Քաց. «Հակամարտութիւնը Մուտք Կը Գործէ Վճռական Փուլ»

Մինչ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը մուտք գործեց իր երրորդ շաբաթը, ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ վկայակոչելով յայտնեց, որ ամերիկեան օդուժին պատկանող վառելանիւթի մատակարարման հինգ օդանաւեր Սէուտական Արաբիոյ օդուժի «Ամիր Սուլթան» ռազմակայանին մէջ հարուածի թիրախ դառնալով վնասուած են:

Օդանաւերը վնասուած են, երբ վերջին օրերուն սէուտական ռազմակայանը Իրանի կողմէ հրթիռակոծուած է: Նշեալ օդանաւերը վնասուած են, սակայն ամբողջովին չեն ջախջախուած, եւ այժմ վերանորոգման կ՛ենթարկուին:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ Իրանի դէմ պատերազմին պատճառով սպաննուած ամերիկացի զինուորներու թիւը հասած է 13-ի, իսկ 10 ուրիշներ ծանրօրէն վիրաւորուած են:

«Սի.Էն.Էն.» ուրբաթ օր հաղորդած էր, որ ամերիկեան կողմի զոհերուն թիւը 11 է, իսկ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը նախապէս յայտարարած էր, թէ աւելի քան 680 ամերիկացի զինուորներ սպաննուած կամ վիրաւորուած են:

«Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մերժած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան մը ծիրին մէջ իրանեան հարստացուած իւրանիոմը Ռուսիա փոխադրելու առաջարկը:

Աղբիւրներ ամերիկեան կայքին յայտնած են, որ Փութին այդ առաջարկը ներկայացուցած է այս շաբաթ Թրամփի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին, սակայն վերջինս զայն մերժած է:

Սպիտակ տան մէջ քրիփթոարժոյթներու եւ արհեստական բանականութեան հարցերու խորհրդական Տէյվիտ Սաքս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է Իրանի հետ պատերազմին «յաղթանակ յայտարարեն եւ հեռանան»:

Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն տկարացուց իրանեան զինուորական կարողականութիւնը, եւ ժամանակը կրնայ յարմար ըլլալ մագլցումէն ելք որոնելու համար:

Սաքս աւելցուց, որ մագլցումը դրական արդիւնքներ պիտի չտայ, ուստի պէտք է մտածել կացութեան հանդարտեցման մասին` նշելով, որ ատիկա կրնայ ներառել Իրանի հետ զինադադարի համաձայնութեան կամ բանակցուած կարգաւորման հասնիլը:

Իրանեան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Թեհրան մերժած է շարք մը պետութիւններու զինադադարի շուրջ բանակցելու ջանքերը, եթէ Ուաշինկթըն եւ Իսրայէլ իրենց յարձակումները չդադրեցնեն, եւ զինադադարի համաձայնութեան ծիրին մէջ յարձակումներու տեւական դադրեցում եւ փոխհատուցում պահանջած է:

Աղբիւրները լրատու գործակալութեան նշած են, որ Թեհրանի դիրքորոշումը աւելի կարծր դարձած է, եւ դիւանագիտական խողովակներու ճամբով անոր ամբողջ փոխանցուածը այլեւս դադրած է կարեւոր ըլլալէ:

«Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը մեծապէս կը հաւատայ, որ եթէ Իրան Հորմուզի նեղուցի վերահսկողութիւնը կորսնցնէ, պատերազմին պիտի պարտուի, եւ որեւէ զինադադար, բանակցութիւն կամ դիւանագիտական ջանք պիտի չընդունի», յայտնած են աղբիւրները:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր նշեց. «Պատերազմը հիմա դադրեցնելը սխալ է, եւ մինչեւ ապրիլ մարտական պատրաստ ծրագիրներ ունինք, հազարաւոր թիրախներ գոյութիւն ունին»:

«Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթն ալ կիրակի օր հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը 1 ապրիլը` Փասեքի տօնին գիշերը ճշդած է իբրեւ զինուորական արշաւի աւարտի հաւանական ժամկէտ»:

«Իսրայէլ Հայոմ» նաեւ հաղորդեց. «Իսրայէլի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը խոստովանին, թէ Իրանի մէջ վարչակարգը տապալելու կարելիութիւնը իրենց մտածածէն նուազ է»:

Իսրայէլեան բանակի բանբերը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է. «Մտադիր ենք Իրանի դէմ պատերազմը յաւելեալ 3 շաբաթներով շարունակել»: Բանբերը աւելցուց. «Բանակը ժամանակացոյցի հիմամբ չի գործեր, այլ` իր նպատակներու իրագործման համար»:

Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու, ֆրանսական իշխանութիւնները հերքած են այն տեղեկութիւնները, թէ կը պատրաստուին 10 մարտանաւեր Հորմուզի նեղուց ուղարկել:

Ճափոնական պաշտօնական աղբիւրներ Ճափոնի պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են. «Մեր որոշումները մենք կու տանք, եւ Հորմուզի նեղուց նաւեր պիտի չուղարկենք, պարզապէս որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այդ մէկը ուզեց»:

Յիշեցնենք, որ Թրամփ յայտնած էր. «Հորմուզի նեղուցին ճամբով քարիւղ ստացող երկիրները պէտք է նեղուցի հոգատարութիւնը ստանձնեն եւ մեզի շատ օգնեն»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ շաբաթ գիշեր «Պի-52» ռազմավարական ռմբաձիգներով ռմբակոծեց Իրանը:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին յայտարարեց, որ առաջին անգամ ըլլալով օգտագործած է «Սաժիլ» ռազմավարական հրթիռը եւ հարուածած  Իսրայէլի մէջ օդուժի գործողութիւններու որոշման կեդրոնները, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ ռազմարդիւնաբերական ազդեցիկ ենթակառոյցները:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան քարտուղար Ալի Լարիժանի նշեց. «Սադրանքի մը ծրագրման եւ սեպտեմբեր 11-ի դէպքերուն նմանող գործողութեան մը ստեղծման ու Իրանը ամբաստանելու մասին լսեցի»:

«Մենք ահաբեկչական այդ ծրագիրներուն դէմ ենք եւ ամերիկացի ժողովուրդին նկատմամբ թշնամանք չունինք», շեշտեց Լարիժանի:

Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կար Սթորէ յայտնեց. «Իրանի հետ ներկայ պատերազմը կը թուի մագլցում արձանագրել: Զինուորական արշաւի ծրագիրը անորոշ կը թուի»:

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութիւն Մը Կնքել, Սակայն…»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրան «ամբողջովին պարտուած է եւ կ՛ուզէ համաձայնութիւն կնքել», սակայն ինք անոր համաձայն պիտի չըլլայ:

Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցի վրայ գրեց. «Կ՛ատեմ լրատուամիջոցները, որոնք կը հրապարակեն սուտ լուրեր, զորս սուտ լուրեր կը տարածեն մեծ արդիւնքներուն մասին, որոնք ամերիկեան բանակը իրագործեց Իրանի դէմ, որ ամբողջական պարտութիւն կրեց եւ կ՛ուզէ կնքել համաձայնութիւն մը, որ սակայն պիտի չըլլայ համաձայնութիւն մը, որուն համաձայն պիտի ըլլամ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշեց, որ ամերիկեան ծովուժը «շատ շուտով» պիտի սկսի Հորմուզի նեղուցին մէջ քարիւղատար նաւերուն ընկերակցիլ:

Ռեզայի. «Իրան Պատրաստ Է Պատերազմի Աւարտին Շուրջ Բանակցելու Միայն Երկու Պայմանով»

Իրան պատրաստ է պատերազմի աւարտին շուրջ բանակցելու միայն երկու պայմանի իրագործման պարագային: Այս մասին յայտարարեց Իրանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչ Մոհսեմ Ռեզայի:

«Պատերազմի աւարտը մեր ձեռքն է: Մենք պատերազմի դադրեցման հարցը պիտի դիտարկենք միայն այն ժամանակ, երբ, նախ` Միացեալ Նահանգներէն ստանանք մեր բոլոր կորուստներուն ամբողջական փոխհատուցումը, եւ երկրորդ` ստանանք ապագային հարիւր առ հարիւր երաշխիք, ինչ որ անկարելի է առանց Միացեալ Նահանգներու Պարսից ծոցէն դուրսբերման», ըսաւ Ռեզայի:

Արաղչի. «Մինչեւ Հիմա Պատերազմին Վերջ Տալու Որոշակի Նախաձեռնութիւն Չկայ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի «Արապի Ժատիտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Խարեժ կղզիի բռնագրաւումը անոր վրայ յարձակում գործելէն աւելի մեծ սխալ պիտի ըլլայ»:

«Մինչեւ հիմա պատերազմին վերջ տալու որոշակի նախաձեռնութիւն չկայ», շեշտեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Պիտի ողջունենք շրջանային որեւէ նախաձեռնութիւն, որ պատերազմի արդար աւարտին կը յանգեցնէ»:

«Հորմուզի նեղուցը բոլորին դիմաց բաց է, բացի ամերիկեան նաւերուն եւ Միացեալ Նահանգներու անոր դաշնակիցներուն դիմաց», ըսաւ ան:

«Իրանի մէջ կացութիւնը կայուն է, եւ պետութեան հաստատութիւններուն կամ բանակին մէջ պառակտումներ չկան», շեշտեց Արաղչի:

«Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ, Օմանի եւ դրացի երկիրներուն հետ դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

Ան նաեւ նշեց. «Գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Մոջթաբա Խամենէիին առողջութիւնը լաւ է, եւ ան կացութիւնը ամբողջական կերպով կը ղեկավարէ»:

«Պատրաստ ենք շրջանի պետութիւններէն կազմուած յանձնախումբ մը կազմելու թիրախաւորուած թիրախներուն շուրջ, եւ մեր յարձակումները միայն շրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայաններն ու շահերը կը թիրախաւորեն», յայտնեց Արաղչի:

«Ամերիկացիները մեր անօդաչու թռչող սարք «Շահետ»-ին նման անօդաչու թռչող սարք մը կազմեցին «Լուքըս» անունով, եւ վերջինս անոր ամբողջական կրկնապատկերն է, եւ անոնց ճամբով կը թիրախաւորեն արաբական պետութիւնները», ըսաւ ան:

«Հաւանական է, որ արաբական պետութիւններուն մէջ ոչ զինուորական թիրախներու վրայ յարձակումներուն ետին Իսրայէլը կը կանգնի` այդ պետութիւններուն Իրանի հետ յարաբերութիւնները խանգարելու համար», նշեց Արաղչի:

Քաց. «Հակամարտութիւնը Մուտք Կը Գործէ Վճռական Փուլ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, որ Իրանի հետ հակամարտութիւնը մուտք կը գործէ «Վճռական փուլ»:

Ան շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը շաբաթ երեկոյեան Իրանի կարեւորագոյն քարիւղային կղզիին` Խարկին, «ծանր հարուած» հասցնելու համար` զայն կոչելով «Հորմուզի նեղուցի ականապատ տարածքներուն համարժէք պատասխան»:

Քաց նաեւ ըսաւ, որ Իսրայէլի օդուժը «կը շարունակէ Թեհրանի եւ ամբողջ Իրանի վրայ յարձակումներու հզօր ալիքը»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ միայն Իրանի ժողովուրդը կրնայ վերջ դնել հակամարտութեան` տապալելով գործող վարչակարգը:

Ըստ Եւրոպացի Դիւանագէտի Մը, Բանակցութիւնները Մեծ Թափով Սկսած Են

Եւրոպացի դիւանագէտ մը «Նաշրա» կայքին յայտնեց. «Ամերիկացիներուն եւ իրանցիներուն միջեւ բանակցութիւնները մեծ թափով սկսան միջազգային միջնորդներու, ներառեալ Ծոցի երկրի մը միջոցով»:

Ան նշեց, որ հակամարտող կողմերուն միջեւ փոխադարձ հարուածները իրենց վերջին օրերուն մէջ են, եւ անոնց աշխուժացումը բանակցային «պայմաններու բարելաւման համար է»:

«Բոլոր կողմերը կ՛ուզեն պատերազմի դադրեցման հասնիլ, սակայն տեղի կ՛ունենայ կարգաւորման ելքի որոնում, որ կ՛առնչուի շարք մը նիւթերու, որոնց շարքին են հիւլէական թղթածրարը եւ Իրանին պահանջած փոխհատուցումները», ըսաւ դիւանագէտը:

Ըստ տեղեկութիւններու, Ծոցի երկիրներ եւս Իրանէն նիւթական փոխհատուցումներ կը պահանջեն` իրենց մայրաքաղաքներու թիրախաւորման եւ իրենց հասցուած նիւթական մեծ վնասներուն համար:

Եւրոպացի դիւանագէտը նախատեսեց, որ պատերազմը նուազ քան երեք օրուան ընթացքին վերջ գտնէ, եթէ ի յայտ չգան քաղաքական եւ զինուորական զարգացումներ, որոնք բանակցութեան թափը կը կտրեն:

Ան մատնանշեց սէուտական դերակատարութիւնը, որ  աշխատանք կը տանի մագլցումը վերահսկողութեան տակ առնելու եւ Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը վերականգնելու:

Միացեալ Նահանգներու Ուժանիւթի Նախարար. «Պատերազմը Յառաջիկայ Քանի Մը Շաբթուան Ընթացքին Պիտի Աւարտի»

Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարար Քրիս Ռայթ երէկ նախատեսեց, որ Իրանի հետ Միացեալ Նահանգներու պատերազմը «յառաջիկայ քանի մը շաբթուան» ընթացքին աւարտի եւ անոր հետեւի քարիւղի մատակարարումներու վերականգնում ու ուժանիւթի գիներու նուազում:

Ռայթ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին «ՏիսՈւիք» յայտագիրին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Կը կարծեմ, որ այս հակամարտութիւնը յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին պիտի աւարտի, եւ թերեւս անկէ ալ առաջ: Հակամարտութիւնը յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին պիտի աւարտի, եւ մատակարարումներու վերականգնում պիտի տեսնենք, եւ ատկէ ետք ալ գիներու նուազում»:

Տնտեսական Հետեւանքներ

Ամերիկացի զինուորական փորձագէտ մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ քարիւղի արտածման հանգրուան եղող իրանեան Խարկ կղզիի վրայ ամերիկեան հարուածները պատերազմը դարձուցած են աւելի սուր եւ ի վերջոյ կրնան յանգեցնել քարիւղի գիներու «վտանգաւոր» բարձրացման:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Իրան կը սերտէ սակաւաթիւ քարիւղատարներու Հորմուզի նեղուցէն անցնիլը արտօնել, պայմանով, որ քարիւղը վաճառուի չինական դրամանիշով` եուանով:

Բեռնափոխադրման «Մերսք» ընկերութեան նախագահը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած է. «Հորմուզի նեղուցի փակումը որքան երկարի, Ասիոյ մէջ քարիւղի պահեստանոցները լեցնելը այդքան կը դժուարանայ»:

Իրաքի քարիւղի նախարարութիւնը «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցին ճամբով քարիւղի արտածումը շրջանի զարգացումներուն պատճառով կանգ առաւ, եւ աշխատանք կը տանինք այլընտրանքներ գտնելու»:

«Քերքուքի եւ թրքական Ճէյհան նաւահանգիստին միջեւ քարիւղի խողովակաշարի վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին», նշեց նախարարութիւնը:

Դիւանագէտներ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են. «Ամերիկացի պաշտօնատարներ իրենց եւրոպացի պաշտօնակիցներուն յայտնեցին, թէ Ռուսիոյ քարիւղին դէմ այլ պատժամիջոցներ պիտի չհաստատեն»:

 

 

Leave a Comment