Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Սարգիս Մահսէրէճեանի Կենսագրական Գիծերը
Սագօ Մահսէրէճեան
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեանի արտասանած սրտի խօսքը
Խօսք՝ Արտասանուած Սարգիս Մահսէրէճեանի Հոգեճաշին
Գէորգ Պետիկեան
Եղբօրս՝ Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին
Յովիկ Մահսէրէճեան
Սրտի Խօսք՝ Ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեանի Անմոռաց Յիշատակին
Սարօ Նազարեան
Փունջ Մը Ծաղիկ՝ Սագօ Մահսէրէճեանի Յիշատակին
ՔՆԱՐ ԳՈՐԹՈՇԵԱՆ
«Ազդակ»-Սագոն
Զ․ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Սագօ Մահսէրէճեանի Յիշատակին
ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐԵԱՆ
Մեծ Եւ Փայլուն Աստղը
Գէորգ Պետիկեան
Ի՜նչ Զարմանալի Զուգահեռներ…
Սարգիս Մահսէրէճեանի մեզի առաքած վերջին յօդուածը
Սագոն. Լրագրութեան Վարպետը
ԱՐՄԷՆ ԱՊՏԱԼԵԱՆ

Սարգիս Մահսէրէճեանի Կենսագրական Գիծերը

Ստորեւ կը ներկայացնենք Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Փետրուար 19ին տեղի ունեցած Սարգիս Մահսէրէճեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին հանգուցեալի եղբօր զաւակին՝ Շանթ Մահսէրէճեանի կողմէ ընթերցուած կենսագրականն ու սրտի խօսքը․

Սիրելի սգակիր հարազատներ, ընկերներ եւ բարեկամներ,

Այստեղ ենք, յարգանքի վերջին խօսք ըսելու մեզմէ առ յաւէտ բաժնուող ամուսինի մը, եղբօր եւ հօրեղբօր, մտաւորական ընկերոջ մը, դաստիարակի մը, եւ ազգին ու հայրենիքին նուիրեալ հայորդիի մը, որ կը կոչուի Սարգիս Մահսէրէճեան:

Հետեւեալ քանի մը տողերը հազիւ թէ կարենան ցոլացնել ամբողջութիւնը Սարգիսին, որուն իմացական ողջ կեանքը եղաւ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ճամբով, զոհաբերութիւն ազգին եւ հայրենիքին, հայ մամուլին եւ հայ մշակոյթին:

Սարգիսը ծնած էր 1950 Յունիս 11ին, Հալէպ, Սուրիա․ ան անդրանիկ զաւակն էր Մանուէլ եւ Ալիս Մահսէրէճեաններուն եւ ունէր փոքր եղբայր մը՝ Յովիկը:

Հալէպի Կրթասիրաց նախակրթարանէն վկայական ստանալէ ետք, 1 տարի կը յաճախէ Քարէ Եփփէ ճեմարան, որմէ ետք՝ 1964ին, ընտանեօք կը փոխադրուին Պէյրութ, ուր յաճախելով Պուրճ Համուտի Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, կը ստանայ իր երկրորդականի վկայականը, որմէ ետք՝ Հայկազեան քոլեճ, ուր հայագիտականի իր վկայականը կը ստանայ ձեռամբ Ուիլեըմ Սարոյեանի, որ ներկայ էր հանդիսութեան նշեալ քոլեճի տնօրէնութեան հրաւէրով:

Սագոյին դաստիարակները իրեն փոխանցած էին մեր գրականութեան բարձունքները կերտած գրողներուն վառած ջահը եւ խրախուսած անոր հայ գրականութեան մտաւորականի շնորհքները, որուն որպէս արդիւնք աշակերտական տարիներէն անոր գրութիւնները կը սկսին լոյս տեսնել Շամլեան դպրոցի պարբերաթերթերուն մէջ: Աւելի ուշ, ներշնչուած հայ ազատագրական պայքարի ազատամարտիկներու սխրագործութիւններէն, կը հրատարակէ «Սասունցի Դաւիթի Հետքերով»ը՝ իր առաջին վէպը, Ս․ Վահան ծածկանունով:

Հայագիտականի վկայականը ստանալէ ետք, Սագոն կը մնայ ազգային կեանքի ոլորտին մէջ, նախ որպէս ուսուցիչ Հայ Աւետարանական Թորոսեան եւ աւելի ուշ Շամլեան Թաթիկեան վարժարաններու, ուր իր աշակերտները գիտէին, թէ իրենց ուսուցիչը սովորական «պարոն» մը չէր, այլ բառին ամբողջական իմաստով դաստիարակ մը, որովհետեւ ան դասարանէն ներս, բակին մէջ թէ զբօսանքի պահերուն, իրենց կը փոխանցէր հայութեան արժէքները, աւանդներն ու պատմութիւնը: Եւ մինչեւ այսօր, իր աշակերտներէն ոմանք իր հետքերով առաջնորդուելով, ուսուցչական ասպարէզի մէջ են Մեսրոպեան Ազգային, Հայ Աւետարանական Մերտինեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարաններուն մէջ եւ այլուր: Որպէս դաստիարակ, ան ոչ միայն ուսուցիչներ պատրաստած է, այլ նաեւ դաշնակցական մամուլի ծառայողներուն մեծամասնութիւնը նաեւ իր աշակերտները եղած են:

Պատանեկութեան օրերէն իսկ, ան յարեցաւ Համազգայինին եւ եղաւ անդամ ու վարչական, սակայն իր գործին ու վաստակին գլխաւոր դաշտը եղաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն անդամակցեցաւ կանուխ երիտասարդութեան օրերէն:

1974ին, Սագոն կը դառնայ Պէյրութի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրկան «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր՝ ընկ. Վաչէ Տարագճեանի օգնականը, իսկ 2 տարի ետք երբ ընկ. Վաչէ կը փոխադրուի Գանատա, ան կը դառնայ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր տնօրէնը:

Այդ օրերուն, Լիբանանի քաղաքացիական կռիւները ծայր առնելով մթագնած էին ընդհանրապէս Լիբանանի եւ մասնաւորապէս հայ գաղութի երկնակամարը, ժողովուրդին կեանքը դարձնելով վտանգալից՝ ամենօրեայ ռմբակոծումներով եւ առեւանգումներով: Ահա այս դժնդակ պայմաններուն տակ, արեւմտեան Պէյրութի մէջ ընկ. Սագոն «Ազդակ» օրաթերթին խմբագրութիւնը կը վարէ աւելի քան 2 տասնամեակ՝ յաճախ կեանքը վտանգելով եւ երբեմն ալ ընտանիքէն հեռու, շաբաթներ շարունակ խմբագրատուն մնաց արհամարհելով ամէն տեսակի վտանգ:

1998ին, կեանքի շոգեկառքը ընկ. Սագոն կը բերէ Լոս Անճելըս, ուր իրմէ առաջ հաստատուած էր եղբայրը՝ Յովիկը, որ իր կարգին ունէր «Հայ Գիր» գրախանութ-տպարանը եւ կը զբաղէր տպագրական գործերով:

Հայ մշակոյթի գանձարանին իր լուման ձգելու նոր հորիզոններ կը բացուին Սագոյին համար, եւ հայ վարժարաններու նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն համար կը նախաձեռնէ մանկապատանեկան գիրքերու պատրաստութեան, իր իսկ հեղինակութեամբ եւ «Հայ Գիր» մատենաշարի հրատարակութեամբ:

Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք, Սագոն կը փոխանցուի Սան Ֆերնանտօ հովիտի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւն եւ անոր հաւատաւոր անդամը կը մնայ մինչեւ իր մահը: Նոյն տարին, Սագօ կը հանդիպի Հայկազեան քոլեճի իր ծանօթներէն՝ Արփի Պարսումեանին, եւ Պսակուելով կ՛որոշեն կեանքի ուղեւորութիւնը միասնաբար շարունակել:

1998ին, Սագոն պաշտօնի կը կոչուի Ազգային առաջնորդարան, որպէս դիւանապետ եւ թեմական ու առաջնորդարանի գործերը կը վարէ ամենայն պատասխանատուութեամբ: 2014ին, անակնկալօրէն Սագոն կ՛անցնէ սրտի ծանր տագնապ մը․ սիրտը վնասուած էր եւ ամիսներ շարունակ կը մնայ բժիշկներու անմիջական հսկողութեան տակ, իսկ 2019ին, ան հանգստեան կը կոչուի, ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ իր կեանքին մնացեալ օրերը անցնելու կողակիցին՝ Արփիին, եւ եղբօրը՝ Յովիկին ընտանիքին հետ:

Քաջատեղեակ իր առողջական վիճակին, Սագոն միշտ զգոյշ էր իր կենցաղին ու առողջութեան․ անհանգստութեան ամբողջ տեւողութեան ան վայելեց իր կնոջ բոլորանուէր գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը:

Ափսոս, որ բժշկութիւնն ու ընտանիքին գուրգուրանքը անկարող մնացին ճակատագրի հարուածին դիմաց, եւ Սագոյին աչքերը առ յաւէտ փակուեցան Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2026ի առաւօտեան, խոր սուգի մատնելով կինը, եղբայրը, համայն հարազատներն ու գաղափարակից ընկերները:

Սագոն ապրեցաւ իմաստալից կեանք մը, որուն ցոլացումն են իր կեանքի էջերը, ուր տեղ գտած են ազգային ապրումներով արտայայտած մտքերն ու գաղափարները: Իր կեանքի ընթացքին, Սագոն հեղինակած է տասնեակ մը գիրքեր, որոնց մէջ ան սփռեց իր զգացումներն ու ապրումները: Անձնականէ աւելի, անոր գրիչէն բխեցան հայրենասիրական եւ համամարդկային էջեր: Լիբանանի, Հայաստանի, ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս մարդկութեան բաժին հանուած տագնապները համակեցին զինք, ու ինք դարձաւ դէպքերու անմիջական արձագանգողը:

Հայ մշակոյթի գանձարանին ան նուիրեց «Սասունցի Դաւիթի Հետքերով», «Հրակ Եւ Միչոն», «Սեւակին Տարեդարձի Նուէրը» եւ «Պահուած Գանձերու Երկիրը» գիրքերը, 20է աւելի մանկապատանեկան թատրոններ եւ հայ վարժարաններու միջնակարգի աշակերտներուն համար պատրաստուած մանկապատանեկան գիրքերու շարքը, տակաւին, տարիներ շարունակ, «Ասպարէզ» օրաթերթի մէջ ունէր իր յատուկ սիւնակը Հայաստանի եւ գաղութային հարցերու նկատմամբ եւ մեկնաբանութեամբ: Սագոյին աշխատասիրութիւնը գործնական օրինակ էր բոլորին: Էութեամբ՝ ուսուցիչ-դաստիարակ, նկարագիրով՝ անսակարկ ծառայասէր, քաղցրաբարոյ եւ զուարթախօս անձնաւորութիւն, ընդմիշտ ջատագով հայ գիրքի անփոխարինելի դերին ու ներկայութեան՝ հայ մարդու կեանքին մէջ եւ յատկապէս մանկապատենական ծիրէն ներս, ամէնօրեայ ներկայութիւն հայկական մամուլի էջերուն մէջ՝ իր լրագրող-վերլուծաբանի գրիչով եւ տարաբնոյթ հարցեր շօշափող իր յօդուածներով եւ ամէնօրեայ դէպքերու արձագանգով, հեղինակ՝ մանուկներու ու պատանիներու համար պատկառելի թիւով թատերական եւ հեղինակային գործերու, ինչպէս նաեւ մեր դասական մեծ գրողներու գիրքերուն մանկավարժական մշակումներու՝ զանոնք պատանի սերունդին մատչելի դարձնելու նպատակով: Սագոն՝ Հալէպէն՝ Պէյրութ, ապա Լոս Անճելըս, եղա՛ւ եւ մնա՛ց յանձնառու մտաւորական, ազգային-գաղափարական գործիչ, աշխատունակ, անզիջող հայրենասէր եւ մեծ մարդասէր:

Իր բազմավաստակ ու ազգանուէր ծառայութեանց համար, ան արժանացած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, ձեռամբ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի, 2 Հոկտեմբեր 2016ին: Կարելի չէ արագ անցնիլ Սագոյին ազգային ու հայրենանուէր ծառայութիւններուն վրայէն: Հիմա, երբ ան մեկնած է, զինք յատկանշող անձնուրացութիւնը, գաղտնասիրութիւնն ու համեստութիւնը կը յամենան, որովհետեւ համեստ էր եւ հաւատարիմ դաշնակցական:

Փետրուար 19, 20


Լուսանկարը՝ ՊԵՐՃ ՃԱՄՃԵԱՆ

Սագօ Մահսէրէճեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Փետրուար 19ին տեղի ունեցած Սարգիս Մահսէրէճեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ իրաւաբան Կարօ Մատէնլեանի արտասանած սրտի խօսքը․

Սիրելիներ սգակիրներ, բարեկամներ, ընկերներ,

Այսօր վերջին հրաժեշտ կու տանք մեր սիրելի ընկերոջ՝ Սագօ Մահսէրէճեանին: Անակնկալ եւ ծանր էր իր մահուան տխուր լուրը: Ամէն մէկ օր որ կ՛անցնի, առաւել զգալի կը դառնայ իր բացակայութիւնը, եւ վստահ եմ որ շատ երկար ժամանակ պիտի փնտռենք զինք: Պիտի փնտռենք բարի, մաքուր, համեստ, անկեղծ, սկզբունքային, առաքինի այն ընկերը, որ ո՛չ մէկ սիրտ ցաւցուց, ո՛չ մէկուն բարկացուց, ո՛չ մէկուն մասին բամբասեց, ո՛չ մէկուն օգնութեան խնդրանքը մերժեց, այլ՝ միշտ իրեն յատուկ զուարթախօսութեամբ ու ծառայասիրութեամբ, տուաւ ինչքան որ կրնար, առանց խնայելու եւ առանց ոչ մէկ ակնկալութեան: Պիտի փնտռենք գաղափարի այն մարտիկը, որ երբեք փորձութեան չ՛ենթարկուեցաւ, երբեք չսակարկեց իր հաւատամքը, այլ՝ գերազանցապէս մնաց  հաստատ ու հաւատարիմ տիպար դաշնակցական, կարգապահ ու կառչած անոր ակունքներուն:

Մեզմէ շատեր ընկ. Սագոյին հետ ունեցած են ծանօթութեան եւ գործակցութեան տարբեր փորձառութիւններ, որոնցմէ անպայման բան մը սորվեցանք եւ միայն ուրախ եւ բարի հպարտ յիշատակներ ունինք:

Որպէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, պարտք ունիմ մեր ներկայ եւ անցեալի ղեկավար մարմիններու եւ մեր բոլոր ընկերներուն անունով, յետ մահու մեր յարգանքի, շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքը փոխանցել աննման ընկ. Սագոյին:

Մեր մտքերուն մէջ տակաւին թարմ է ընկ. Սագօ Մահսէրէճեանի ամէնօրեայ ներկայութիւնը մեր առօրեային մէջ, որ կու գայ վերջին քանի մը տասնամեակներու շրջանիս մէջ իր  իւրայատուկ ծառայական աշխատանքէն, որ իր հետ բերած էր երկար տարիներ ՀՅԴ Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ» օրաթերթի որպէս խմբագիր, որպէս հայագէտ, ուսուցիչ եւ ազգային գործիչ իր մեծ փորձառութենէն:

Լիբանանեան պատերազմի ամէնէն ահաւոր օրերուն, ընկեր Սագօ Դաշնակցականի արիութեամբ եղաւ ու մնաց պատնէշի վրայ։  Չլքե՛ց թերթը, չթերացա՛ւ պարտականութեան մէջ, շարունակեց գործել նոյնիսկ երբ իր կեանքը վտանգուած էր:

Նոյն թափով ան շարունակեց իր գործը մեր շրջանին մէջ: Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետի իր աշխատանքը միայն մէկ մասն էր իր առօրեային, որու կողքին ան իր յօդուածներով ողողեց դաշնակցական մամուլը, հայ մանուկին եւ պատանիին համար գրական գործեր հեղինակեց, մանկավարժական մատչելի նորօրեայ մօտեցումներով: Ընկ. Սագոն մշտական ներկայութիւն էր դաշնակցական մամուլին մէջ եւ անկարելի էր, որ «Ասպարէզ» օրաթերթի էջերուն մէջ մեր աչքէն վրիպեր ազգային-գաղափարական իր մեկնաբանական, վերլուծական եւ թելադրող գրութիւնները:

Ընկ. Սագոն եղաւ նաեւ միութենական-կուսակցական հանդիպումներու դասախօս։ Ուր որ գտնուեցաւ, եղաւ հայութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արժէքներուն մնայուն պաշտպանը։ Եղաւ հեռատես ու պայծառատես։ Չմխրճուեցաւ առօրեայ ճղճիմ հարցերու եւ մտահոգութիւններու մէջ։ Ան գործի մարդ էր ո՛չ թէ խօսքի. սկզբունքի տէր ո՛չ թէ անձնական շահեր հետապնդող: Եղաւ հաւաքական Մենք-ի ընկեր եւ ոչ թէ Ես-ի մարդ։ Հաւատաց հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան եւ իր շուրջ բոլորեց երիտասարդներ, որոնց փոխանցեց իր փորձառութիւններն ու հմտութիւնները։

Ընկեր Սագոն եղաւ ու մինչեւ վերջ մնաց Դաշնակցութեան անկեղծ զինուորը, որուն զէնքն էր գրիչը, փամփուշտն ալ՝ միտքն ու խօսքը։ Ան մարտնչեցաւ երկար տարիներ եւ ամբողջ կեանքը նուիրեց՝ Դաշնակցութեան ճամբով, հայութեան պայքարին, ազգային մեր արժէքներու եւ տեսլականներու պաշտպանութեան գործին։

«Ասպարէզ»ը շատ ճիշդ բնութագրեց մեր կորուստը, երբ ընկեր Սագոյի մահուան լուրին մէջ կ՛ըսէր որ ««Ասպարէզ»ի ընտանիքը եւ հայ հրապարակագրական համայնքը կը կորսնցնեն նուիրեալ, անխոնջ եւ մինչեւ մահը գաղափարական մեր մամուլին ծառայած գործիչ մը»:

Ցաւակցական մեր զգացումները կը յայտնենք Սագօ Մահսէրէճեանի տիկնոջ՝ Արփիին, եղբօր՝ Յովիկին, եւ բոլոր հարազատներուն, գաղափարակից գործ-ընկերներուն եւ բարեկամներուն:

Այո, մեր Սագոն մէկն է այն երանելիներէն, որոնք ազգի ազատութեան զոհասեղանին նուիրաբերեցին իրենց ամբողջ կեանքը` սկիզբէն մինչեւ վերջ:

Աննման ընկ. Սագոյի յիշատակը վառ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ: Իր խօսքերը, մտածումները, գրութիւնները ու մանաւա՛նդ Դաշնակցականի պայծառ կերպարը յաւերժ ներշնչող պիտի մնան բոլորիս։

Մենք պիտի շարունակենք գործը:


Խօսք՝ Արտասանուած Սարգիս Մահսէրէճեանի Հոգեճաշին

Ստորեւ՝ հանգուցեալ Սարգիս Մահսէրէճեանի հոգեճաշին ընթացքին Գէորգ Պետիկեանի՝ «Ասպարէզ» կողմէ արտասանած խօսքը

Սգակիր Ներկաներ,

Ինծի վիճակուեցաւ «Ասպարէզ»ի անունով, յուզումով եւ երախտապարտօրէն խօսելու, գնահատելու, ցաւակցելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու ձեր ներկայութեան, ընկ. Սարգիս Մահսէրէճեանի մահուան տխուր առիթով՝ անոր բարի յիշատակին կազմակերպուած այս հոգեճաշին:

Տակաւին, քանի մը ժամեր առաջ էր, երբ խունկով եւ աղօթքով մեր յարգանքի վերջին տուրքը միասնաբար մատուցինք մեր ընկերոջ:

Ահա թէ ինչու սգաւոր է «Ասպարէզ»ը, եւ իր կարգին համայն մամուլն է տխուր, որովհետեւ, անժամանակ կորսնցուցած է ժրաջան, իր ստեղծագործ աշխատանքով եւ ինքնատիպ ոճով հայագէտ, նուիրեալ ու վաստակաշատ խմբագիր մը, խիզախ ազգային գործիչ մը եւ, մանաւանդ, տաղանդաւոր եւ համեստ մտաւորական մը, որ միշտ տուած էր իր լաւագոյնը, եւ որուն խօսքերը, տողերը գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն էին «Ասպարէզի էջերուն:

Հայ մամուլի գործունեայ եւ աշխատասէր այս մեծ ծառան՝ ուրիշ մէկը չէ, եթէ ո՛չ մեր բոլորին սիրելի եւ ծանօթ, հայասիրտ տրոփումի տէր, հայրենի եւ Սփիւռքի հարցերով անսահման տագնապող բազմակողմանի գրիչ՝ հանգուցեալ մեր ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեան:

Անուն մը, որ սերտօրէն առընչութիւն ունի հայ մամուլի կեանքին եւ յատկապէս »Ասպարէզ«ի հետ, իր բազմաթիւ ակնարկներուն թափով, ազգային շունչով ծնունդ առած նշմարներու եւ հրապարակագրական էջերու անսահման շարքերով:

Հաւատացէ՛ք, ան շարունակական ամբողջ տասնամեակներ գրեց, խմբագրեց, հրատարակեց, ստեղծագործեց եւ այս ձեւով իր անձին շուրջ ստեղծեց չմարող մոլորակ մը, լուսաւոր անուն մը, նոյն ատեն հարստացնելով հայ մամուլը:

Այս բոլորը սակայն, կը պահանջէին անսակարկ ճիգ, նաեւ անխոնջ աշխատանք, որուն հաստատօրէն տէրը հեղինակն էր ինք՝ մեր մեծ հրապարակագիր Սարգիս Մահսէրէճեան:

Իր մահով զգացինք մահուան պարապութիւնը: Իր մահով նաեւ կորսնցուցինք հայ գիրի հսկայ մը, որ հաւատարիմ իր տաղանդին՝ իր տողերուն մէջ չմարող հետաքրքրութեամբ հարազատ կերպով նոյնքան ալ կենդանօրէն որակ բերաւ հայ մամուլին:

Օրին եւ ամէն առիթով, »Ասպարէզ«ը միշտ ինքզինք հպարտ զգացած է, որ այսպիսի գրիչ մը, իր խիղճի օրինակով եւ կամքի քրտինքով, միշտ իր մատը օրերու բազկերակին վրայ դրած՝ հայ ընթերցողին արդարամտութեան յանձնած էր իր եզակի հայեացքները, արդարօրէն դատելու ճշգրիտ առաքելութեամբ:

Ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեան իր բազմակողմանի գրագէտի տիպարով՝ իբրեւ խիզախ, լայնախոհ եւ գիտակից, բայց համեստ մտաւորականի կոչումով՝ անսահման հպարտանք առթած էր »Ասպարէզ«ին:

Այս առիթով նաեւ կարելի չէ երբեք անտեսել եւ չանդրադառնալ հանգուցեալ մեր ընկերոջ լեզուին՝ մաքուր, յստակ եւ վճիտ արեւմտահայերէնին, որ յատուկ գոյն եւ երանգ կու տար մեր էջերուն:

Իբրեւ երախտագիտութիւն՝ »Ասպարէզ«ի յիշողութեան մէջ, մեր ընկերոջ խոնջէնքը, եւ պայծառ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ:

Ահա թէ ինչու միշտ պիտի յիշենք զինք՝ իբրեւ հարուստ ծառայասիրութեան տէր գրիչ, իբրեւ յանձնառու եւ օրինակելի մտաւորական մը:

Յանուն «Ասպարէզ»ի ընտանիքին՝ խոր ցաւակցութիւններ եւ նաեւ երախտիք կը յայտնեմ հանգուցեալ ընկերոջ այրիին՝ տիկին Արփիին, նաեւ եղբօր՝ ընկ. Յովիկին եւ իր ընտանեկան պարագաներուն ու մեր բոլոր ընկերներուն եւ հարազատներուն, ու անշուշտ՝  աշխարհացրիւ մեր հայ մամուլին:

Արդ, յարգելիներ, շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն ձեզի՝ ձեր ներկայութեան, եւ ի սրտէ ու անկեղծօրէն հանգուցեալ ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեանի յիշատակին ձեր ցուցաբերած  յարգանքին:

Բիւր յարգանք՝ մեր մեծ ընկերոջ քաղցր յիշատակին:


Սարգիս Մահսէրէճեան Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ կը ստանայ
«Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը

Եղբօրս՝ Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին

Ինչպէս Մէկ Oրուան Համար «Մեծ» Դարձայ

ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երբ եղբօրս մահուան գոյժը տարածուեցաւ համացանցին վրայ, բոլոր անոնք որոնք զինք ճանչցած էին՝ գործի, ընկերային կամ կուսակցութեան ճամբով, եկան իրենց վկայութիւնը տալու իրենց էջերուն վրայ, հաստատելով անոր նկարագրի յատկանշական կէտերը, թէ որպէս ՄԱՐԴ, ան եղած էր ազնիւ, վեհանձն, աշխատասէր, ծառայասէր, հոգատար, ընկերային, դաստիարակող եւ բարի անձնաւորութիւն մը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, չմերժելով ոչ ոքի եւ միշտ պատրաստ օգնելու բոլորին: Բոլորն ալ վկայեցին անոր սկզբունքային ըլլալուն, ինչպէս նաեւ հայ մամուլին եւ մշակոյթին հանդէպ անոր ունեցած անսակարկ նուիրումին մասին:

Սագոն անշահախնդիր էր. իրեն համար, պաշտօնն ու պարտականութիւնը առաջնահերթ էին, անձն ու ընտանիքը երկրորդական. այդ պատճառաւ ալ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, Սագոն տարիներ ապրեցաւ արեւմտեան Պէյրութի դժուար պայմաններու տակ, ընտանեկան պարագաներէ եւ խնամքէ հեռու, որ չըլլայ թէ իր բացակայութեան պատճառաւ «Ազդակ»ը լոյս չտեսնէ: Ան իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրաւ, որ ինչ ալ ըլլային պայմանները «Ազդակ» օրկանը չդադրէր լոյս տեսնելէ: Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուելուս ընթացքին, չկարողացայ զինք անձնապէս տեսնել. մեր ողջերթը եղաւ հեռաձայնային, որովհետեւ ինչպէս միշտ, ան կը գտնուէր արեւմտեան Պէյրութ: Մատնանշելու իր անշահախնդիր եւ անոխակալ նկարագիրը, երբ ան «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիրի պաշտօնավարութիւնը աւարտեց, տարիներ շարունակ, կամաւոր եւ անխոնջ կերպով շարունակեց աշխատակցիլ իր սիրած մամուլին, իր քաղաքական վերլուծական յօդուածներով, տարածել իր տեսակէտներն ու գաղափարները, չմխրճուելով ճղճիմ հաշիւներու մէջ, միշտ բարձր պահելով իր անձը:

Սկսելով անոր ուսուցչական ասպարէզէն, անցնելով «Ազդակ»ի տնօրէն-խմբագիրի պաշտօնը, ան դարձաւ կեդրոնական անձը, որ տուաւ բոլորին, ուղղեց, կերտեց եւ դաստիարակեց սերունդներ, որոնք այսօր, իրենց կարգին, ներշնչուելով իրմէ, տակաւին կը ծառայեն ուսուցչական եւ մամուլի ասպարէզներէն ներս: Որպէս հայագէտ, իր գրախօսականներով անդրադարձաւ նոր հրատարակութիւններու, քաջատեղեակ հայ արուեստին եւ երաժշտութեան, անդրադարձաւ մեր գաղութներէն ներս տեղի ունեցող գեղարուեստական ձեռնարկներուն, որպէս մանկավարժ, գիտակցելով մանկապատանեկան գրականութեան մեծ բացին, ան արեւմտահայերէնի վերածեց եւ պարզացուց Ղազարոս Աղայեանի «Եղէգնուհի»ն, «Այծատուր»ը, «Քաջիկ»ը, «Կորիւն»ը, «Լոյս Ու Մութ Աշխարհներ»ը, «Հազարան Բլբուլ»ը, «Արեւամանուկ»ը, «Արեգնազան»ը, Յ. Թումանեանի «Քաջ Նազար»ը, Դ. Տեմիրճեանի «Շատակեր Պույ-Պույ Մկնիկը», միջնակարգերու եւ երկրորդականի աշակերտներուն մատչելի դարձնելու համար ամփոփեց եւ պարզացուց Րաֆֆիի «Խենթ»ը եւ «Խաչագողի Յիշատակարան»ը ու Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ն: Ութսունականներուն, ներշնչուելով մեր ազատամարտիկներու սխրագործութիւններէն, Լիբանանի մէջ հրատարակած էր «Սասունցի Դաւիթի Հետքերով» իր առաջին վէպը, Ս. Վահան ծածկանունով, Միացեալ Նահանգներու մէջ, նոյն վէպը վերահրատարակեց պարզացուած եւ ամփոփուած: Սագոն, մանկապատանեկան գրականութիւնը հարստացուց իր հեղինակած «Հրակը Եւ Միչոն», «Սեւակին Տարեդարձի Նուէրը» պատմութիւններով, ինչպէս նաեւ հայ պատանիին մօտ արթնցնելու համար հայրենասիրութիւնն ու պատմութեան ճամբով ծանօթացնելու Հայաստանի զանազան վայրերը, ան լոյս ընծայեց «Պահուած Գանձերու Երկիրը» գիրքը: Վերոյիշեալ գիրքերուն կողքին, Սագոն նաեւ գրեց քսանէ աւելի մանկապատանեկան թատրոններ, որոնք վերջին քսան եւ ութ տարիներու ընթացքին, մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուեցան եւ պիտի շարունակուին ներկայացուիլ զանազան հայկական վարժարաններէ ներս, առիթ ընծայելով, որ հայ պատանին բեմի ճամբով, յաւելեալ առիթ ունենայ հայախօսութեան եւ ինչու չէ նաեւ յայտնաբերէ իր բեմական ձիրքերը եւ բարելաւէ առոգանութիւնը:

Սագոյին թատերգութիւններէն կարելի է յիշատակել՝ «Ով Կ՛աշխատի Ան Կ՛ուտէ», «Քէֆ Ընողին, Քէֆ Չի Պակսիր», «Բարեկենդան», «Կիկոսին Մահը», «Խելօքն Ու Յիմարը», «Շունն Ու Կատուն», «Ոսկի Քաղաքը», «Մայր Հաւիկը Խճողակ Կը Պատրաստէ», «Չարաճճի Ծտիկը», «Միասին Զինուոր Ենք», «Ժամանակս Լաւ Պիտի Գործածեմ», «Փոքր Մհեր Քարայրէն Դուրս», «Բոլորս Միասին Յաղթեցինք Սարդարապատի Մէջ», «Լուսիկին Երազը», «Նոր Տարուան Ոգին», «Վարդան Մամիկոնեան Արցախի Մէջ», «Միատեղ Դասախօսութիւն» «Ապրիլ 24», «Աստղիկ Իշխանուհիին Փրկութիւնը», «Անխելք Մարդը», Համազգայինի մանկապատանեկան թատրոնի համար, իր վերջին թարգմանութիւն աշխատասիրութիւնը եղած է «Փինոքիոյի Արկածախնդրութիւնները», որ բեմադրուեցաւ իր մահուընէ ետք:

* * *

Այս քանի մը տողերու ընդմէջէն կ՛ուզեմ վկայել, որ բախտաւորութիւնը ունեցած եմ Սագոն ունենալ որպէս երէց եղբայր եւ վայելած անոր գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը կեանքիս ընթացքին: Սագոն, պատանի տարիքէն, արդէն ունէր վերեւ նշուած յատկութիւններուն մեծամասնութիւնը եւ ժամանակի ընթացքին անոնք սկզբունքի վերածուելով կազմեցին իր նկարագիրը, որ վայելեց շրջապատի յարգանքը, սէրն ու ակնածանքը:

Այստեղ կ՛ուզեմ արձանագրել այդ դէպքը, որ մինչեւ այսօր անջնջելի կերպով դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ, եւ որքան ժամանակ անցնի, այնքան աւելի կը յատկանշուի իր մեծութիւնը:

Նկարագրով եղած ենք տարբեր, այն աստիճան, որ երբեմն ծանօթներ կատակի համար հարց կու տային, թէ արդեօք նոյն ծնողքի զաւակներ ենք: Սագոն հանդարտ եւ շրջահայեաց էր, ես անհանդարտ եւ ջղային, Սագոն լռակեաց, իսկ ես պատասխանող եւ ըմբոստ: Ըլլալով մեր ծնողքին միակ զաւակները, ինք՝ մեծը իսկ ես՝ փոքրը, միշտ վայելած եմ իր հովանին եւ հոգածութիւնը ամբողջ կեանքիս ընթացքին. իր մեծութիւնը երբեք չէր պարտադրած եւ չէր իշխած, ինչպէս շատեր ըրած են: Ընդհակառակը, միշտ ուզած էր զիս ուրախացնել, ան հազիւ 10-11 տարեկան պատանի, ես «թիֆոյտ»ի պատճառաւ որոշ շրջան մը ստիպուած էի անկողին մնալ, ան միշտ կողքիս էր եւ նստակեաց խաղեր խաղալով զիս կը զբաղեցնէր եւ կը փորձէր որ անկողնէն դուրս չելլեմ, ինծի համար շինած էր խաւաքարտէ նարտի մը, որ կարենայի անկողնին մէջ իրեն հետ խաղալ: Հետագային, մեր տան բակին մէջ նաեւ կազմեց կողովագնդակի սարք մը, որ նոյնպէս կարենայինք միասին խաղալ:

***

Մայրս Սագոյին արձանագրած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպիր. ամէն Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը, Սագոն պատանի տարիքէն սկսած էր երգել դպրաց դասին մէջ: Հալէպի մէջ, վաթսունականներուն, պատարագը կը սկսէր առաւօտ կանուխ եւ երբ պատարագը աւարտէր, պատանիները եկեղեցիէն կ՛ուղղուէին Կիրակնօրեայ դպրոց: Այս ձեւով, որոշ չափով մը ծնողները իրենց զաւակները հեռու կը պահէին փողոցներէն եւ յոռի կեանքէն: Որոշ տարիք մը բոլորելէ ետք, ինծի ալ վիճակուեցաւ նոյն ճակատագիրը: Սագոն ամեն Կիրակի առաւօտ, ձեռքէս բռնած, քայլելով զիս կը տանէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, որ մեր Նոր Գիւղի տունէն 10-15 վայրկեան հեռու էր: Որքան որ կը յիշեմ, ես հազիւ 6-7 տարեկան, Կիրակի մը, երբ պատարագէն ետք, Կիրակնօրեայի ուսուցչուհին պատմեց Յակոբի եւ Եսաւի պատմութիւնը, տուն վերադարձիս մտայղացայ այն գաղափարը, որ ինչու, իմ կարգիս չփորձեմ ըլլալ տան «մեծ» տղան: Հետեւաբար, Սագոյին առաջարկեցի որ ինծի տար մեծութիւնը. բնականաբար մայրս հակադարձեց եւ դառնալով Սագոյին պատուիրեց որ չըլլայ, որ նման բան կատարէր: Խնդրանքս ու աղաջանքս գաղտնաբար շարունակուեցան եղբօրս մօտ, շատ հաւանաբար ոչ թէ համոզելու կարողութեանս ձիրքէն, այլ գթալով վրաս եւ վստահաբար ուրախացնելու համար զիս, ան տեղի տուաւ եւ խոստացաւ մէկ օրուան համար, «մեծութիւն»ը տալ ինծի:

Շաբաթ օր մըն էր, երջանկութիւնս անսահման էր եւ գագաթնակէտին հասած. այդ օր ես պիտի ըլլայի տան «մեծ»ը: Փոխանակ առաջնորդուելով Սագոյին համեստ եւ օգնող նկարագրէն, դարձած էին սանձարձակ եւ անխիղճ «մեծ» եղբայր մը, բառին բուն առումով՝ բռնակալ մը, որ մեծութիւնը կը տեսնէր ուժի եւ փառքի մէջ: Հալէպի բոլոր տուներուն նման, մեր տունն ալ բակով էր եւ երկյարկանի. մեր ննջասենեակը, որ նաեւ օրուան ընթացքին կը գործածուէր որպէս նստասենեակ, կը գտնուէր երկրորդ յարկի վրայ: Ամէն հինգ վայրկեան անգամ մը, Սագոյին կը հրահանգէի վար իջնել եւ ջուր, պտուղ կամ որեւէ բան բերել: Օդը տաք ըլլալով, աթոռի մը վրայ նստելով, Սագոյէն ուզեցի որ զիս ձեռքով հովահարէ: Սագոն ամենայն հնազանդութեամբ հրահանգներս կը կատարէր առանց, գանգատի: Մայրս զիս կը յանդիմանէր եւ Սագոյին կը թելադրէր, որ չկատարէ հրահանգներս, բայց Սագոյին պատասխանը կ՛ըլլար՝ «ԽՕՍՔ ՏՈՒԱԾ ԵՄ»: Քաջալերուելով Սագոյին հնազանդութենէն, երեկոյեան, ինչպէս սովորութիւն էր՝ ամէն Շաբաթ կօշիկները ներկել, Սագոյին «հրահանգեց»ջ կօշիկներս ներկել, երբ այդ ալ կատարեց, չբաւարարուելով՝ իրմէ ուզեցի, որ կօշիկիս տակն ալ ներկէ: Մօրս ջղայնութիւնը գագաթնակէտին հասած էր եւ պատրաստ էր զիս պատժելու, սակայն Սագոն ամենայն հանդարտութեամբ մօրս կ՛ըսէր, որ զիս չպատժէ կամ չծեծէ: Այդ բոլորը ան կատարած էր դէմքին վրայ ունենալով իր անբաժան ժպիտը: Տարիներ ետք, անդրադառնալով կատարածիս, երբ կրկին փորձեցի զինք համոզել, որ ուրիշ անգամն ալ «մեծութիւն»ը ինծի տար, որ ճշդեմ սխալս, իր պատասխանը եղաւ, «առիթը մէկ անգամ կը տրուի»…

***

Սագոն ընթերցասէր էր. իր տարեկիցները՝ 14-15 տարեկանին, ընդհանրապէս գնդակ կը խաղային կամ հեծանիւ կը քշէին, իսկ Սագոյին նախասիրած ժամանցը՝ գիրք կարդալն էր: Վստահաբար ան ազդուած էր հօրմէս, որ նոյնպէս ընթերցասէր էր եւ միշտ կը քաջալերէր գիրք կարդալը: Տրուած ըլլալով, որ Հալէպէն տեղափոխուելով Լիբանան, ինչպէս շատերու տուներէն ներս, մենք ալ գրադարան գոյութիւն չունէինք, Սագոն գտած էր իր նախասիրութեան պապակը գոհացնելու աղբիւրը՝ Խալիլ Պատաուիի մուտքին, երկաթէ կամուրջէն առաջ, թաղին անկիւնը գոյութիւն ունէր գրախանութ մը՝ «Սամի Կարօ» անունով, եւ անոր տէրը գրասէր ըլլալով եւ ընթերցասիրութիւնը քաջալերելու նպատակով, գիրքեր վարձու կու տար. Սագոն շաբաթական իրեն յատկացուած անձնական ծախսելիք գումարէն բաժին կը հանէր գիրք վարձելու. իւրաքանչիւր գիրքի շաբաթական վարձքը 25 դահեկան էր, եթէ կարողանայիր երկու գիրք կարդալ մէկ շաբթուան ընթացքին, Սամի Կարոն յաւելեալ գումար չէր գանձեր: Սագօն յաճախ երկու գիրք կը կարդար մէկ շաբթուան ընթացքին: Հետագային ինծի ալ սորվեցուց Սամի Կարոյին տեղը եւ պատանեկան տարիներուս թելադրեց այն բոլոր գիրքերը, որոնք պէտք էր որ կարդայի, որոշ գաղափար մը ունենալու մեր գրականութեան եւ «մեծ»երուն մասին:

Այսօր, երբ Սագոն այլեւս չկայ ֆիզիքապէս, անձնապէս կը զգամ «Մեծ» Եղբօրս կորուստի ցաւը եւ բացը, բայց չեմ գիտեր թէ, որ ցաւն ու կորուստը աւելի մեծ է եւ անփոխարինելի, իմ, թէ ամբողջ հայ իրականութեան մէջ նման անձի մը բացակայութիւնը…

Վարձքդ կատար սիրելի Սագօ…


Լուսանկարը՝ ՊԵՐՃ ՃԱՄՃԵԱՆ

Սրտի Խօսք՝ Ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեանի Անմոռաց Յիշատակին

ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

Առաջին անգամ իրեն հանդիպեցի Հոլիվուդում գտնուող Ազգային առաջնորդարանի հին շէնքում: Արեւելահայերէնի դասագրքերի կազմութեան հարցով հաւաքուել եւ քննարկում էինք յարմար տարբերակները: Առաջին իսկ հանդիպումից խիստ տպաւորուեցի իր խրախուսական առաջարկներով ու բարի կամեցողութեամբ, յորդորելով, որ որքան կարելի է շուտ յաջողեցնել այդ ծրագիրը, որպէսզի արեւելահայ աշակերտները ունենան մայրենի լեզուի իրենց ուրոյն դասագրքերը:

Մի քանի տարի անց նրան հանդիպեցի Լա Քրասենտա քաղաքամասի Հոնոլուլու պողոտայի Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքում, ուր աշխատում էր դիւանապետի հանգամանքով:

Գլենդելի Շամլեան Ազգային վարժարանի հարեւանութեամբ նոր շէնքը պատեհ առիթ հանդիսացաւ, որ հնարաւորութիւն ունենամ յաճախ հանդիպելու գիր ու լրագրի տաղանդամեծ՝ Սարգիս Մահսէրէճեանի հետ եւ իր ազատ պահերին լսելու եւ ըմբոշխնելու իր հարուստ գիտելիքների շտեմարանի նորութիւնները, հիմնականում՝ գրական, կրթական, բայց նաեւ ազգային, քաղաքական հարցերի շուրջ:

Սփիւռքում լեզուի նահանջը խիստ մտահոգիչ ու տագնապազդու ահազանգ էր համարում բոլորիս համար: «Հայաստանի սահմաններէն դուրս, սփիւռքեան երկինքներու տակ, հայերէնին նահանջը ունի մէկ գլխաւոր խորագիր` օտարում հարազատ լեզուէն, որ կը դրսեւորուի բազմաթիւ գիծերու վրայ: Յաճախ գրուած է ու խօսուած այս մասին, վաղն ալ պիտի կրկնուին ախտաճանաչումներն ու դարմանումի առաջարկները, սակայն լսող ականջները եղած են ու պիտի մնան փոքրաթիւ, դատապարտուած` անզօրութեան. ասոր ալ պատճառները բազմաթիւ են», ընդգծում էր նա:

Հայոց լեզուն անաղարտ ու մաքրամաքուր պահելն ու պահպանելը նուիրական սկզբունք էր ընկեր Սարգիսի համար եւ զայրոյթով էր անդրադառնում, երբ հայ մամուլի էջերում կամ զանգուածային լրատուամիջոցներում օգտագործւում էին օտարամուտ բառեր, որոնք համարում էր բարբարոսութիւն՝ լեզուի նկատմամբ: «Այս ախտը հի՜ն արմատներ ունի, կու գայ 19րդ դարէն: Խորհրդային տարիները նոր խորք ու ծաւալ տուին օտարամուտ բառերու գործածութեան, ու վերանկախացման 25 տարիները անտես թողուցին բարբարոսութիւնը», ահազանգում էր Սարգիս Մահսէրէճեանը 2016ին գրած յօդուածում:

Հայի ինքնութեան կարեւորագոյն եւ ամենազօրեղ ազդակներից՝ լեզուի անաղարտութեան պահպանման ու զարգացման, օտարամուտ բառերի ու օտարաբանութիւնների բացառման հարցում Սփիւռքից աւելի նա անբաւարար էր նկատում մասնաւորաբար հայրենի մտաւորականութեան ու իշխանութիւնների քննադատելի դերը քանզի՝ «Հայաստանի մէջ կացութիւնը հիմնական տարբերութիւն ունի արտերկրէն, որովհետեւ հոն կան` պետութիւն, կաճառ, լեզուի տեսչութիւն եւ դեռ, շա՜տ ու շա՛տ հեղինակութիւններ, որոնց առաքելութիւնն ի՛սկ է կասեցնել բարբարոսութիւնները, զարկ տալ լեզուի զարգացման (որ, յամենայն դէպս, բնական ընթացք ունի պատմականօրէն): Սակայն, հակառակ այս հեղինակութեանց ներկայութեան, հայրենի հողին վրայ մայրենիին նահատակութիւնը կ՛ապրի ի՛ր տարօրինակ ողբերգութիւնները, մինչդեռ սպասելի է, որ հայրենիքը ըլլայ բոլորիս ուղեցոյց փարոսը, խոտորումներէ ետ պահողն ու սայթաքողները սաստողը», գրում էր նա:

Ինձ մեծապէս հիացմունք էր պատճառում հրապարակախօսական, քաղաքական լուրերի, իրադարձութիւնների մեկնաբանման  հարցում նրա սուր ու դիպուկ նկատողութիւնները եւ ընկեր Սարգիսի մտաւոր, իմա՝ բնաձիր, ունակութիւնն ու հմտութիւնը: Հիացմունք էր պատճառում ո՛չ միայն հայաշխարհի, ո՛չ միայն ազգային, այլ լայն իմաստով՝ միջազգային ամէնօրեայ իրադարձութիւններին հետեւելու եւ օրը օրին մամուլին յանձնելու իր վերլուծութիւններն ու գրաքննարկումները: Բացառիկ եւ յանձնառու լրագրապետ ու հրապարակագիր էր Սարգիս Մահսէրէճեանը: Հայ մամուլի անխոնջ ու համեստ մեծավաստակ: Իր մտաւոր աշխարհի անսպառ ու հարուստ իմացութիւնը, ըստ իս, մասնաւորաբար  իմաստաւորւում ու արժեւորւում էր իր էութեան, բնաւորութեան մէջ խմորուած անսահման համեստութեամբ, անպարծենկոտութեամբ:

Լրագրական ու հրապարակախօսական, քաղաքական յօդուածների ներկայացման դաշտում ունէր իր եզակի, ինքնուրոյն ոճն ու եղանակը, որը համեմուած էր հաճելի, բայց կսմիթային երգիծանքի երանգներով: «Իսկ մեկնաբանութիւնը՝ ընթերցողիս: Բոլորի աւարտին պէտք է արձանագրել՝ հասկցողին շատ բարեւ», գրում էր նա: Կամ՝ «Դիոգինէսի լապտերը ձեռքիս, մտայ լուրերու պողոտաները, ո՛չ թէ հռչակաւոր փիլիսոփային պէս պատուաւոր մարդ, այլ… ապուշներ փնտռելու նպատակով»: Եւ կամ՝ «Ուռկանս ուսս նետած՝ այսօր դարձեալ լրորսի ելայ հայկական ու աշխարհի բաց ծովերուն մէջ:»

Գրող ընկերներին, մասնաւորաբար հայ գիր ու գրականութեան երկրպագու երիտասարդ շրջանակներին քաջալերելն ու խրախուսելը իր մասնայատուկ նախասիրութիւններից էր:

Այնուամենայնիւ, երբ նկատում էր, որ գրող ընկերներից մէկը միառժամանակ է, ինչ դադար է տուել գրչին, չի գրում ու չի ստեղծագործում, անվարան կապւում, զանգահարում էր նրան, հարցնելով, թէ ինչո՞ւ, ի՞նչ պատճառով է, որ դադարեցրել է գրելու, ստեղծագործելու սովորութիւնը: «Պիտի գրես, պիտի անպայման շարունակես գրել», մտերմաբար յորդորում էր ընկեր Սարգիսը, քանզի գրողի համար գրելը համարում էր կենսակերպ, ապրելու ոգեղէնութիւն:

Այդպիսին էր մեր ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեանը, որ աւա՜ղ, շատ շուտ մենակ թողեց բոլորիս: Դեռ պիտի ըմբոշխնէինք իր գրական, հրապարակախօսական գործերը: Դեռ աշխարհաքաղաքական մերօրեայ նոր փոփոխութիւնների, նոր հոլովոյթների մասին պիտի կարդայինք մամուլում լոյս տեսնող իր սրամիտ, անկաշկանդ, արդարամէտ, անբասիր վերլուծութիւններն ու քննադատութիւնները:

Իր գրչի, ստեղծագործական վաստակի ժառանգութեանը տարիներ շարունակ մաս կազմեց նաեւ իր եղբօր՝ Յովիկի հետ հիմնած «Հայ Գիր» հրատարակչական նախաձեռնութիւնը, որի արգասիքը հանդիսացաւ բազմաթիւ գրքերի հրապարակումը, ճոխութիւն բերելով սփիւռքահայ գրականութեան անդաստանին:

Այնուամենայնիւ, ափսոսանք եմ արձանագրում, որ չկարողացանք իր ողջութեան օրօք, համասփիւռքեան տարողութեամբ, ըստ արժանւոյն, գնահատել, արժեւորել ու մեծարել իր անգնահատելի վաստակը:

Կարօ Գէորգեանը իր «Ամէնուն Տարեգիրքը» ամենամեայ պարբերականի մահագրութեան մասում, որպէս ենթավերնագիր օգտագործում էր «Տերեւաթափը հայաշխարհի մէջ» թեւաւոր արտայայտչաձեւը: Եւ իրաւ, ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեանը հայ մամուլի այն հսկայակերտ կաղնին էր, ուր տերեւաթափուեց 2026ի Փետրուարի 10ին:

Յաւերժ լոյս իր անթառամ յիշատակին:

Խորազգաց ցաւակցութիւններս իր այրիին՝ տիկին Արփի Մահսէրէճեանին, եղբօրը՝ ընկեր Յովիկ Մահսէրէճեանին եւ համայն հարազատներին:


 

Screenshot

Փունջ Մը Ծաղիկ՝ Սագօ Մահսէրէճեանի Յիշատակին

ՔՆԱՐ ԳՈՐԹՈՇԵԱՆ

– Բարի լոյս Սագօ, ինչպէ՞ս ես:
Լաւ եմ,  տոքթո՞ր ես, որ կը հարցնես…

– Սագօ, գլուխս կը ցաւի:
Իշալլահ կտրի… (ցաւին կ՛ակնարկէր):

– Սագօ, ալ խելքս պիտի թռցնեմ,
Լաւ նշան է…, չեղած բանը չէիր կրնար թռցնել…

Հեղինա՞կը վերեւը նշուած հարցումներու պատասխաններուն՝ մեր Սագոն էր, Սագօ Մահսէրէճեանը, որուն հետ շուրջ քսան տարի ամէնօրեայ հաց բաժնած եմ, մտահոգութիւններ կիսած, աշխատակցած՝ լոկ աշխատակիցներու սահմանումէն շատ աւելին՝ սրտակից ընկերոջ մը եւ բարեկամի մը անկեղծ, շիտակ ու սրտբաց  գործակցութեամբ:

Բոլորս մեր աշխատանքային ասպարէզին թէ կեանքի ուղիին մէջ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք յաճախ կը լեցնեն մեր առօրեան ու իրենց բաժինը կը բերեն կեանքի հոլովոյթին: Ոմանք կը սահին եւ կ՛անցնին՝ անկախ իրենց գործակցութենէն կամ քեզի հետ ունեցած ժամանակաշրջանէն, իսկ ոմանք ալ յատուկ բաժին մը  կը լեցնեն կեանքիդ մէջ որոշ ժամանակ մը, լաւ կամ ոչ յիշատակով մը հարստացնելով կեանքիդ էջերը եւ կը մոռցուին՝ երբ տարբեր ուղիներով կեանքը կը տանի մեզ. կան նաեւ անհատներ, որոնք կը կերպարանաւորեն մեր կեանքին ընթացքը, թէեւ կրնան տուեալ շրջանին  սովորական թուիլ, բայց երբ հեռանան՝ չեն հեռանար, այլ կ՛ապրին իրենց մեծ գործերով, խօսքերով եւ կեանքին բերած դրական շինիչ ներդրումներով ու յիշատակներով:

Սագոն իմ եւ ինծի ծանօթ մեծաթիւ անհատներու կողմէ վստահաբար կը պատկանէր վերջին  խումբին:  Անոր հետ առաջին հանդիպումս  եղած էր «Հայ Գիր» գրախանութին մէջ, երբ երկու մանչուկներուս ձեռքէն բռնած՝ կ՛այցելէի գրախանութը՝ իրենց տարիքին յարմար հայերէն գիրքեր գնելու: Այդ շրջանին, Լոս Անճելըսի մէջ Սագոն «նորեկ» կը համարուէր. ան հեղինակն  էր շարք մը դասական գրողներու կարգ մը գործերու՝ իր կողմէ կատարուած մշակումներու, մանկապատանեկան բազմատասնեակ թատերական եւ վիպական գործերու՝ միշտ նպատակ ունենալով մեր մեծերու գործերը եւ մեր գիրն ու լեզուն մատչելի դարձնել մեր մատղաշ սերունդին: Ան արթուն պահակն էր մեր լեզուին  եւ մշակոյթին անվտանգ պահպանման:

«Հայ Գիր»  այցելութիւններս  առիթ հանդիսացան, որ ընկերաբան, մանկասէր դաստիարակ եւ զննող հոգեբան Սագոն շուտով դառնայ տղոցս սիրելի «ամմօ Սագոն», իսկ անոր մանկավարժական պատշաճեցումներով գրքոյկները՝ անոնց քունի ժամերու ընկերները…:

Աւելի ուշ՝ 1998ի աւարտին, օր մը, Սագոն՝  իր «փիքափ» փոքր փոխադրակառքով  ժամանեց Ազգային առաջնորդարան, (առաջնորդարանը այդ օրերուն կը գործէր Հոլիվուտի Ռասըլ փողոցին վրայ գտնուող երկյարկանի տուն-գրասենեակին մէջ): Սկզբնական շրջանին, մասնակի ժամերու դրութեամբ ստանձնեց դիւանապետի պաշտօնը՝ ի զարմանս անձնակազմին, որ, քաջատեղեակ անոր մամլոյ ասպարէզին մէջ անցեալի փայլուն գործունէութեան՝ այս աշխատանքով զինք պիտի տեսնէր կրօնական առաքելութեամբ հաստատութեան մը մէջ: Այս մասին ան կատակով կ՛անդրադառնար՝ նշելով. «Արփիին (իր տիկնոջ) հօր օրինակին կը հետեւիմ, ան ալ Բերիոյ թեմի դիւանապետ եղած է…»:

Իւրայատուկ ազնուութեամբ գործակից եւ ընկեր էր Սագոն: Շնորհիւ իր  դիւրահաղորդ, բարի նկարագիրին, ծառայասէր ոգիին, համեստ եւ զուարթախօս  բնաւորութեան՝ յաջորդող տարիները եկան արմատացնելու մեր բոլորին  հետ իր կապը՝ ոչ միայն իբրեւ գործակիցներու, այլեւ  իբրեւ ընտանիքի անդամի եւ եղբօր. Օրէ օր դարձանք մտերիմ սրտակիցներ՝ մինչեւ առողջական պատճառներով անոր գործէ դադրիլը:

Ամէնօրեայ մեր զրոյցները կը համեմուէին հայրենիքի եւ գաղութի հարցերու շուրջ վերլուծութիւններով, պատմութենէն դրուագներով, «Ազդակ»ի օրերու յուշերով:  Պէտք է է շեշտել, որ «Ազդակ«ը՝ իր տխուր թէ ուրախ, սովորական թէ յատուկ օրերով, իր մէջ կը մնար տիրական:  «Ազդակ»ի մէջ անցուցած իր օրերուն մասին, յատկապէս Լիբանանի պատերազմի օրերուն, մոխրագոյն տրամադրութեամբ, սակայն հպարտալի ոգեւորութեամբ կը պատմէր. ահա՝ «Ազդակ»ի աշխատանքային միջավայրը Սագոյին  արուեստագէտի վրձինով եւ մանրամասն ներկայացումով գոյն կ՛առնէր ու կը կենդանանար աչքերուս դէմ եւ կը տեսնէի Սագոն՝ իրանը առաջ հակած, արտորանքով կը քալէր կամ վերջին վայրկեանի լուրերը ստանալու համար, «անթենայով  ռատիօ»ն ականջը կը մօտեցնէր, գլուխը քերելով եւ աչքերը փակ՝ կը հետեւէր, որ կեդրոնացումը սրի ու չըլլայ թէ մանրամասնութիւն մը փախչի ականջէն: Բծախնդիր էր ոչ միայն լուրերը ճշդութեամբ, այլեւ «Ազդակ»ը առաջին լրատուն պահելու իր անզիջող գործելակերպին մէջ: Կը պատմէր, որ Օգոստոս 1990ի սկիզբը, երբ աշխարհաքաղաքական  դաշտը  կը սպասէր որեւէ վայրկեան Իրաքի Քուէյթ ներխուժումին, նախօրէին, ինք՝  ուշ ժամերուն, առանձին, «Ազդակ»ի մէջ լսած էր լուրը եւ իր գործակիցները կէս գիշերին ետք գործի կանչած, թերթին առաջին էջին ձեւաւորումը փոխել տուած, այդ ալ հին կապարային տառաշարերով եւ յաջորդ օր թերթը տպուած հասցուցած գաղութին՝ այդ տարածաշրջանին մէջ «Ազդակ»ը պահելով առաջին լուր տուողը: Լիբանանի պատերազմի  ծանր օրերուն շատ դժուար պայմաններու մէջ, շատ յաճախ կեանքը վտանգելու գնով՝ Սագոն ամենայն յանձնառութեամբ Պէյրութի  արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններուն միջեւ ամէնօրեայ երթեւեկ կը կատարէր եւ անցարգելներու հսկիչ ոստիկաններուն «Սահաֆի» (լրագրող) նշող վիզէն կախուած  պիտակը ցոյց տալով կ՛անցնէր. անոնք այլեւս կը ճանչնային զինք…

Երաժշտութեան հանդէպ եւս յատուկ սէր ունէր Սագոն:  Մեր ճաշի ժամերը յաճախ նաեւ կը լեցուէին հայերէն երգի մը բառերով, որոնց բառերու հեղինակը, երաժշտութիւն յօրինողը եւ երգի ծնունդին պարագաները գիտէր ու  կը փոխանցէր, միշտ  մնալով՝ Էութեամբ ուսուցիչ-դաստիարակի, քաղցրաբարոյ եւ հաճելի անձնաւորութիւն մը ըլլալու տիպարին մէջ: Իր «մանտոլին» նուագելուն մասին խաբուսիկ կը պատասխանէր՝ «բաներ մը կ՛ընեմ…»: Պատկերասփիւռի երեւանեան երաժշտական ծրագիրներուն  հաճոյքով կը հետեւէր, յատկապէս «Երգ Երգոց»ին…:

Իբրեւ հրապարագիր՝ Սագոն մնայուն ներկայութիւն էր հայ իրականութեան մէջ: Ան եղաւ արդարամիտ, ճշմարտախօս եւ յանդուգն սիւնակագիր մը մեր մամուլի էջերուն մէջ եւ չենթարկուեցաւ հատուածական  շահերու: Անհամբեր կը սպասէինք իր յօդուածներուն, որոնց նախապէս կ՛անդրադառնար մեզի, դէպքին կամ նիւթին մասին իր վերլուծութիւնը մասնակիօրէն բաժնելով մեզի հետ, նշելով՝ «երէկ գիշեր ուշ ատեն ամբողջացուցի ու ղրկեցի մամուլին, երբ լոյս տեսնէ կարդացէք, որ խօսինք…»: Մանկան մը բարութեամբ կ՛ուրախանար, երբ իր յօդուածներու  հրապարակումէն ետք հեռաձայններ կը ստանար այդ յօդուածի մասին, ինչպէս նաեւ երբ  գիրք մը տեսնէր մեր ձեռքին՝ «Եթէ ուզէք, ժամանակ կը գտնէք» կ՛ըսէր: Իր գրասեղանին՝ միշտ գիրք կար,  կարդալու, սրբագրելու կամ գիրքին  ներածականը գրելու համար: Վերջինի պարագային՝ այնքան արագ կը կարդար եւ կը վերջացնէր տուեալ գիրքը եւ նոյն արագութեամբ  կը գրէր հեղինակին նամակը կամ գիրքին վերլուծումը: Գիրքը՝ իր աւանդական  ձեւին մէջ ընթերցելու հաւատաւոր աւանդապահներէն է՛ր եւ մնաց Սագոն:

Կը յիշեմ, համաճարակի տարիներուն, յանուն Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, ենթարկուելով այդ օրերու իրավիճակին թելադրած հարկադրանքին,  առցանց հայերէնի եւ հայ գրականութեան նախապատրաստական դասընթացք մը պիտի կազմակերպէինք՝ նպատակ ունենալով ներառել հայկական վարժարաններու այն երիտասարդ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, որոնք պիտի փափաքէին  հայերէնին աւելի տիրապետել: Նախ դիմեցի Սագոյին, ծրագիրը միասնաբար մշակելու եւ օգտուելու անոր դաստիարակ-ուսուցիչի փորձառութենէն: Ուրախացաւ գաղափարին պատճառով, սակայն ան աւելցուց՝ ըսելով. «Անհարազատ կ՛ըլլայ Քնար, ես չեմ հաւատար առցանց դասաւանդումի, այլապէ՛ս օգտակար կ՛ըլլամ»:

Բառին բուն իմաստով, Սագոն է՛ր նաեւ յանձնառու մտաւորական, ազգային-գաղափարական գործիչ, անզիջող հայրենասէր, որոնց կեանքի բոլոր դաշտերուն մէջ ան դաւանեցաւ՝ իբրեւ հայ մարդու բարոյական սկզբունքներ՝ ուր որ ալ տարաւ կեանքը զինք: Ան նաեւ մնաց մեծ մարդասէր  ու ծառայասէր, «ոչ» ըսել չգիտցող, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերէր գիրք ու գրականութեան, որոնց ջատագովը եղաւ եւ մնաց մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը…

Սագոյին գրիչը մնաց միշտ լրագրող-վերլուծաբանի գրիչ, որ իր ամէնէն արագ ընթերցողի բացառիկ կարողութեան աւելնալով, իր դիպուկ, այնքան խոր յօդուածներով միայն հիացում կը պատճառէր բոլորիս: Յաճախ ալ չէր վարաներ սրտցաւօրէն դրսեւորելու իր սրտնեղութիւնը, երբ իր յօդուածները ուշացումով լոյս կը տեսնէին թերթի մը մէջ… թէկուզ յարգելի պատճառներով… «ժամանակավրէպ եղաւ, արդէն նոր մը գրեցի եւ ղրկեցի» կը մրթմրթար այդպիսի պարագաներու:

Ափսոս, որ հայ մամուլի էջերուն մէջ ընդմիշտ պիտի բացակային Սագոյին  հայկական, ազգային, պատմական հարցերու, միջինարեւելեան երկիրներու եւ միջազգային քաղաքականութեան զանազան երեսներուն վերաբերող յօդուածները, եւ հանրային մեծ ընտանիքը շահագրգռող իրադարձութիւններու եւ անմիջական հարցերուն մասին իր քննարկումները ու իրեն յատուկ ոճով արձագանգները… եւ տակաւին ինչե՜ր  պիտի գրէր ան, այս օրերու հայրենական թէ միջազգային եղելութիւններուն մասին…

Սիրելի Սագօ, դժուար է բնորոշել  բազմաշնորհ մարդու յատկանիշներդ եւ պատկառելի ներդրումդ թէ՛ իբրեւ էութեամբ դաստիարակ,  թէ՛ իբրեւ ճշմարտապաշտպան խիզախ հրապարագիր, թէ՛ իբրեւ անխոնջ մտաւորական սահմանափակ տողերու մէջ,  սակայն ընդունիր այս տողերը՝  իբրեւ փունջ մը ծաղիկ, այն յոյսով, որ օր մը,  քու լրագրական յօդուածները կամ անտիպ վաստակդ երբ լոյս տեսնէ հատորով մը, պիտի ըլլայ ամէնէն բուրումնաւէտ խունկը եւ անմար մոմը յիշատակիդ:

Քեզ շատ պիտի փնտռենք, սիրելի՛ Սագօ:


«Ազդակ»-Սագոն

Զ․ԹՈՐԻԿԵԱՆ

«Ամէն բան լաւ ընթացքի մէջ է։ Շուտով կը խօսինք։ Առայժմ ձայնս բնական չէ, եւ խօսիլը դժուար է… տիւշիւնմէ»… եւ անոր հետեւող ծիծաղի նշաններ։ Այս էր մեր վերջին զրոյցը, այդ ալ` բջիջայինի պատգամներու ճամբով։

Նաեւ ե-նամակով կարճ բացատրողականով մը Սագոն մամլոյ պաշտօնակիցներուն տեղեկացուցած էր, թէ բնականաբար բանաւոր պատճառներով ինք երկար ժամանակ պիտի չկարենայ յօդուածներ, ակնարկներ ու նշմարներ գրել։ Մեր բջիջային գրութեան մէջ ան ամէն գնով կը փափաքէր, որ «ապաքինման մաղթանք»ներ չտեղադրուին թերթերուն մէջ։

Ահաւասիկ՝ անոր հեզ եւ վեհանձն նկարագիրին արտացոլացումը։ Լաւ ճանչցած ըլլալով՝ գիտէի, որ նմանօրինակ «կաֆ»ի մը՝ «ապաքինման մաղթանք»ի մը, տեղադրումը նոր սրտի կաթուածի մը դուռ կրնար բանալ։

***

Չէ՛, չէ… կը սխալինք բոլորս, նոյնիսկ ինք՝ Սագոն։

Սարգիս Մահսէրէճեան՝ Սագոն, Հալէպ չէ ծնած, այլ պարզ ու մեկին՝ «Ազդակ»ի մէջ։

Մի՛ տատամսիք, մի՛ կասկածիք, ոչ ալ հարցադրումի տակ առէ՛ք։ Այո՛, Սագոն ծնած է «Ազդակ», ապրած է «Ազդակ», սնանած է «Ազդակ», թրծուած է «Ազդակ», թրծած է «Ազդակ»…

«Ազդակ»ը թերթին անունը չէ։ Այլ ինքը՝ Սագոն, թերթը, օրաթերթը, Դաշնակցութեան օրկանը… դաշնակցական օրկանը, դեռ աւելի՛ն. դաշնակցականի մը գուրգուրանքին տակ գտնուող օրկանը։

Թերթը Սագոն էր, Սագոն ալ՝ թերթը։

Շա՜տ ու շա՛տ են յիշատակները, յուշերն ու ոդիսականները։ Յիշողութիւնս սկսած է ինծի դաւաճանել։ Հաւանաբար, առաջին անգամ հանդիպած ենք, երբ ինք երիտասարդ համալսարանական, պատանի վարիչ մարմինի անդամ եւ յօդուածագիր էր, իսկ ես, կամ մենք, քանի մը ընկերներով, «Ազդակ»ով հիացած ու կլանուած էինք, եւ մեզի պաշտօն տրուած էր Ուաթ Ուաթի տպարանը ներկայանալ «Արարատ»ի ոտնագնդակի խումբի մրցումներուն ժամանակ (է՜հ այդ օրերուն, Հայաստանը խորհրդային էր եւ Արարատը գէթ տը ֆաքթօ կնքուած եւ այդ ալ ինչպիսի՜ հպարտութեամբ եւ գուրգուրանքով մեզի կը պատկանէր), եւ հեռաձայնի յատուկ թիւ մը տրամադրուած էր, որպէսզի համակիրներ կարենան կապ հաստատել եւ իմանալ արդիւնքը։ Կիսախաղ չեղած անգամ, տեղատարափ էր այդ իւրայատուկ հեռաձայնային «ռի՜նկ»ը։ Է՜հ, այդ օրերուն ելեկտրականութիւն կար Լիբանանի մէջ, սակայն ելեկտրոնային արդի կազմածներ գոյութիւն չունէին, ո՛չ առցանց կայքէջներ, ո՛չ ե-նամակ, ո՛չ «Ինսթակրամ», ո՛չ «Էքս»… Իսկ դեռ աւելին, այդ օրերուն w գիրը սակաւ անգամներ կը գործածէինք, մինչդեռ այսօր, մեր առաւօտեան զարթնումը սուրճին հետ կը սկսի ոչ թէ միայն մէկ, այլ երեք` www-ով։ Նիւթ մը, զոր յաճախ կ՛արծարծէինք՝ բաղդատելով մամլոյ անցեալը եւ ներկան։

Այս էր մեր պարտականութիւնը, մինչդեռ Սագոն արդէն իսկ սկսած էր «Ազդակ»անալ։

Քանի մը տարի ետք, մի՛շտ ու մի՛շտ Ուաթ Ուաթի «Ազդակ»ի երդիքին տակ ընտանեկան տաքուկ մթնոլորտ կը տիրէր։ Բառին իսկական բացատրութեամբ՝ Team work։ Յաջորդ օրուան առաջին ժամերուն կ՛աւարտէինք, ապա՝ կախում ունէր եղանակէն կամ մթնոլորտէն։  Գրաշարներ կ՛ասմունքէին, կ՛երգէին։ Մեր աննման եւ բառին բուն իմաստով սրամիտ եւ համակրելի սրբագրիչ Պետիկ Հերկելեան կը պատմէր… «Եուհու՜» (իր գործերէն յիշատակելի երգիծական վիպակ մը)։ Կը պատահէր, որ մեր վերի դրացի վաստակաւոր երգչուհի Մաթիլտ Պուտագեանն ալ՝ Ուաթ Ուաթի խարտեաշ Նինա Սիմոնը,  կը միանար հայ թէ օտար ծանօթ երգերով՝ «Թաք Տանէին»էն, «Միսիրլու»էն մինչեւ If you go away… My way: Արդէն այդ ժամանակ, Սագոն ալ իր կիթառակով (mandolin) օժտուած կ՛ամբողջացնէր երաժշտական երեկոն, յիշատակելի զոյգ մը՝ duo մը կազմելով։ Հոս նշեմ, կրկնեմ եւ ընդգծեմ, թէ գործերը ամբողջութեամբ աւարտելէ ետք կը կատարէինք այս գեղարուեստական յայտագիրները։

Անշուշտ կը պատահէր, որ ընդհանրապէս գարնանային անուշ օրերուն, կամ ամառնային շոգին եւ յատկապէս երբ զինադադար էր, դուրս գալով նկուղէն՝ կը մեկնէինք Ռաուշէի ծովափը եւ աշխարհը կը վայելէինք՝ քալելով եւ կէս գիշերուան մերթ հանդարտ եւ մերթ փրփրադէզ Միջերկրականը վայելելով։

Կարելի չէ մոռնալ 1985ի աշնանային այն օրը, երբ ծանր ռմբակոծումներուն, Կիրակի օր մը ժամացոյցի դէմ մրցում մը կատարեցինք։ Մօտաւորապէս չորս ժամէն կտրեցինք կէս ժամ տեւողութիւն ունեցող ճամբան։ Լեռներ ու ձորեր ման գալով՝ հասանք Ուաթ Ուաթ, վերջացուցինք թերթը եւ վաղ առաւօտեան ալ առաքեցինք։ Միայն «յամառ» Սագոն կրնար այդ մէկը իրականացնել եւ այդ ալ ինչպէ՜ս իրականացուց։

***

«Ֆե-նո-մեն» մըն էր Սագոն։ Շատ կը գրէր եւ յաճախ՝ երկար։ Այս մասին միշտ ալ կը վիճաբանէինք, սակայն այդ էր իր ոճը։ Վերլուծաբանական գրութիւններ, ակնարկ, նշմար, սլաք, անդրադարձ… you name it։

Քիչ մըն ալ փաղաքշական խօսքերով զայրացնե՞մ։  Անխոնջ, անսակարկ, վաստակաշատ, անբասիր, հաւատաւոր եւ ծառայասէր ընկերը, թող Աստուած երկինքի արքայութեան լոյսերուն մէջ հանգչեցնէ։

Ընկե՛ր, հրահանգդ գործադրեցինք։ Ապաքինման մաղթանք չդրինք այն խոստումով, որ քու բնաւորութեան պէս լռիկ մնջիկ պիտի լաւանաս։ Է՜,  չեղաւ ասի, Սագօ՛։

Վաղ հրաժեշտ… Աւա՜ղ։ Այսպէս, հապճեպ կերպով դուն ալ ցանկապատին միւս կողմը անցար։

Խմբագիրները կ՛երթան եւ կու գան։ Խմբագիրը գնայուն է, իսկ թերթը՝ մնայուն։ Եզակի է «Ազդակ»-Սագոյի պարագան, որուն տիպարը պիտի մնայ յաւիտեան։

Պոսթըն


Սագօ Մահսէրէճեանի Յիշատակին

ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐԵԱՆ

Տարին 1987ն էր։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 12րդ տարուան հերթական ալեկոծումը ստիպած էր որ «Ազդակ» օրաթերթը Փետրուարին արեւմտեան Պէյրութէն փոխադրուէր արեւելք եւ գար հայահոծ Պուրճ Համուտ։ Խմբագրատունը ապաստանած էր նախկին բնակարանէ մը ներս, իսկ տպագրատունը տեղաւորուած՝ ստորերկրեայ «Նանոր» տպարանին մէջ։

Ժամանակաւոր այս տպագրատունը այցելեցի իբրեւ «Ազդակ»ի գիտական նիւթերու նոր աշխատակիցը։ Ներս մտնելու համար հարկ էր իջնել դիք եւ լայն մուտքն ի վար, որմէ անդին կը տարածուէր մեծ սրահ մը։ Հոն էին տպագրական գործիքները, թուղթի խոշոր հակերը, գրաշարներու մետաղէ գիրերու դարակները, սուրճ ու թէյի անկիւնը եւ քիչ մը աւելի խորը՝ քանի մը երկար սեղաններ։

Առաջին անգամն էր որ հոն կ՛երթայի։ Խմբագրատան կարասիները եւ այնտեղ տարուող աշխատանքը հարազատ թուացած էին ինծի։ Տպագրատունը բոլորովին այլ տեսարան մը կը պարզէր։ Ծխախոտի եւ մելանի, սուրճի եւ կապարի հոտերը խունկի նման միախառնուելով դիմաւորեցին զիս։ Շրջանցելով տպագրիչ մեքենաներու անխուսափելի, յամառ աղմուկը եւ ասդին անդին վազվզող գրաշարներն ու աշխատակիցները, ուղղուեցայ դէպի սրահին լուսաւոր խորքը։  Հոն մթնոլորտը համեմատաբար աւելի կոկիկ էր։ Քաղաքական լուրերու քանի մը աշխատակիցներ – բոլորն ալ ինծի անծանօթ – կը գրէին սեւագրութեան թուղթերու վրայ։ Այո՛, ամէն ինչ ձեռագիր էր այդ ատեն, ոչ ստեղնաշար կար, ոչ ալ համակարգիչ։ Կային գրաշարները եւ անոնց կապարը, որ գիր առ գիր, սիւնակ առ սիւնակ թերթին պարունակութեան պատճէնին կը վերածուէր։

«Ազդակ»ի որոշ յօդուածագիրներու անունները ծանօթ էին ինծի իբրեւ օրաթերթի սոսկ ընթերցող։ Հանդիպած էի արդեն ներքին էջերու խմբագրին եւ թերթին տնօրէնին հետ եւս։ Սակայն քաղաքական լուրերը, որոնք թերթին արտաքին էջերը կը կազմէին՝ անստորագիր էին։ Լսած էի քաղաքական լուրերու խմբագրին անունը՝ Սարգիս Մահսէրէճեան, թէեւ ամէն մարդ զինք Սագօ կ՛անուանէր։

Տպագրատան սրահին խորքը, երկար սեղանի մը մէկ ծայրը նստած, ահաւասիկ՝ Սագոն հոն էր։ Բռնած էր թելեքսով ստացուած լուրերու թուղթէ գլան մը եւ սեղանին եզրը իբրեւ դանակ գործածելով այդ գլանէն կը կտրէր, իրարմէ կ՛անջատէր տարբեր լուրերու հատուածներ, միաժամանակ կ՛որոշէր անոնցմէ որոնք պահել եւ տարբեր աշխատակիցներու համար խմբագրելու կոյտեր կը ստեղծէր։

Մեր առաջին հանդիպումն էր. գլուխը վեր վերցուց, ակնոցները ուղղեց քիթին վրայ եւ լայն ժպիտով հարազատի մը պէս դիմաւորեց զիս, կարծես շատ սովորական տեղ մըն էինք, շատ սովորական պայմաններու տակ։ Կարծես դուրսը պատերազմ չկար եւ երթեւեկութեան մեր սահմանները օրեցօր չէին կրճատուած եւ մեր հորիզոններու փոքրացումը ծիծաղելիի եւ անհեթեթի եզրին չէր հասած։ Կարծես քանի մը շաբաթ առաջ արեւմտեան Պէյրութի սաստկացող բախումներուն տակ Սագոն «Ազդակ»ի իր գործընկերներուն հետ ռմբակոծումներու տակ չէր աշխատած, որ թերթը ամէն գնով լոյս տեսնէ։

Քանի մը հատուած եւս արագօրէն աչքէ անցուց, երկու լուր կտրեց եւ մէկ կողմ դրաւ, ապա՝ «Ահա, այս նիւթն ալ քեզի՛ պիտի հետաքրքրէ։ Նայէ, այսօրուան գրութեանդ հետ կապ ունի՞», ըսաւ եւ թուղթը ինծի տուաւ։ «Կրնաս հոս նստիլ եւ աշխատիլ վրան։ Կամ առ եւ հետդ տուն տար»։  Զարմացայ որ բազմազբաղ իր օրուան թոհուբոհին մէջ գրածս ոչ միայն նշմարած էր, այլեւ կը յիշէր։

Համաշխարհային լուրերու թելեքսի գլանաձեւ այդ թուղթը իր ձեռքերուն մէջ, նիւթեղէն կապ մըն էր արտաքին աշխարհի անցուդարձներուն հետ։ Սագոն ամէն երեկոյ մինչեւ շատ ուշ գիշեր հոն էր, պատրաստ այդ լուրերէն քաղելու կարեւորն ու հիմնականը եւ զանոնք մատչելի դարձնելու յաջորդ առտու թերթին սպասող հայ ընթերցողին։ Լիբանանի տեղական տագնապները, Հայաստանի թէ այլ երկիրներու դէպքերն ու պատահարները, բոլորն ալ իր դատողութեան պրիսմակէն կ՛անցնէին։

Մինչ աշխարհը անտարբեր կը թուէր մեր նկատմամբ, Սագոն այդ անտարբերութիւնը ժխտող խարիսխ մըն էր։ Աչքերուն մէջ փայլփլող կայծերով եւ ժպտուն իր դէմքով, խնամքով ընտրուած իր խօսքերով եւ դրական իր նկարագրով Սագոն այն անհատն էր, որ կը յաջողէր որեւէ միջավայրի մէջ տանտիրոջ պէս բնականոն դարձնել իրավիճակը։ Կատակ մը կ՛ընէր եւ կը թեթեւցնէր կացութիւնը, նոյնիսկ երբ խորապէս անհամաձայն էր դիմացինին հետ։ Միշտ քաղաքավար էր, բարեացակամ եւ հոգատար, բոլորիս մեծ եւ իմաստուն եղբայրը։

Սագոն այն հազուադէպ մարդոց կարգին էր, որոնց մասին միայն դրական կերպով կը մտածեմ։ Համեստ էր եւ զուարթախօս, աննկուն եւ աշխատասէր, պատրաստ էր բոլորին օգտակար ըլլալ եւ անձնուէր էր այն աստիճան, որ կրնար դիւրաւ մոռնալ ինքն իր մասին։ Տասնեամեակներ շարունակ հայ մամուլին եւ հայ գիրին ի սպաս իր գործունէութիւնը յստակօրէն կը յուշէ անկեղծ իր նուիրումին տարողութիւնը։

Ընդյատակեայ եւ ժամանակաւոր այդ տպարանին մէջ մեր այդ հանդիպումը երկարամեայ բարեկամութեան առաջին քայլն էր։ Լիբանանի իրավիճակը ստիպեց որ ժամանակի ընթացքին երկուքս ալ տեղափոխուինք Քալիֆորնիա, ուր նախքան իր ժամանումը բարեկամացայ իր եղբօր՝ Յովիկին եւ անոր ընտանիքին հետ։ Քալիֆորնիոյ մէջ քանի մը անգամ կրցանք տեսնուիլ, երբ Սագոն եկաւ նահանգին հիւսիսը եւ ծանօթացայ իր տիկնոջ՝ Արփիին եւ երբ ամուսնոյս հետ այցելեցի նահանգին հարաւը եւ հաճելի երեկոյ մը անցուցինք միասին, Յովիկին եւ իր տիկնոջ Անիին տան մէջ։

Աշխարհագրական պայմաններու բերումով այլեւս յաճախ չէինք տեսնուէր, բայց ուրախ եմ որ մաս կը կազմէի ե-նամակներու հասցէատէրերու իր ցանցին, որուն միջոցաւ մեր կապը կը շարունակուէր։ Գրութիւն մը, կատակ մը, երգիծանքի մասնիկ մը կ՛ուղարկէր, ուրկէ երբեմն խօսակցութիւն մը ծայր կու տար եւ մտքերու հաճելի փոխանակման կ՛առաջնորդէր։

Հեռաձայնային մեր վերջին խօսակցութիւնը հօրս մահուան տխուր առիթով էր։ Իսկ հիմա, Սագոյին մահուան տխուր առիթով, մինչ այս տողերը կը գրեմ, մտովի հետն եմ եւ զինք յիշելով մերթ կը ժպտիմ, մերթ կը յուզուիմ։ Ափսոս որ յետ այսու՝ խօսակցութիւնը իր հետ միայն միակողմանի կրնայ ըլլալ, ընդգծելով իր կորուստը մեր կեանքերէն ներս։

Կը ցաւակցիմ իր ընտանիքին եւ բոլոր իր հարազատներուն։ Կը ցաւակցիմ բոլորիս, որոնց մեծ եղբայրը եղաւ։ Կը ցաւակցիմ հայ մամուլի մեծ ընտանիքին, որուն անդադրում ջատագովը եւ նուիրեալը եղաւ եւ կը մաղթեմ, որ իր լուսաւոր յիշատակը միշտ վառ մնայ մեր սրտերուն մէջ։

Սան Ֆրանսիսքօ


Մեծ Եւ Փայլուն Աստղը

(ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆԻ ԱՆՄԱՐ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Օրեր առաջ, մամուլը գուժեց մեր բոլորին շատ սիրելի եւ գրչընկեր, հայագէտ, խմբագիր, ուսուցիչ եւ դիւանապետ, ազգային գործիչ եւ համեստ մտաւորական Սարգիս Մահսէրէճեանի անակնկալ եւ անժամանակ մահը:

Պէտք է ըսել, որ ժամանակի թաւալումով շատ բան կը փոխուի մեր կեանքին մէջ: Այսպէս, մեզմէ անկախ, մեր շուրջէն առ յաւէտ յանկարծ կը բացակային այնպիսի դէմքեր, որոնք օրինակ ըլլալու կոչուած էին իրենց գոյութեան ընթացքին: Եւ անոնց բացակայութիւնը, ցաւ ի սիրտ, ոչինչ ու ոչ ո՛ք կրնայ լեցնել, որովհետեւ անոնք կը պատկանէին սերունդի մը, որ իսկապէս անփոխարինելի եղած էին:

Ու կրկնելով գնով նաեւ յիշեմ, որ մէկիկ-մէկիկ մեզմէ բաժնուող սերունդը, իր գործը տակաւին չամբողջացուցած, կ՛երթայ այս աշխարհէն, մեծ եւ անյատակ բաց մը ձգելով իր ետին:

Ու ահա հարազատ օրինակ մը՝ մեր Սագոն: Անուն մը՝ խորունկ եւ պարզ:

Ծառայասէր, զուարթախօս, ամէնօրեայ ներկայութիւն ունեցող այս փայլուն եւ հարազատ ԱՍՏՂը, յանկարծ շիջեցաւ մամուլի երկինքէն, ձգելով պայծառ լոյս մը մեր բոլորին վրայ:

Շատ մօտէն կը ճանչնամ զինք: Իրեն հետ իմ ծանօթութիւնս, մտերմութիւնս բարեկամութիւնս եւ ընկերութիւնս երկար տասնամեակներու օղակ մը կը կազմէ, եւ նոյն այս հարազատ եւ անկեղծ օղակն էր, որ ինծի համար դարձաւ նաեւ օրհնութիւն:

Խորապէս ծանօթ մըն էի իր մտքի խոյանքին եւ սրտի բաբախումներուն: Չէ՞ որ ինքն էր իմ լոյս ընծայած հատորներէս մէկ քանին ներկայացնողը՝ շնորհանդէսներու պիտակին տակ:

Ինչպէ՞ս չճանչնամ ու չարժեւորեմ զինք: Ինչպէ՞ս կրնամ մոռնալ զինք…: Իմ բաժինը, լուրջ յարգանք եւ պաշտամունքն է իր օրինակելի խոնջէնքին:

Անոր համար, մեծ եղած էր իրեն հանդէպ իմ հիացումս: Որովհետեւ հայ մամուլի այս համեստ սպասարկուն, իր սրտին տակ բաբախող սրտով, հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ մխրճուած իր մտքով, ինծի համար օրինակելի «հսկայ» մըն էր:

Իր մահը կ՛ողբանք գաղութով եւ համայն մամուլով: Ու ցաւ ի սիրտ, ա՜լ մեզի հետ չէ, իր գործը չաւարտած այս խոնջէնք չգիտցող մտաւորականը, պարտաճանաչ, խղճամիտ եւ օրինապահ գրիչը:

Ո՞վ կը հաւատար որ ինծի ամիս մը առաջ իր ղրկած ճոք-ծաղրանկարը, վերջինը պիտի ըլլար: Անհաւատալի: Տակաւին աշխարհ մը ըսելիք եւ գրելիք ունէր: Ու այս օրերուն, բոլորիս աչքերուն մէջ անզուսպ խոնաւութիւն կայ: Բոլորս ալ կը փնտռենք սփոփանքի տողեր եւ բառեր… ու չգտնելով՝ կ՛այպանենք ճակատագիրը:

Դժուար է գաղափարակից ընկեր մը, գրչընկեր մը, մեծ մտաւորական մը կորսնցնելը: Մէկը, որ իր գրիչը ամէն առիթով, մխրճած էր մարդոց քնացած խղճին մէջ, միեւնոյն ատեն իր գրիչին նժարի ձայնը հասցնելով հայրենիքէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռքներ:

Ու մեր Սագոն ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ հայասիրտ տրոփումի տէր եւ ազգային ալեկոծութեան ականատես, գիտակից եւ տաղանդաւոր մեր ցաւերը մատնանշող աննման գրիչ մը:

Մեկնեցաւ այս աշխարհէն, առանց մնաք բարովի: Գնաց ակնկալութիւն չճանչցող այս հայը, որ հակառակ ֆիզիքական, հոգեկան, ընկերային բոլոր դժուարութիւններուն, պահած էր իր տրամադրութիւնը եւ ազգը յուզող գունաւոր եւ անգոյն խօսքերը թուղթին յանձնած՝ յոյսի նման լուսաւոր:

Հանգուցեալ Սարգիս Մահսէրէճեան, գաղութէն ներս յարգելի եւ փնտռուած անձնաւորութիւն մըն էր, հրապարակագիր, հատորներու հեղինակ, ազգային գործիչ, հայրենի հարցերով անսահման տագնապող մը ըլլալով հանդերձ: Իր եզակի հայեացքով, իր անշահախնդիր մատնանշումներով, նաեւ իր կեանքի օրինակներով, ան դարձած էր հաստատ ներկայ մը ամէն տեղ:

Դժբախտաբար կորսնցուցինք այս մեծը, որ հասկնալի եւ սրտի մօտիկ, մեղմ եւ քաղցր ոճով, միշտ մատը օրերու բազկերակին վրայ դրած, ամէն առիթով ընթերցողին արդարամտութեան յանձնած էր եզակի հայեացքներով իր միտքերը, դատելու ճշգրի՛տ առաքելութեամբ, հաւատք դնելով ընթերցողի ուսերուն: Իր կարծիքը բարերար դերեր ունեցած էր ազգային մեր կեանքէն ներս: Անկասկած:

Այո՛… մեր եւ բոլորիս Սագոն…

Ամբողջ իր կեանքը նուիրած էր հայ գիրին եւ գրականութեան ու յատկապէս հայ մամուլին, անշահախնդրօրէն եւ անվերապահ:

Ու այսպէս, յանկարծ այս փայլուն աստղը շիջեցաւ, մեզ բոլորս ձգելով շուարումի եւ խոր վշտի մէջ: Ահա թէ ինչո՞ւ ընկերներով, հարազատներով եւ մամուլով կ՛ողբանք բացակայութիւնը, հանգիստ չճանչցող այս հայուն, հայ գիրին ու մամուլին սպասարկու եւ յանձնառու այս մեծ նուիրեալին:

Ահա թէ ինչո՞ւ նաեւ ամէն առիթով միտքս կը բերեմ իր դէմքը, իր ժպիտը, իր զուարթախօս բառերը, համոզիչ խօսքերը, իր մտքի խոյանքին, սրտի բաբախումներուն հետ միատեղ:

Այսպէս էր մեր Սագոն: Օժտեալ բացառիկներէն մէկը:

Իր ներկայութիւնը միշտ զգալի դարձուցած էր, իրարայաջորդ կերպով հայ ընթերցողին մատուցելով վաւերական ներկայութիւն: Հաւատարիմ ընթերցողները զինք լաւ կը ճանչնան: Մէկ խօսքով, ինք դարձած էր անկեղծ թարգմանը հայոց ցաւերուն եւ անոնց լուծման:

Խոր գիտակցութեամբ, ե՛ւ հիւմուրով, ե՛ւ ժպիտը դէմքին, դէպի իրեն կը գրաւէր բոլորը:

Ուր որ ալ գտնուէր, կը դառնար կեդրոնական անձ: Անոնք որոնք ապրեցան իր այս մտերմութիւնը եւ հետեւեցան իր գրիչի տողանցումներուն, անպայման ինծի հետ պիտի հաստատեն, թէ ի՛նք եզակի անձնաւորութիւն մըն էր, իր գրիչով, իր նուիրումով, իր ստեղծագործութիւններով, իր տաղանդով, եւ կշիռք ունեցող իր արժեւորումներով:

Ափսոս… հազար ափսոս… կորսնցուցինք… եւ նոյնքան ալ… անժամանակ:

Ու ասկէ ետք… ո՞ւր կրնանք գտնել իր նմանը… եւ ինչպէ՞ս…

Արդ…

Իր գրիչին եւ մտքի յատուկ երախտագիտական, հարազատ եւ յիշատակելի ու համեստ տուրք մըն է այս գրութիւնս:

Կը խոնարհիմ իմ եւ մեր բոլորին հոգիները լեցնող իր գրիչին, շունչին, վաստակին եւ տաղանդին առջեւ: Իր անունը պիտի օրհնուի եւ ոգեկոչուի մեր բոլորին կողմէ:

Զինք յիշելն ու արժեւորելը, մեր բոլորին պարտքն է: Որովհետեւ… իր յիշատակը մերն է… պէ՛տք է որ հսկենք զայն:

Երախտապարտօրէն՝ յարգանք իր վաստակին եւ բիւր յարգանք՝ իր յիշատակին:

[email protected]


Ի՜նչ Զարմանալի Զուգահեռներ…

Սարգիս Մահսէրէճեան

Ստորեւ կու տանք Սարգիս Մահսէրէճեանի մեզի առաքած վերջին յօդուածը.

Ամանորէն երկու շաբաթ առաջ, ամերիկացիք աղուո՜ր «նուէր» մը ստացան Ներկայացուցիչներու տունէն, աւելի ճիշդը՝ անոր հանրապետական խմբակէն: Ժողովը ձայներու փոքր առաւելութեամբ մը մերժեց դեմոկրատներու (որոնց պահ մը միացած էին չորս հանրապետականներ) մէկ առաջարկը, ըստ որուն՝ առողջութեան ապահովագրութեան (ծանօթ՝ «Օպամաքէր» անունով) ճամբով՝ ապահովագրեալներուն պետական աջակցութիւնը պէտք էր երկարաձգել երեք տարի եւս: Այլ խօսքով, յիշեալ դրութիւնը վերջ պիտի գտնէ տարեվերջին եւ ապահովագրեալները պէտք է ապաւինին իրենց սեփական քսակին կամ հանրապետականներու յառաջ քշած փոխ-ընտրանքին, որ շպարներով կը մատուցուի հանրութեան, սակայն ըստ էութեան, միլիոնաւոր քաղաքացիներ կը զրկէ յարմար սակերով ապահովագրուելու կարելիութենէն:

Առողջութեան ապահովագրումի այս հարցը շատոնց (ըսե՛նք՝ ծնունդէն ի վեր) թնճուկի վերածուած է երկու կուսակցութեանց հակադրութիւններու բեմին վրայ: Վերջին ուժեղ դրսեւորումը շուրջ երկու ամիս առաջ էր, երբ յիշեալ դրութեան կարգ մը մանրամասնութիւններուն շուրջ ստեղծուած անելին հետեւանքով, կառավարութեան պիւտճէի քուէարկումը կասեցուեցաւ ու մօտաւորապէս մէկ ու կէս ամիս, կառավարութիւնը զրկուեցաւ պիւտճէէ: Անիկա որակուեցաւ «կառավարութեան փակում»: Վերաբացման համար, կողմերը համաձայնած էին, որ հարցը նոր քննարկումներու պիտի ենթարկուի եւ քուէարկութեան պիտի դրուի մինչեւ տարեվերջ: Եւ ահա, բազում քաշքշուքներէ ետք (որուն մանրամասնութիւններուն մէջ մտնելը շատ ալ իմաստ չունի այս հանգրուանին), տեղի ունեցան քանի մը «վճռորոշ» քուէարկութիւններ: Նախ ստեղծուեցաւ վիճակ, թէ՝ դեմոկրատները յաջողած են ապահովել երկարաձգումը, սակայն օր մը ետք, սեղանը շրջուեցաւ եւ երկարաձգման մերժումը կնքուեցաւ Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբերի քուէարկութեամբ: Հարցը հիմա դրուած է »օդապարիկ«ջ մը մէջ (գիտէք, որ օդապարիկը դանդաղ թռիչք կը կատարէ) եւ ճամբայ ելած՝ դէպի Ծերակոյտ, որուն էջուղին կը պատրաստուի Յունուարի կէսերուն: Մինչ այդ, սակայն, բացայայտ կ’երեւի, որ Ծերակոյտն ալ պիտի մերժէ երկարաձգման յիշեալ ընտրանքը:

ՇՊԱՐՆԵՐԸ

Հանրապետականները իրենց տեսակէտը հանրութեան կը մատուցեն գունագեղ շպարներով (դեմոկրատ երեսփոխան մը զայն որակեց «մոլորեցնող», իսկ եթէ քաղաքավարութիւնը մէկ կողմ ձգէր, կրնար ըսել «սուտ»): Մերժուած դրութեան դէմ հանրապետականներու առարկութիւնները բազմաթիւ են: Անոնք կ՛ըսեն, որ, իրենց ծրագիրը որոշ առաւելութիւններ պիտի տայ ապահովագրեալներու. օրինակի համար՝ ընկերութիւններու, որոնք բազմաթիւ աշխատաւոր-պաշտօնեայ ունին, անոնց տալով աւելի յարմար սակերով խմբային ապահովագրութիւն ունենալու եւ շահատուրք նուազեցնելու հնարաւորութիւն: Անոնք կը խօսին նաեւ խնայողութեան մասին, ըսելով որ պետական պիւտճէէն նպաստներ տրամադրելով՝ ապահովագրութեան ընկերութիւնները կը շահին, մինչդեռ իրենք կը նախընտրեն ուղղակի քաղաքացիներուն գումարներ տրամադրել: Այսպէսով, անոնք կը նախատեսեն տասը տարուան մէջ շուրջ 35 միլիառ տոլար խնայել: Ծալքերուն ծանօթներ կը հակազդեն, ըսելով, որ պետական նպաստի ջնջման հետեւանքով, անմիջական ապագային, այսինքն՝ ամիս մը ետք, 24 միլիոն քաղաքացիներ պիտի զրկուին ապահովագրութիւն »գնելու« կարելիութենէն, իսկ յառաջիկային, ամէն տարի շուրջ 100 հազար քաղաքացիներ պիտի զրկուին ապահովագրութիւն ունենալու միջոցներէն(*): Այլապէս, կը վտանգուին Ընկերային ապահովագրութեան պիւտճէները (ծանօթ՝ «Մետիքէր» եւ «Մետիքէյտ» անուններով), որոնցմէ կ՛օգտուին հանգստեան կոչուածները, հարկադրաբար (օրինակի համար՝ արկածի հետեւանքով) անգործ դարձածներ եւ չափազանց սահմանափակ եկամուտ ունեցողները:

Քիչ մը աւելի խորը թափանցողները կը հաւաստեն, որ հանրապետականներու առաջադրած դրութիւնը՝ ըստ էութեան, ապահովագրուելու իրաւունքը կը վերապահէ մեծ եկամուտ ունեցողներու, որոնք այլապէս ալ պիտի «թեթեւցնեն» իրենց տուրքերը:

Շպարողներու շարքին է նոյնինքն նախագահ Թրամփ, որ Չորեքշաբթի երեկոյ հրապարակ եկաւ միայն մէկ օր առաջ յայտարարուած մամլոյ ասուլիսով մը (տարօրինակօրէն խօսեցաւ միայն… 20 վայրկեան): Ան հաւաստեց, որ տնտեսութիւնը բարելաւման ճամբու մէջ մտած է, ըստ սովորութեան՝ «նախկինները», մասնաւորաբար նախագահ Պայտընը մեղադրեց երկիրը անկումի սեմին հասցուցած ըլլալու յանցանքով: Ըստ իրեն՝ բարելաւման նշաններ են սպառողական ապրանքներու սակագիներուն մօտալուտ նահանջը, սղաճին դանդաղումը, բնակարաններու գիներուն մօտալուտ նահանջը եւ այլն, խոստացաւ բանակայիններուն 1,776 տոլարի պարգեւավճար կատարել տարեսկիզբին (ընդամէնը 2?6 միլիառ տոլար): Չմոռցաւ յայտարարել, թէ իր հաստատած տուրքերը կը նպաստեն տնտեսութեան, թէ՝ օտար ընկերութիւններէ շուրջ 18 թրիլիըն տոլարի ներդրումի խոստումներ ապահոված է (իսկ թէ խոստումը ինչպէ՞ս պիտի իրականանայ՝ մէկ հարց, երկրորդ հարց՝ այդ գումարներէն որքա՞ն օգուտ պիտի ունենայ պետութիւնը, որուն պարտքերը կը մօտենան 38 թրիլիընի…): Իրատեսներ կ՛ըսեն, որ այս մարդը իր ոտքերը կտրած է իրական-իրականութիւններու գետինէն ու կը խօսի ցնորքներու լեզուով (միակը չէ…):

ՎԵՐՑՆԵՆՔ ՇՊԱՐՆԵՐԸ

Եթէ պահ մը փորձենք վերցնել այս ու նման շպարներ, ի յայտ կու գայ բոլորովին այլ պատկեր, որուն խորագիրը պիտի ըլլայ տնտեսութեան ու ընկերային վիճակներու նահանջ, անկում:

Դարձեալ դիմենք լաւատեղեակ աղբիւրներու, որոնց շարքին՝ նոյնինքն պետական պատկան սպասարկութիւններ:

Ապրուստի սղութեան ցուցանիշները գորշ են: Առանց վիճակագրութիւններուն սպասելու՝ քաղաքացին կը տեսնէ, իր գրպանին վրայ կը զգայ, թէ սպառողական ամէնէն տարրական կարիքներուն համար պէտք է վճարէ շա՛տ աւելի՝ քան քանի մը ամիս կամ քանի մը տարի առաջ: Սղաճի ցուցանիշները պերճախօս են: Տասը տարի առաջ, անիկա 0.7 առ հարիւր էր, յաջորդ տարիներուն, ելեւէջներ տեղի ունեցան, հսկայական ոստում արձանագրուեցաւ համաճարակին հետեւանքով (7 առ հարիւր՝ 2021ին, 6?5 առ հարիւր՝ 2022ին), յետոյ դանդաղ անկում: Ներկայիս, անիկա կը գնահատուի 3 առ հարիւրի սահմաններուն մէջ:

Անգործներու թիւերն ալ փայլուն հորիզոններ չեն պարզեր: Քանի մը օր առաջ, հաղորդուեցաւ, որ Նոյեմբերին, գործազուրկ դարձողներուն թիւը 65 հազարով աւելի է, քան գործ ապահովողներուն թիւը: Եթէ այս պատկերին վրայ աւելնան նախագահին՝ ըստ կամս հաստատած տուրքերուն հետեւանքները, հաւանական կը նկատուի, որ տարեսկիզբէն անդին, ապրուստի սղութեան սլաքը – նաեւ այլ սլաքներ – դէպի վեր պիտի շարժին:

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒՆԵՐ

Ըստ էութեան՝ տնտեսական եւ ընկերային վիճակները իբրեւ առանցք – եւ մրցակցութեան նիւթ – ունեցող քաղաքական հակառակորդները այս խաղը կը խաղան ո՛չ միայն ապահովագրութեան եւ յարակից հարցերու լուծումներ որոնելու մտահոգութեամբ, այլ անոնցմէ անդին՝ կան… ընտրական մտահոգութիւններ:

Նախագահ Թրամփի ժողովրդականութիւնը մեծ անկում արձանագրած է, իջած է 33 առ հարիւրի: Իրեն քուէարկողներէն շատեր արդէն զղջացած են, անկէ հեռաւորութիւն կը պահեն մինչեւ իսկ կուսակցական հետեւորդներ: Ընտրական մտահոգութիւններ ունին մանաւանդ այն երեսփոխանները, որոնք գիտեն, թէ տարի մը ետք իրենց անունները պիտի ըլլան քուէաթերթիկներու վրայ: Վերջին օրերուն, նմաններ տեսնուեցան «լարախաղացներու» ցուցակին վրայ: Այլ խօսքով, թէ՛ նախագահը, թէ՛ իր կողքին կանգնողները այս թղթածրարները կը գործածեն իբրեւ ընտրական խաղաքարտ, նաեւ… շոգիի ամպերու ետին պահելու զիրենք այլապէս հալածող տագնապներ (որոնց շարքին՝ չարաշահութեան եւ անբարոյական արարքներու մէջ գտնուած ըլլալու մեղադրանքները, օրէնքի աղաղակող խախտումները…):

Մէկ խօսքով, եթէ շպարները վերցուին, յստակ կը դառնայ նաեւ պատասխանը այն հարցումին, թէ խորհրդարանի երկու տուներուն անդամները (գոնէ մեծամասնութիւն մը) ի վերջոյ որո՞ւն շահերը կը պաշտպանեն, որո՞նց շահակից են (կամակատարը վարկաբեկի՞չ բառ է), մինչդեռ անոնք ընտրուած են ժողովուրդին քուէով, պաշտպանելու եւ ապահովելու համար անոր շահը, նոյնինքն Սահմանադրութի՛ւնը, որ այլապէս խաղալիք դարձած է նախագահին եւ իր կարգ մը գործակիցներուն ձեռքին, երկիրը առաւելաբար կը կառավարուի նախագահական հրամանագիրներով ու հրահանգներով (խաղաղասէրը նոր պատերազմներու դաշտեր կը պատրաստէ):

ԻՍԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ՞ ՄԷՋ

Վերի տեղեկութիւնները արձանագրելու պահուն, մեր մտապատկերի յետին պաստառին վրայ կար մեր հայրենիքը: Թէեւ ուղղակի ակնարկութիւններ չըրինք, սակայն ընթերցողը վստահաբար տեսաւ բազմաթիւ նմանութիւններ, զուգահեռներ, գիտէ՝ թէ Երեւանի իշխանութիւնն ալ նման աճպարարութիւններու եւ շպարումի «շքերթներ» կը հրամցնէ ժողովուրդին, որ կրնայ պահ մը մանուկի պէս հրճուիլ լուսազարդուած տօնածառերով, սակայն մորթին վրայ կը զգայ դաժան իրականութիւններու խայթոցները:

Արձանագրենք մէկ քանի փաստ, քաղելով հայրենի լրատու աղբիւրներէ:

Ապրուստի՝ տարրական սննդամթերքի եւ այլ պէտքերու սղութեան ալիքը սկսած է նմանիլ իրերայաջորդ ցունամիներու: Կայ նաեւ ապահովագրութեան սակագիներու բարձրացումը՝ առողջութեան ու ինքնաշարժներու կալուածներուն մէջ, նմանապէս կախուած՝ սահմանափակ եկամուտով ու աշխատող քաղաքացիներու գլուխներու վերեւ: Կ՛արժէ յիշեցնել, որ «քալողներու» կառավարութեան ստեղծած առաջին վատ ցնցումը՝ կուտակայիններու թղթածրարին հետեւանքով էր (7 տարի առաջ)…:

Այս սիւնակին մէջ, եկէ՛ք, չմտնենք քաղաքական յելուզակութիւններու դաշտը, այլ միայն յիշեցնենք, որ ընդդիմադիրներու դէմ ճնշումի, հայրենիքի պաշտպաններու դէմ հալածանքի եւ բռնադատութիւններու քայլերը, յաճախ՝ ոստիկան ուժերու գործակատարութեամբ, նմանութեան որոշ գիծեր ունին ամերիկեան դաշտին մէջ տեղի ունեցողներու հետ, որովհետեւ հոն ալ իշխանաւորը իր հեղինակութիւնը եւ կամայականութիւնները պարտադրելու համար, գործի կը լծէ բանակայինները…: Երեւանի մէջ, ընդդիմադիրներու բանտարկութիւնը, Եկեղեցւոյ դէմ արշաւները (նորագոյնը՝ Փաշինեանի հետ տեսակցած 10 կրօնաւորներու »արշաւն« էր դէպի Էջմիածին, 18 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ոստիկաններու ստուար թիւի մը պաշտպանութեան տակ) դարձած են սովորական, յաճախ կը դիմաւորուին… անտարբերութեամբ, «մենք քաղաքականութեան մէջ չենք ուզեր մտնել» խուսափողականով:

Ամերիկեան դաշտերու մէջ պատահածներուն հայկական զուգահեռները արդեօք որոշ մարդոց մտքին մէջ կը ստեղծէ՞ այն բերկրանքը, թէ՝ «ի՜նչ լաւ, մեր երկիրն մէջ ալ տեղի կ՛ունենան ցանկալի՜ Ամերիկային մէջ եղածներուն նմանները»: Յամենայնդէպս, անոնց կողքին, կան նաեւ… անզուգական «իրագործումներ»: Օրինակ, բանակին ծառայութեան ժամանակաշրջանի կրճատումը… ընտրական հաշիւներով, Ատրպէյճանի վրայով ցորենի ու վառելանիւթի մատակարարումը, որուն ետին կ՛երեւին ընտրական «կոտոշ»ներ: Իսկ թէ 2026 տարին ինչպիսի՜ անզուգական »բարիքներ« պիտի բերէ մեր հայրենիքին ու ազգին՝ պէտք է նամակով մը հարցումներ ուղղել շուտով հասնելիք Կաղանդ պապուկին, թէեւ իշխանականները որոշ «կոտոշներ» բացայայտած են՝ թուրք-ատրպէյճանական պահանջներու դիմաց նոր զիջումներ կատարելու եւ… ցնորական խաղաղութիւն հետապնդելու իմաստով:

Մէկ բան բացորոշ է. ժողովուրդը հիմա զգաստութեան եւ հայրենիքի շահերուն պաշտպանութեան որոշ նշաններ ի յայտ կը բերէ. Էջմիածինի տաճարի շրջափակին մէջ Հինգշաբթի օր պատահածը՝ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՇՏՊԱՆ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ կեցուածքը նախանշան մըն էր:

…Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը այս օրերուն կը տօնէ իր հիմնադրութեան 135րդ տարեդարձը: Ամէն տեղ կը հնչէ կուսակցութեան քայլերգը, որուն իւրաքանչիւր տողը, եւ ո՛չ միայն «շահագործող ցեցեր վատնեն»ը, անժամանցելի հնչեղութիւն ու պատգամ ունին մի՛շտ:

18 Դեկտեմբեր 2025

(*) Պէտք կա՞յ մանրամասնելու, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ նման երկիրներու մէջ ապահովագրութիւն չունենալը նախադուռն է սնանկացումի ու տնազրկումի, իսկ թէ ապահովագրեալները ինչպիսի՞ խաղերու կամ խաղքութիւններու խաղալիք կ՛ըլլան երբեմն՝ բոլորովին այլ հարց: Մայքըլ Մուրի հետեւեալ վաւերագրական ժապաւէնը (2007) լուսաբանող է.


Սագոն. Լրագրութեան Վարպետը

ԱՐՄԷՆ ԱՊՏԱԼԵԱՆ

Յուլիս 1989ին, օր մը, առաջին անգամ ըլլալով ոտք կոխեցի «Ազդակ»ի յարկը։ Խմբագրատունը կը գտնուէր «Շաղզոյեան» մշակութային կեդրոնի կիսայարկին մէջ, որ առաջին յարկէն կէս յարկ վար գտնուող տարածք մըն էր։ Ներկայացայ լուրերու խմբագիրներու սենեակը, ուր կողք կողքի շարուած էին գրասեղաններ, որոնց ետին ծանօթ դէմքեր նստած՝ կը գրէին։ Զոյգ շարքին դիմաց կար առանձին գրասեղան մը, որուն ետին նստած էր կիսաճաղատ, սեւ շրջանակով ակնոցներով մարդ մը, որուն բարեւեցի։ «Նստէ», ըսաւ շատ լակոնական ոճով եւ հարցուց անունս եւ մականունս։ Պատասխանեցի եւ աւելցուցի, որ կ՛ուզեմ գիշերային գործ մը աշխատիլ «Ազդակ»ի յարկին տակ։ «Հայերէն գիտե՞ս», հարցուց ան. պատասխանեցի, որ քիչ մը  գիտեմ։ Փորձենք, ըսաւ ան եւ ցոյց տուաւ թափուր գրասեղան մը։ «Նստէ եւ «Սաութ Լըպնէն»ի լուրերը 15 վայրկեանէն կը սկսին։ Հետեւէ եւ քանի մը լուր՝ քու հայեցողութեամբ հայերէնի թարգմանէ», ըսաւ եւ դուրս ելաւ սենեակէն։

Առաջին տպաւորութիւնս դրական չէր։ Սակայն, չէի գիտեր, որ հետս խօսողը «Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիրը, բոլորին սիրելի, լրագրութեան համեստ հրամանատար, սեւ գործի անզուգական անձնաւորութիւն Սագօ Մահսէրէճեանն էր։
Տարիներու ընթացքին, «Ազդակ»ի յարկին տակ աշխատանքիս բնոյթը յաճախ փոխուեցաւ։ Քանի մը տարի լիբանանեան լուրերուն սիւնակներուն մէջ Սագոյին անմիջական հսկողութեան տակ «մարզուելէ» ետք, անցայ ներքին էջերու խմբագրական կազմի շարքերը։ Այդ օրերուն, «Ազդակ»ը բաժանորդագրուած էր «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, եւ ամէն օր կը ստանայինք յօդուածի վերածուելու յարմարութիւններ ունեցող երկար տեղեկագիրներ՝ զանազան նիւթերու շուրջ, քաղաքականէն մինչեւ մշակութայինը եւ մարզականը։ Բաւական հարուստ ընտրանի մը կ՛ունենայինք, եւ ամէն առաւօտ, երբ խմբագրատուն երթայի ու ներքին էջերու խմբագրական սենեակը մտնէի՝ գրասեղանիս վրայ կը գտնէի «Ռոյթըրզ»ի տեղեկագիր մը, զոր պէտք է թարգմանէի։ Յաճախ նոյն նիւթին շուրջ քանի մը տեղեկագիրներու տրցակ մը դրուած կ՛ըլլար։ Այս պարագային պէտք է թարգմանէի եւ խմբագրէի՝ զանոնք մէկ ամբողջական յօդուածի մը վերածելու համար։

Այդ տարիներուն, Սագոն մեծ համբերութեամբ եւ սիրով մեզի (քանի մը հոգի էինք) սորվեցուց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մէկ յօդուած ստեղծել՝ քանի մը տեղեկագիրներ իրարու միացնելով։ Ասիկա խմբագրական աշխատանք կ՛ենթադրէր եւ պէտք էր համբերատար ըլլալ՝ հմտօրէն գործը գլուխ հանելու համար։ Ամէն կէսօրէն ետք, Սագոն զիս կը նստեցնէր դիմացը եւ կը բացատրէր, թէ թարգմանութեան ընթացքին հայերէն լեզուամտածողութեամբ ինչպէս կարելի է անգլերէնը հայերէնի վերածել, որ բաժինը առնել եւ որ բաժինը զանց ընել։ Մուտքը եւ վերջաբանը ինչպէս գրել, ինչու այդ բաժիններուն վրայ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել։ Ամէն օր ան խմբագրական աշխատանքի բոլոր գաղտնիքները մեզի կը սորվեցնէր՝ առանց դժգոհելու, եւ մեզ ժամերով կ՛առնէր իր դիմացը ու կը բացատրէր եւ կը բացատրէր։ Այդ օրերուն չէինք անդրադառնար, որ լրագրութեան ձրի դասընթացք մըն էր որ կը տրուէր մեզի։ Տարիներու ընթացքին, ձեռք բերուած հմտութիւնը բոլորս անխտիր կը պարտինք Սագոյին, առանց որուն համբերութեան, վստահ եմ, որ մեր խումբը հմտութիւն եւ գիտելիք ձեռք պիտի չձգէր։

Երբ գործընկերոջս՝ Հրաչ Վարժապետեանի հետ նշանակուեցայ քաղաքական էջերու պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնին Սագոն շարունակեց առաջին ամիսը ամէն օր  օժանդակել, որպէսզի սխալներ չարձանագրենք։ Տուեալ լուրին մասին բազմակողմանի գիտելիք հաւաքելու, ինչպէս նաեւ՝  տեղեկութիւնները գլխաւոր լուրին կապելու խմբագրական աշխատանքին գաղտնիքներուն տիրապետեցինք՝ առաջնորդ եւ ուսուցիչ ունենալով Սագոն։
Հապա յօդուածագրութի՞ւնը։ Ասիկա ուրիշ մարզ մըն էր, ուր երեւան կու գար սկզբունքներու եւ գիտելիքներու անսպառ աղբիւր մը եղող Սագոն։ «Ըսելիքդ ըսէ։ Խուսափէ դարձդարձիկ եւ խրթին ըսելաձեւէ։ Ընթերցողը խաղալիքդ չէ», կը զգուշացնէր ան եւ անմիջապէս կը նշէր յօդուածին տուեալ բաժինին համար իր տարբերակը։Արագ, հանգիստ եւ վարպետօրէն՝ վարպետ Սագոն, որ մեր բոլորին աւագ եղբայրն էր։ Սրամիտ, համբերատար, անզիջող եւ սիրելի։ Անզիջող էր, երբ հարցը կը վերաբերէր սկզբունքներու ։«Կարելի չէ ընթերցողը անտեսել եւ բարձունքներու վրայ թռչիլ, անհասկնալի բաներ գրելով», ըսաւ օր մը ինծի, երբ «Ազդակ» բացառիկին համար «Հայկական Հարսանիք» խորագրեալ աշխատասիրութիւնս կարդաց։ «Մուտքը լաւ է։ Գլխաւոր բաժինին մէջ խարխափումներ եւ կրկնութիւններ կան։ Մաքրէ՛ զանոնք», ըսաւ եւ ժպտաց։ Միշտ ժպիտը անպակաս էր դէմքէն, մանաւանդ երբ սրբագրութեան դիտողութիւն մը կ՛ընէր։ Չըլլայ յանկարծ նեղուէինք։ Մենք ալ վարժուած էինք իր տեղին դիտողութիւններուն եւ չէինք նեղուէր։
Սագօ Մահսէրէճեան լրագրութեան դպրոց մըն էր։ Անոր հետեւողականութիւնը եւ գրելու ոճը յոյս կը ներշնչէր։ Չեմ գիտեր եթէ յաջողութեամբ աւարտած եմ այդ դպրոցը։ Սակայն հպարտ եմ, որ երկար տարիներ աշխատած եւ գործակցած եմ Սագոյին հետ։ Երեսունհինգ տարիներու հանգրուան մըն է որ կտրած եմ։ Սագոն այդ հանգրուանին սկզբնական 15 տարիներուն կողքիս էր, ինչպէս կողքին էր բոլորին։ Ասոր համար ալ հպարտ եմ։



Leave a Comment