Մըթրի. «Լիբանանի Բանակցելու Կոչը Մինչեւ Հիմա Ընդառաջումի Չարժանացաւ»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի յայտնեց, որ Լիբանանի բանակցելու կոչը մինչեւ հիմա ընդառաջումի չարժանացաւ:

Ան նշեց, որ Լիբանանը ակամայ պատերազմի մէջ ներքաշուեցաւ, եւ կառավարութեան որոշումը չէ փոխուած:

Միւս կողմէ, Մըթրի նշեց, որ սուրիական բանակը Լիբանանի հետ սահմանին վրայ նախազգուշական քայլեր որդեգրած է` ընդգծելով, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ չ՛ուզեր Լիբանանի հարցերուն միջամտել:

Leave a Comment