Մանուէլ Նոյըր Բերդապահներու Պատմութեան Մէջ Նոր Էջ Մը Բացաւ

Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին եւ Պայերն Միւնիխի այժմու բերդապահ Մանուէլ Նոյըր 40 տարեկանը բոլորեց քանի մը օր առաջ:

Գերմանացի լրագրող Եուլիան Վոլֆ յօդուածով մը անդրադարձած է իր փորձառութեան մասին, երբ 2011-ին սկսած էր թղթակիցի իր ասպարէզը ճիշդ այդ պահուն, երբ Մանուէլ Նոյըր միացաւ Պայերն Միւնիխի: Տուեալ յօդուածին վրայ հիմնուելով անդրադարձ կը կատարենք Մանուէլ Նոյըրի մարզական ուղիին:

Նոյըր, որ Շալքէի սան էր եւ մինչեւ 25 տարեկան մնաց Կելզենքիրշընի շրջանի ակումբին հետ, շատ բարդ ձեւով սկսած էր ասպարէզը Պայերն Միւնիխի հետ:

Ան յաճախ մրցումէն ետք կը բարձրանար Շալքէի «Ուլթրազ» «տաք» եւ ծայրայեղ համակիրներուն թրիպիւնը, երեւոյթ մը, որ կրնար վատ ազդեցութիւն ունենալ Պայերնի հետ իր ապագային վրայ:

Համակիրներ Նոյըրի դէմ պաստառներ կը բարձրացնէին Պայերնի մրցումներուն ընթացքին: Նոյըրի միանալը քաղաքական լուրջ հարցի նման էր, եւ օրուան նախագահ Ուլի Հէօնէս քննադատութեան կ՛ենթարկուէր: Իրենց առաջին մարզական հաւաքէն առաջ, Խաղաղութեան սեմինար մը տեղի ունեցաւ խմբապետ Ֆիլիփ Լամի, ակումբին վարչական պատասխանատուներու, համակիրներու խմբակներու պատասխանատուներու ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յանձնախումբի մասնագէտի մը ներկայութեան: Վոլֆկանկ Սալեվսքի 1977-ին ոստիկանութեան հոգեբան եւ գերիներու պարագաներու խորհրդակից մըն էր, որ օգնած էր պատանդներու փրկութեան, երբ «Լուֆթանզա» օդանաւը Մոկատիշու առեւանգուած էր:

Հիմա` 15 տարի ետք, այդ բոլորը մոռցուած են եւ արդէն իսկ ան դարձած է Պունտըսլիկայի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն մէկը:

2011-էն ի վեր Մանուէլ Նոյըր 5 անգամ ընտրուած է Տարուան լաւագոյն բերդապահ, 12 անգամ եղած է Պունտըսլիկայի տիտղոսակիր, երկու անգամ թրիպըլ շահած, եւ աշխարհի ախոյեան Գերմանիոյ հետ: Ան երկար ժամանակէ կը վայելէ Պայերնի համակիրներուն սէրը:

Պայերն Միւնիխի միանալէն քանի մը ամիս առաջ, Նոյըր Շալքէի հետ հերոսական ելոյթ ունեցած էր Չեմփիընզ լիկի կիսաւարտականին` Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ (0-2), որմէ ետք «Կարմիր սատանաներ»-ու պատմական մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսըն ըսած էր, «Նոյըր սքանչելի էր: Շատ հաւանաբար մեզի դէմ խաղացած ոեւէ բերդապահի ամէնէն լաւ ելոյթն էր»:

Իտալացի պատմական բերդապահ Ճիանլուիճի Պուֆոն իր կարգին խրատեց Նոյըրի, որ մնայ եւ շարունակէ այնքան ատեն որ հանգիստ կը զգայ:

Նոյըրի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս ամրան եւ տակաւին ան չէ որոշած` պիտի շարունակէ՞ կա՞մ լքէ ֆութպոլը:

Մ. Նոյըր, որ պարզ բերդապահ չէ, եւ այդ մէկը փաստած է զանազան առիթներով, նոր ձեւի բերդապահ մը եղաւ վերջին 10-12 տարիներուն` իբրեւ գնդակով խաղացող բերդապահ, Լիպերօ բերդապահ, գնդակ բաժնող բերդապահ, այդ պատճառով ալ լոկ գնդակ զսպող պարզ բերդապահներու հետ կարելի չէ բաղդատել զայն:

Իւրայատուկ այս բերդապահին անմոռանալի ելոյթներէն մէկն էր 2014-ի մոնտիալին` Ալճերիոյ դէմ խաղը, ուր ան 5-6 զոյգ առիթներ փրկեց` դուրս գալէ ետք մեծ քառակուսիէն: Նոյըրի բերդապահի մարզիչ Անտրէաս Քէօփքէ ըսած է. «Շատ հազուադէպ է, որ աւելի լաւ Լիպերօ մը տեսնեմ, Թերեւս Ֆրանց Պեքընպաուըր աւելի լաւ էր միայն»:

Նոյըրի «համարձակ» ֆութպոլը նոր էջ բացաւ բերդապահներու պատմութեան մէջ:

Նոյնիսկ սպանացի Իքեր Քասիյաս եւ Պուֆոն, որոնք Նոյըրի նման 5-ական անգամ ընտրուած են Լաւագոյն բերդապահ, գիտեն, թէ Նոյըր տարբեր է: Պուֆոն զրոյցի մը ընթացքին խոստովանած է այդ մէկը. «Մենք կ՛ընենք մեր պարտականութիւնը, բայց Նոյըր ուրիշ բաներ ալ կ՛ընէ»:

Նոյըր շատ անգամ մեծ քառակուսիէն դուրս գալէ անկախ, խաղի կը բերէ մրցակիցներ, երկար ճշգրիտ փոխանցումներ կը կատարէ իր խմբակիցներուն եւ մինչեւ իսկ աութ կը նետէ դաշտին ծայրէն` ժամանակ շահելու նպատակով:

Նոյըր միայն դաշտին վրայ չէ, այլ դաշտէն դուրս նոյնքան աշխատանք կը տանէր, ինքզինք աւելի եւս բարելաւելու, ինչպէս նաեւ ինքզինք վերագտնելու համար շատ անգամներ վիրաւորուելէ ետք: Ան նոյնիսկ ինքզինք զրկած է որոշ ձուկի տեսակներէ` մարմինը աւելի շուտ վերագտնելու նպատակով, նկատի ունենալով, որ թունա կամ սալմոն ձուկերը շատ մետաղներ կը պարունակեն:

Յատկանշական է, որ Մ. Նոյըր նոյնիսկ դէմքի մորթի քաղցկեղ ալ ունեցած եւ բուժուած է պայքարելով անոր ալ դէմ: Ան իր ազատ ժամերուն հեծելարշաւի երկար պտոյտներով ինքզինք կը բուժէ` դուրս մղելով ամէն ժխտական զգացում:

Վստահ Մանուէլ Նոյըրի նման մարզիկներ շատ լաւ օրինակ կրնան դառնալ յաջորդող սերունդներուն եւ մարզական պատմութեան մէջ իրենց անունը պիտի դրոշմեն:

 

Leave a Comment