Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան շաբաթ օր ներում հայցեց դրացի երկիրներէն եւ նշեց. «Անոնց նկատմամբ թշնամանք չունինք»:
«Կը յարգենք միջազգային օրէնքն ու մարդասիրական սկզբունքները, եւ թշնամին չի կրնար մեր իրաւունքները անտեսել», ըսաւ ան:
«Մինչեւ վերջին շունչ պիտի պայքարինք մեր երկիրը այս ճգնաժամէն դուրս բերելու համար», նշեց Իրանի նախագահը:
«Ղեկավարութեան ժամանակաւոր խորհուրդը դրացի երկիրներու վրայ յարձակումներու շղթայազերծումը արտօնեց միայն այն պարագային, երբ Իրանի վրայ յարձակումը այդ երկիրներէն ընթացք առնէ», յայտարարեց Փեզեշքիան:
Իրանի նախագահի գրասենեակէն պաշտօնատար մը յայտնեց. «Նախագահին դիրքորոշումը յստակ է. եթէ շրջանի պետութիւնները Ուաշինկթընի հետ չգործակցին, անոնց վրայ յարձակում պիտի չգործենք»:
«Մեր զինեալ ուժերը ցուցմունքներու հիմամբ պիտի հակադարձեն շրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայաններէն որեւէ յարձակումի», նշեց պաշտօնատարը:
Սակայն Փեզեշքիան կիրակի օր յայտարարեց, թէ Թեհրան ստիպուած պիտի ըլլայ պատասխանել որեւէ պետութեան տարածքէն իրականացուող յարձակումներուն:
Նշենք, որ իրանեան ղեկավարութեան մօտիկ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էին, որ Փեզեշքիանին Ծոցի երկիրներէն ներում հայցելը Յեղափոխական պահակագունդին մէջ ծայրայեղականներու դժգոհութիւնը յառաջացուցած է:
Խամենէիի գրասենեակին մօտիկ աղբիւր մըն ալ իր կարգին նշեց, որ Փեզեշքիանի յայտարարութիւնը Յեղափոխական պահակագունդի շարք մը բարձրաստիճան ղեկավարները զայրացուցած է:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ նոր բանակցութիւններ տեղի կրնան ունենալ հաւանաբար հինգշաբթի օր»:
Ան նախքան այդ նշած էր. «Եթէ Թրամփ մագլցումի կը ձգտի, այդ մէկը պիտի ստանայ»:
Արաղչի աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու նախագահէն պահանջեց ներում հայցել Իրանի դէմ պատերազմ շղթայազերծելուն համար: Ան ըսաւ, որ Թրամփ «պէտք է ներում հայցէ շրջանի ժողովուրդներէն ու իրանցի ժողովուրդէն` մեր դէմ ամերիկացիներուն գործած սպանութեան ու քանդումի գործողութիւններուն համար»:
Ան ըսաւ, որ իրանեան հրթիռները Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար հասնիլ` աւելցնելով. «Այն, ինչ որ կրնանք ընել մեր շուրջ եղող, եւ ցաւօք մեր դրացիներու հողերուն վրայ եղող ամերիկեան ռազմակայաններուն եւ կառոյցներուն վրայ յարձակում գործելն է»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անդրադառնալով Փեզեշքիանի յայտարարութեան նշեց. «Իրան, որ չարաչար կը պարտուի, ներում հայցեց ու Միջին Արեւելքի մէջ իր դրացիներուն անձնատուր եղաւ եւ խոստացաւ, որ անոնց վրայ պիտի չկրակէ»:
«Գոյութիւն ունին շրջաններ ու խմբաւորումներ, որոնք մինչեւ այս պահս ներառուած չէին թիրախաւորման ծրագիրին մէջ. կը սերտենք զանոնք քանդելու հարցը», յայտնեց Թրամփ` աւելցնելով. «Իրան այսօր շատ ուժեղ հարուածի պիտի ենթարկուի»:
Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ յայտնած է, որ պէտք չէ Իրանին դիրքերու վերաբերեալ տեղեկութիւններ կամ այլ օժանդակութիւն տրամադրէ:
Իրանցի պաշտօնատար մը, անդրադառնալով Թրամփի այս յայտարարութեան, «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Եթէ Թրամփ նոր թիրախներու վրայ յարձակում գործէ, մենք եւս նոր թիրախներու վրայ յարձակում պիտի գործենք»:
