «Թերեւս Խարք կղզին գրաւենք, թերեւս ոչ: Չեմ կարծեր, թէ որեւէ պաշտպանութիւն ունին: Զայն մեծ դիւրութեամբ կրնանք գրաւել»:

Աղբիւրներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկրի դաշնակիցներուն փոխանցած է, թէ Իրան չի կրնար հիւլէական նիւթ պահպանել:

Ան նաեւ նշած է, թէ բանակցութիւններու ձախողութեան պարագային կարելի է իրանեան իւրանիոմը գրաւել:

«Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդեց, որ ամերիկեան յատուկ գործողութիւններու ուժերու հարիւրաւոր անդամներ Միջին Արեւելք հասած են:

Օրաթերթը նաեւ նշեց. «Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկացի զինուորներուն թիւը շրջանցեց 50 հազարը»:

Իսրայէլեան Քնեսթեթը երէկ արշալոյսին որդեգրեց 2026 թուականի պետական ամավարկը, որուն ծիրին մէջ շուրջ 10 միլիառ տոլարով աւելցուց պաշտպանութեան նախարարութեան պիւտճէն` զայն հասցնելով 142 միլիառ շեքելի:

Ամավարկը որդեգրուեցաւ 62 թեր եւ 55 դէմ քուէներով:

Աղբիւրներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեցին. «Պատերազմի սկիզբէն ի վեր զինամթերքներով բեռցուած աւելի քան 200 օդանաւեր հասան Իսրայէլ»:

Օրաթերթը նաեւ նշեց. «Ռազմարդիւնաբերութեան ընկերութիւնը հակաօդային հրթիռներու իր արտադրութիւնը եռապատկեց»:

Իսրայէլի առողջապահութեան նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վիրաւորուած են 232 իսրայէլացիներ, որոնցմէ երկուքին վիճակը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ այսպիսով պատերազմի սկիզբէն ի վեր վիրաւորներուն թիւը բարձրացած է 608-ի, որոնցմէ 121-ը տակաւին հիւանդանոցներու մէջ դարմանումի կ՛ենթարկուին:

Իրանեան հրամանատարութեան կեդրոնական «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնատեղիի բանբեր Իպրահիմ Զուլֆիքարի յայտարարեց. «Շրջանին մէջ եւ բռնագրաւուած հողերուն վրայ ամերիկացի ու սիոնական ղեկավարներու եւ պաշտօնատարներու կեցութեան վայրերը պիտի թիրախաւորենք` հակադարձելով քաղաքացիներու տուներու թիրախաւորման»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սայետ Մոջթաբա Խամենէի երէկ հաղորդագրութեամբ մը գուժեց Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժի հրամանատար Ալի Ռիտա Թանքսիրիի մահը:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց հինգշաբթի օր յայտարարած էր. «Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժի հրամանատար Ալի Ռիտա Թանքսիրին ահաբեկեցինք»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը երէկ պաշտօնապէս գուժեց անոր մահը:

Սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթը` մէջբերելով զինուորական աղբիւրներ, հաղորդեց, որ Սպանիան, զինուորական միացեալ ռազմակայանները Իրանի դէմ յարձակումներու շղթայազերծման համար օգտագործումը մերժելու իր որոշումէն անդին երթալով, իր օդային տարածքը փակած է Իրանի վրայ յարձակումներուն մասնակից ամերիկեան օդանաւերուն դիմաց:

Սիսի Թրամփին. «Քեզմէ Զատ Ոչ Ոք Կրնայ Պատերազմը Դադրեցնել»

Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթթահ Սիսի յայտնեց. «Ոչ ոք կասկածի տակ կ՛առնէ Միացեալ Նահանգներու ուժը, ուստի Միացեալ Նահանգներու խաղաղասէր նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ կ՛ուղղեմ` Իրանի մէջ ներկայ պատերազմը դադրեցնելու»:

«Քեզմէ զատ ոչ ոք կրնայ պատերազմը դադրեցնել», ըսաւ Սիսի` խօսքը ուղղելով Թրամփին:

«Ծոցի շրջանին մէջ կայունութեան վերականգնումն ու պատերազմին վերջ տալը շատ կարեւոր են` նկատի ունենալով ուժանիւթի համաշխարհային շուկային վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները», յայտնեց Եգիպտոսի նախագահը:

«Ներկայ պատերազմը քարիւղի միջազգային ընկերութիւններուն  վրայ աւելի ազդեցութիւն ունի, քան ռուսական պատերազմը կամ «Քորոնա»-ի ճգնաժամը», յայտնեց Սիսի:

Իսլամապատի Մէջ Քառակողմ Հանդիպում

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Փաքիստան Իրանի դէմ պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւններ վարած է Թուրքիոյ, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ:

Նախնական քննարկումները կեդրոնացած են Հորմուզի նեղուցը նաւարկութեան համար վերաբանալու առաջարկներուն վրայ:

Նշեալ չորս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընին ներկայացուցած են առաջարկներ, որոնք կը վերաբերին ծովային հաղորդակցութեան եւ Հորմուզի նեղուցի բացման:

Փաքիստանեան երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ Թուրքիան, Եգիպտոսը եւ Սէուտական Արաբիան կրնան ջրային ճամբով քարիւղի հոսքերը կառավարելու միջազգային համաձայնութիւն ստեղծել եւ Փաքիստանէն խնդրած են անոր մասնակցիլ:

Պորուժերտի. «Ժամանակն Է Դուրս Գալու Հիւլէական Զէնքի Չտարածման Պայմանագրէն»

Իրանի պետական պատկերասփիւռը հաղորդեց, որ Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի անդամ Ալաոտտին Պորուժերտին յայտարարած է, թէ Իրանի համար ժամանակն է դուրս գալու Հիւլէական զէնք չտարածելու պայմանագիրէն:

«Մենք հիւլէական զէնք ստեղծելու չենք ձգտիր, սակայն մենք չենք պատրաստուիր խաղի կանոններուն հետեւելու եւ անոնց` մեզ ռմբակոծել արտօնելու», ընդգծած է Պորուժերտի:

Քըրքաշ. «Իրանեան Պետական Լրատուամիջոցներու Հռետորաբանութիւնը Բանականութենէն Ու Իրականութենէն Հեռու Է»

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի խորհրդական Անուար Քըրքաշ յայտնեց. «Իրանեան պետական լրատուամիջոցներու հռետորաբանութիւնը միամտական է եւ քարոզչական, հեռու բանակութենէն ու իրականութենէն: Անիկա կը յիշեցնէ անցեալ դարաշրջանի կարգախօսներու լեզուն, որ ուղղուած է միայն կուսակցականներուն:

«Այս հռտորաբանութիւնը որեւէ կապ չունի գետնի վրայ տեղի ունեցողին հետ` հաշուի առնելով լուսաբանման պակասը, համացանցի անջատումները եւ հաւաստիութեան կորուստը»:

«Ինչպէս բազմիցս յայտնեցինք, պատերազմներու մէջ լրատուական հռետորաբանութիւնը վճռական կը մնայ, եւ անոր հաւաստիութիւնը հիմնական է», աւելցուց Քըրքաշ:

Բրիտանիոյ Վարչապետ. «Իրանի Պատերազմը Մեր Պատերազմը Չէ, Ուստի Անոր Մէջ Պիտի Չներքաշուինք»

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր նշեց. «Երկու ճակատներու վրայ պատերազմ կը դիմագրաւենք` Ուքրանիոյ պատերազմը եւ Իրանի պատերազմը»:

«Մեր դիրքորոշումը հաստատ է. Իրանի մէջ եղածը մեր պատերազմը չէ, եւ անոր մէջ պիտի չներքաշուինք»:

«Ճնշումներուն ականջ պիտի չտանք, ինչ ալ ըլլայ անոր աղբիւրը: Շրջանին մէջ մեր դաշնակիցներն ու մեր շահերը պիտի պաշտպանենք»:

Պելճիքան Պիտի Միանայ Հորմուզի Նեղուցի Ճամբով Անցքը Երաշխաւորել Փափաքողներու Դաշինքին

Պելճիքայի պաշտպանութեան նախարար Թէօ Ֆրանքըն յայտարարեց. «Պելճիքան պիտի միանայ Հորմուզի նեղուցի ճամբով անցքը երաշխաւորել փափաքողներու դաշինքին»:

«Ֆրանսայի եւ կամաւոր մնացեալ բոլոր գործընկերներուն հետ կը միտինք այդ ռազմավարական նպատակը իրագործել անմիջապէս, որ շրջանին մէջ պայմանները այդ մէկը արտօնեն, օրինակ` երբ զինադադար հաստատուի», ըսաւ ան` շեշտելով. «Նաւարկման ազատութիւնը անհրաժեշտ է մեր անվտանգութեան ու տնտեսական կայունութեան համար»:

Հայֆայի Քարիւղի Զտարանը 2-րդ Անգամն Ըլլալով Հարուած Ստացաւ

Հայֆայի քարիւղի զտարանին մէջ հրդեհ յառաջացաւ, երբ Հայֆայի ճարտարարուեստական շրջանը իրանեան հրթիռային յարձակումի ենթարկուեցաւ:

Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը հաղորդեց, որ 10 հրթիռներ հարուածած են Հայֆան ու անոր ծոցը եւ ինկած են քարիւղի համալիրին ու Քիրիաթ Աթայի ու Ամրոյի մէջ երկու շէնքերու վրայ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը նշեց. «Հայֆայի քարիւղի զտարանը 2-րդ անգամն ըլլալով հարուած ստացաւ»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ հրշէջները կը պայքարին Հայֆայի ծոցին մէջ ճարտարարուեստական շէնքի մը եւ վառելանիւթ փոխադրող մեքենայի հասած վնասներուն դէմ:

Միւս կողմէ` իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Թել Աւիւի սակարանը անկում արձանագրեց, իսկ անոր գլխաւոր ցուցանիշը 2 առ հարիւրի անկում կրեց:

Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Քուէյթեան Ուժերու Ճամբարին Դէմ Իրանեան Յարձակումը

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ժասեմ Մոհամետ Պըտիաուի բուռն կերպով դատապարտեց քուէյթեան զինեալ ուժերու ճամբարին դէմ իրանեան յարձակումը, որ պատճառ դարձաւ քուէյթցի տասը զինուորներու վիրաւորուելուն:

Ան իրանեան յարձակումը նկատեց Քուէյթի եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն նկատմամբ Իրանի թշնամական մտադրութիւններուն բացայայտ ապացոյց մը եւ Քուէյթի գերիշխանութեան մեծ ոտնահարում մը, «նաեւ կը նկատուի վտանգաւոր մագլցում մը, որ կը վտանգէ շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը»:

 

 

Leave a Comment