Նիկոլ Փաշինեանի այն տեսակէտը, թէ Հայաստանի նոր սահմանադրութիւնը պէտք չէ յղում կատարէ Անկախութեան հռչակագիրին, խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Ասիկա պարզ իրաւական կամ սահմանադրական փոփոխութիւն մը չէ, այլ հարց է Հայաստանի պետական ինքնութեան, պատմական յիշողութեան եւ ազգային ուղղութեան:
Առաջին մտահոգիչ կէտը Արցախի հարցն է: Անկախութեան հռչակագիրը պատահականօրէն չէ, որ կ՛անդրադառնայ Արցախի ազգային իրաւունքներուն: Անիկա կ՛արտայայտէ հայ ժողովուրդի պատմական կամքը եւ այն համոզումը, թէ Արցախը երբեք սոսկ բանակցային նիւթ մը չէ եղած, այլ` ազգային պայքարի կարեւոր մաս: Հետեւաբար հռչակագիրէն հեռանալը շատերու աչքին կը նշանակէ նաեւ հեռացում այդ պատմական դիրքորոշումէն:
Երկրորդ մտահոգիչ կէտը Հայոց ցեղասպանութեան հարցն է: Նոյն հռչակագիրը նաեւ կ՛ամրագրէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը: Այս կէտը վճռական է, որովհետեւ կը հաստատէ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն յիշողութեան հարց չէ, այլ նաեւ` պետական յանձնառութիւն: Այդ պատճառով ալ, երբ այսօր կը փորձուի նուազեցնել հռչակագիրին դերը, շատերուն մօտ բնական կասկած կը ծագի, թէ արդեօք այս մօտեցումը կրնա՞յ վաղը թուլացնել նաեւ Ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ պետական կեցուածքը:
Այս բանավէճը, հետեւաբար, միայն սահմանադրական չէ: Անիկա կը վերաբերի Հայաստանի ազգային դիմագիծին: Երբ հիմնադիր փաստաթուղթ մը կը ներկայացուի որպէս «հակամարտութեան տրամաբանութիւն», վտանգը այն է, որ պետութիւնը սկսի հրաժարիլ իր պատմական յենասիւններէն` յանուն ներկայ քաղաքական հաշիւներու: Բայց ժողովուրդ մը, որ կը հեռանայ իր յիշողութենէն, վերջ ի վերջոյ կը հեռանայ նաեւ իր իրաւունքներէն:
Այսօր Հայաստանի առջեւ ծառացած են անվտանգային, քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական լուրջ մարտահրաւէրներ: Սակայն ոչ մէկ մարտահրաւէր կրնայ արդարացնել ազգային հիմքերու թուլացումը: Պետական իմաստութիւնը չի նշանակեր հրաժարիլ այն սկզբունքներէն, որոնք քեզ պետութիւն դարձուցած են: Ընդհակառակը, իսկական պետական իմաստութիւնը այն է, որ դժուար պայմաններու մէջ իսկ պահպանես քու հիմնարար արժէքներդ եւ զանոնք ներկայացնես իբրեւ քու ինքնութեան անբաժանելի մասը:
Ահա թէ ինչո՛ւ Անկախութեան հռչակագրին դերը նսեմացնելու փորձը շատերու համար պարզ բարեփոխում մը չէ: Անիկա կը դիտուի որպէս նահանջ երկու հիմնարար ազգային հարցերէ` Արցախէն եւ Հայոց ցեղասպանութենէն: Իսկ այս երկու հարցերը միայն անցեալի յիշատակ չեն, այլ Հայաստանի պետականութեան բարոյական ու պատմական հիմքերէն են:
Նիկոսիա, Կիպրոս