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ամերիկան սկսաւ պաշտպանողական գործողութիւններու մէջ մեր ռազմակայանները օգտագործել` Իրանին արգիլելու գործել յարձակումներ, որոնք բրիտանացիներուն կեանքերը կը վտանգեն»:
Բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը աղբիւրներ վկայակոչելով հաղորդեց, որ Բրիտանիա կը պատրաստուի «Փրինս աֆ Ուէյլզ» օդանաւակիրը Միջին Արեւելքի մէջ տեղակայելու:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Անգարա Կիպրոսի մէջ «Էֆ-16» տիպի օդանաւերու զետեղումը կը սերտէ:
Աղբիւրը նշեց, որ այս քայլը մէկն է այլ քայլերէն, որ կը սերտուի հիւսիսային Կիպրոսի անջատողական պետութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորելու հանգրուանային ծրագիրի մը ծիրին մէջ:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բանբերը յայտարարեց. «Մեր ուժերը պատրաստ են առնուազն վեց ամիս նոյն մակարդակով լայնածաւալ պատերազմ մղելու»:
Ան նշեց, որ Յեղափոխական պահակագունդը շրջանին մէջ ամերիկեան 7 արդիական ռատարներ քանդած է, պահակագունդը նաեւ շրջանին մէջ ու բռնագրաւուած հողերուն վրայ եւ ամերիկեան ռազմակայաններուն մէջ աւելի քան 200 կէտեր հարուածած է:
Թրամփի վարչակազմէն պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Յառաջիկայ երեք շաբաթներուն ընթացքին պիտի շարունակենք Իրանի մէջ բազմաթիւ թիրախներ հարուածել»:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, հրթիռարձակման 28-րդ ալիքի ընթացքին 700 քիլոկրամէն մէկ թոն կշռող հրթիռներ արձակուած են` նշելով, որ վերջին ալիքի ընթացքին «Քատր», «Իմատ» եւ «Խայպար» տիպի նոր սերունդի բազմաթիւ մարտագլուխներով հրթիռներ արձակուած են:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ նշեց. «Իրանեան ուժանիւթի ենթակառոյցներու թիրախաւորումով, մեր դէմ մղուող ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմը վտանգաւոր փուլ մուտք գործեց»:
Ամերիկացի ծերակուտական Լինտսի Կրահամ արաբական երկիրներուն կոչ ուղղեց Իրանի դէմ ճակատամարտին մասնակցելու: «Եթէ Միացեալ Նահանգներու հետ դաշինք կ՛ուզէք, պէտք է այս ճակատամարտին մասնակցիք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ առանձին պիտի չկռուին:
Լարիժանի Ամերիկացի Գերեվարուած
Զինուորներու Մասին Կը Խօսի
Իրանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամ Ալի Լարիժանի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ սիոնականներու նպատակը Իրանը մասնատելն է»:
«Ինծի փոխանցուեցաւ, թէ շարք մը ամերիկացի զինուորներ գերեվարուած են: Սակայն անոնք շրջանառութեան մէջ կը դնեն ապակողմնորոշող տեղեկութիւններ, թէ հինգ կամ վեց ամերիկացի զինուորներ սպաննուեցան: Ապա, որոշ ժամանակ ետք, տարբեր պատրուակներու` ինչպէս արկածներու կամ տարբեր դէպքերու բերմամբ զոհերուն թիւը աստիճանաբար կը բարձրացնեն», ըսաւ ան:
Ան նաեւ յայտնեց, թէ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ ամերիկեան եւ իսրայէլեան յարձակումներուն հակադարձելուն շուրջ տարակարծութիւններ չկան:
Թրամփ. «Իրանցիները Կ՛ուզեն Կարգաւորման
