Փաքիստան Պատրաստ Է Իրան- Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները Հիւրընկալելու

Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ նշեց. «Փաքիստան կ՛ողջունէ եւ լիարժէք կերպով կ՛աջակցի ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին վերջ տալու նպատակով շրջանին մէջ եւ անկէ դուրս խաղաղութեան ու անվտանգութեան ծառայող երկխօսութիւն կատարելու համար թափուող ջանքերուն»:

«Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հաւանութեան պարագային Փաքիստան ամբողջովին պատրաստ է եւ պատիւը կ՛ունենայ հիւրընկալելու նպատակաուղղուած եւ վերջնական բանակցութիւններ ընթացող հակամարտութեան համապարփակ լուծումի հասնելու համար»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Պլումպըրկ»-ին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր խորհրդատու Ռոն Տերմերին պարտականութիւն տուած է ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւններուն հետեւելու:

«Տերմեր կը կեդրոնանայ Իրանի հիւլէական ծրագիրին եւ բարձր համեմատութեամբ հարստացուած 440 քիլոկրամ իւրանիոմի վերատիրացման վրայ», նշած է պաշտօնատարը:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին. «Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ համաձայնութեան հասնելու առիթները չափազանց քիչ են»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը գրեց. «Իրան ընթացող հակամարտութեան մէջ իր բանակցային դիրքորոշումը նկատառելի կերպով կարծրացուց ազգային որոշումի կայացման հոլովոյթին վրայ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ազդեցութեան աճին լոյսին տակ»:

Իրանեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Թեհրան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ որեւէ հաւանական բանակցութեան մէջ մտնելու, պայմանով, որ հիմնական պայմաններ ապահովէ:

«Այդ պայմանները կը ներառեն հետեւեալը. հակամարտութեան պաշտօնական վերջ տալ, ապագայ զինուորական յարձակումներու դէմ երաշխիքներ, պատերազմի վնասներու փոխհատուցումներ, Հորմուզի ռազմավարական նեղուցի վրայ վերահսկողութիւն»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Միջին Արեւելքի ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆին գաղտնաբար յայտնած է, թէ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէին բանակցութեան համաձայն է:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը թուի վճռած ըլլալ Իրանի հետ համաձայնութեան հասնիլ, սակայն նշած են, որ անհաւանական է, որ Թեհրան Ուաշինկթընի պահանջները ընդունի, ինչ որ գործարքի մը ձեռքբերումը կը բացառէ:

Ֆրանսական բանակի սպայակոյտի պետ Մանտօ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ վերածուած է դաշնակիցի մը, որուն վարմունքը կարելի չէ կանխատեսել, ինչ որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Ֆրանսայի եւ անոր անվտանգութեան վրայ:

«Մեր ամերիկացի դաշնակիցը մեզի անակնկալի բերաւ: Ան տակաւին մեր դաշնակիցն է, սակայն հետզհետէ անկանխատեսելի դարձաւ, եւ յանձն չ՛առներ մեզ տեղեակ պահել, երբ որոշէ զինուորական գործողութիւններ շղթայազերծել», ըսաւ Մանտօ:

«Աֆղանիստանի մէջ միջամտեցինք խնդրանքովը ամերիկացիներուն, որոնք հիմնուեցան դաշինքի (ՕԹԱՆ-ին, «Ա.») ուխտի հինգերորդ յօդուածին վրայ, ապա որոշեցին հեռանալ, առանց այդ մասին մեզ տեղեակ պահելու, իսկ այժմ կ՛որոշեն Միջին Արեւելքի մէջ միջամտել առանց մեզ տեղեակ պահելու: Բայց եւ այնպէս, ֆրանսական զինեալ ուժերը հետաքրքրողը շրջանէն անցնող ֆրանսացի քաղաքացիները պաշտպանելու կարելիութիւններ գտնելն է», աւելցուց ան:

Քաթար. «Միջնորդութեան Վերաբերեալ Քաթարեան Ուղղակի Ջանք Գոյութիւն Չունի»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, թէ իր երկիրը յստակօրէն կը նշէ պատերազմին դիւանագիտական ուղիով վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Ան նշեց, որ առնչակից կողմերու բանակցութեան սեղան ներկայանալը լաւագոյն ընտրանքը կը մնայ:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց, որ իր երկիրը տեւաբար կը զօրակցի դիւանագիտական լուծումներուն եւ այն բոլորին, որոնք կը ծառայեն պատերազմին քաղաքական ուղիով վերջ տալուն:

Ան նշեց, որ ներկայիս երկու կողմերուն միջեւ միջնորդութեան վերաբերող քաթարեան ուղղակի ջանք գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ ներկայիս կեդրոնացումը երկրի եւ անոր գերիշխանութեան պաշտպանութեան վրայ է:

Մոհամետ Պաքեր Զուլքատր Իրանի Անվտանգութեան Գերագոյն Խորհուրդի Քարտուղար

Իրանի նախագահի տեղեկատուութեան գրասենեակը յայտարարեց, որ Մոհամետ Պաքեր Զուքատր նշանակուած է Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար` յաջորդելով Ալի Լարիժանիի:

Գրասենեակը նշեց, որ ան այդ պաշտօնը պիտի ստանձնէ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Մոջթաբա Խամենէիի հաւանութենէն ետք:

Զուլքատր կը նկատուի Իրանի մէջ զինուորական եւ ապահովական կառոյցներուն ականաւոր դէմքերէն մէկը, որովհետեւ ան երկար տարիներ ծառայած է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին մէջ եւ եղած է որոշումի որդեգրման դիրքերու վրայ:

Գերմանիոյ Նախագահ. «Իրանի Դէմ Պատերազմը Միջազգային Օրէնքի Ոտնահարում Է»

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր բուռն կերպով քննադատեց Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու Իրանի դէմ սկսած պատերազմը` զայն նկատելով «միջազգային օրէնքի ոտնահարում»:

Շթայնմայեր պատերազմը որակեց «քաղաքական աղէտալի սխալ»:

«Անիկա պատերազմ մըն է, որմէ կարելի էր իրապէս խուսափիլ, եւ անհրաժեշտ չէ, եթէ անոր նպատակը Իրանին հիւլէական ռումբ ձեռք ձգելու ճամբան փակելն է», ըսաւ ան:

Գերմանիոյ նախագահը Գերմանիոյ եւ Եւրոպային կոչ ուղղեց` Միացեալ Նահանգներու հետեւորդութենէն ազատագրուելու եւ միջազգային օրէնքին կառչելու»:

 

 

 

 

Leave a Comment