Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ կը մերժէ Լիբանանը շրջանի պատերազմներու բաց դաշտի վերածելը` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի հետ պէտք է «տրամաբանութեամբ» բանակցիլ` քննադատելով «մերժման սիրոյն բանակցութեան մերժումը»:
Ան մերժեց բանակցութիւններու սկսելու համար իսրայէլեան ցուցմունքներն ու պայմանները` նշելով երկխօսութեան եւ ներքին անվտանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Պատասխանելով հարցումի մը` Ժոմպլաթ ընդգծեց. «Մենք իսրայէլեան կառավարութեան մօտ պաշտօնեայ չենք, եւ այսօր մեր պարտականութիւնը երկխօսութիւնը, ներքին ապահովութիւնն ու տեղահանուածներու հարցերու լուծումն են»:
Ան հերքեց զինեալ տիւրզի շէյխերու գոյութիւնը` ըսելով. «Ոչ ոք զինուած է, մենք պետութեան եւ ապահովական մարմիններու պաշտպանութեան կը դիմենք»: