«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Յաղթեց Կալաթասարայի. Պարսելոնա Եւ Պայերն Միւնիխ Մեծ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի մնացեալ 4 խումբերն ալ ի յայտ եկան 1/8-րդ հանգրուանի դարձի երկրորդ օրուան մրցումներէն ետք, ուր Լիվըրփուլ վերջապէս կրցաւ դուրս ձգել Կալաթասարայը (4-0), մինչ Պարսելոնա դժուար կիսախաղ մը բոլորելէ ետք (3-2) կրցաւ 4 անպատասխան կոլեր նշանակել Նիւքեսըլի դէմ, մինչ Պայերն Միւնիխ մեծ թիւով բացականերով խաղալով հանդերձ կրցաւ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնել Աթալանթան:

Թոթենհամ Լոնտոնի մէջ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլեթիքօ Մատրիտը, որ սակայն հասաւ քառորդ աւարտական` նկատի ունենալով, որ 5-2 արդիւնքով յաղթած էր երթին` Սպանիոյ մէջ:

7 ապրիլին Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Պայերն Միւնիխը (դարձը` 15 ապրիլին, Միւնիխ), իսկ Սփորթինկ Լիզպոն պիտի հիւրընկալէ Արսենալը (դարձը` 15 ապրիլին, Լոնտոն):

8 ապրիլին Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի հիւրընկալէ Լիվըրփուլը, (դարձը` 14 ապրիլին), իսկ Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը (դարձը` 14 ապրիլին):

 

Leave a Comment