Հասնիլ, Սակայն Մենք Ատոր Չենք Ձգտիր»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ օր դիմաւորեց Իրանի հետ պատերազմի ընթացքին սպաննուած ամերիկացի 6 զինուորներու դիակները:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իրանեան դպրոցը Միացեալ Նահանգնե՞րը ռմբակոծեցին, Թրամփ ըսաւ. «Իրանն է, որ այդ մէկը կատարեց»:
«Չկայ որեւէ ցուցանիշ, թէ Ռուսիան Իրանի կ՛օգնէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կ՛ուզենք Իրանի մէջ ընտրել նախագահ մը, որ զայն պատերազմի չ՛առաջնորդեր: Իրանի մէջ քիւրտերուն միջամտութիւնը չեմ ուզեր»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշեց, որ Բրիտանիան սկսած է մտածել երկու օդանաւակիրներ Միջին Արեւելք ուղարկելու մասին: «Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրին կ՛ըսեմ, որ այլեւս երկու օդանաւակիրներուն կարիքը չունինք, սակայն պիտի չմոռնանք: Իրողապէս մեր յաղթելէն ետք ոեւէ մէկուն պատերազմին միանալուն պէտք չունինք»:
«Իրանի դէմ պատերազմին մէջ մեծ արդիւնքով յաղթանակ կ՛արձանագրենք եւ յաջողեցանք չարիքի կայսրութիւնը ամբողջութեամբ քանդել», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Իրանի մէջ զինուորական գործողութիւնը վստահաբար որոշ ժամանակ պիտի շարունակուի»:
«Իրանցիները կը ջանան մեզի հետ լուծում գտնել, սակայն մենք անոր չենք ձգտիր», նշեց Թրամփ:
«Եթէ որոշենք ցամաքային միջամտութիւն կատարելու, ատիկա այն պարագային պիտի ըլլայ, երբ թշնամին ենթարկուած է քանդումի մը, որ անոր կ՛արգիլէ ցամաքային կռիւ մղել», ըսաւ ան:
«Իրանցիները քանդումի կ՛ենթարկուին, եւ որոշ փուլի անոնցմէ մէկը պիտի չմնայ, որ իր անձնատուութիւնը յայտարարէ», յայտնեց Թրամփ` նշելով. «Իրան Միջին Արեւելքի մէջ իր յարձակումի ենթարկած երկիրներէն ներում հայցեց, եւ ատիկա կարելի է մեզի եւ մեր դաշնակիցներուն համար յաղթանակ նկատել»:
«Չեմ ուզեր քիւրտերը պատերազմին մասնակից դարձնել, որովհետեւ անիկա արդէն բաւարար չափով բարդ է: Քիւրտերը կ՛ուզեն Իրանի մէջ պատերազմին մասնակցիլ, եւ անոնց յայտնեցինք, թէ ատիկա չենք ուզեր», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Չեմ կրնար գործողութիւններուն աւարտէն ետք Իրանի քարտէսին ձեւը հաստատել, եւ հաւանական է, որ անիկա չմնայ ինչպէս որ է», նշեց Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելի ուշ ալ «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ ամերիկեան հարուածները պիտի շարունակուին:
Թրամփ ըսաւ, որ Ալի Լարիժանին մտադիր էր Միջին Արեւելքին տիրել, սակայն իր պատճառով անձնատուր եղած է եւ բոլոր այդ պետութիւններուն զիջում կատարած:
Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ յայտարարեց. «Իրան 9 օր առաջ եղածին պէս հզօր չէ, եւ վարչակարգին յարձակումները 90 առ հարիւրով նահանջ արձանագրած են»:
Ան նաեւ նշեց. «Իրանի մէջ գետնի վրայ ուժեր տեղակայելը ներկայիս գործողութիւններու ծրագիրին մէջ չէ, սակայն Թրամփ բոլոր ընտրանքները կը սերտէ»:
Օմանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց. «Իրանի դէմ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու որդեգրած քայլը անբարոյական եւ ապօրինի է»:
Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետը Ընտրուեցաւ
Իրանի մէջ Ղեկավարութեան մասնագէտներու խորհուրդի անդամ Ահմետ Ալամհատա յայտարարեց, թէ Մասնագէտներու խորհուրդը իր որոշումը տուած է եւ գերագոյն հոգեւոր պետը ընտրած:
Ալամհատա աւելցուց, որ խորհուրդը պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետի անունը:
Ան նշեց, որ սահմանադրութեան համաձայն, խորհուրդի ոեւէ անդամ չի կրնար իր կարծիքը փոխել:
Պըն Զայետ. «Մենք Պատերազմական Վիճակի Մէջ Ենք»
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիան հիւանդանոցի մը մէջ իրանեան ռմբակոծումին պատճառով վիրաւորուածներուն այցելելէ ետք իր երկրի թշնամիները զգուշացուց, թէ «Էմիրութիւններուն մորթը կարծր է եւ միսը չ՛ուտուիր»:
«Մենք պատերազմական վիճակի մէջ ենք եւ մեր պարտականութիւնը պիտի կատարենք», նշեց ան:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը երէկ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանին յայտնեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրանի մէջ ծովու ջուրը անուշ ջուրի վերածելու կառոյցի մը վրայ յարձակում գործեցին»: Նոյն լուրը հաղորդեցին նաեւ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ը եւ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային դաշնակցային խորհուրդին մէջ պաշտպանութեան, ներքին եւ արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ալի Նահիմի հերքեց «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի լուրը եւ նշեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրանցի ժողովուրդը իրանեան վարչակարգին հետ նոյն նժարին մէջ պիտի չդնեն, որովհետեւ ժողովուրդը այս վարչակարգին իսկական զոհն է եւ անոր քաղաքականութենէն ամէնէն շատ տուժողը ան է: Իբրեւ դրացիներ, կը գիտակցինք իրողութեան եւ ուշադրութիւն կը դարձնենք անոնց բարօրութեան»:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ երկիրը իրանեան «անարդարանալի յարձակումին» դէմ պաշտպանուելու դիրքի մէջ է` շեշտելով. «Պետութիւնը չի ձգտիր որեւէ հակամարտութեան կամ մագլցումի մէջ ներքաշուիլ, սակայն կ՛ընդգծէ իր գերիշխանութիւնը, ազգային անվտանգութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ իր քաղաքացիներուն ու հողերուն վրայ բնակողներուն անվտանգութիւնն ու ապահովութիւն երաշխաւորելու իր իրաւունքը»:
Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Նախարար.
«Իրան Պէտք Է Իմաստուն Ըլլայ Եւ
Խուսափի Սխալ Հաշուարկներէ»
Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Խալետ Պըն Սալման իշխանը Իրանին կոչ ուղղեց` «իմաստուն ըլլալու եւ սխալ հաշուարկներէն խուսափելու»:
Նախարարը փաքիստանեան բանակի հրամանատար Ասեմ Մունիրի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Մեր եղբայրական երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական միացեալ պաշտպանութեան համաձայնութեան ծիրին մէջ քննարկեցինք թագաւորութեան վրայ կատարուած իրանեան յարձակումները եւ կարելիութիւնները` կանգնեցնելու այդ յարձակումները, որոնք շրջանին անվտանգութեան ու կայունութեան շահերէն չեն բխիր` մաղթելով, որ իրանեան կողմը առաջնահերթութիւն տայ իմաստութեան ու բանականութեան եւ խուսափի սխալ հաշուարկներէն»:
Լաւատեղեակ չորս աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիան Թեհրանին փոխանցած է, թէ հակառակ իրանեան-ամերիկեան հակամարտութեան դիւանագիտական լուծումը նախընտրելուն, թագաւորութեան եւ անոր ուժանիւթի մարզին վրայ յարձակումներու շարունակութիւնը Ռիատը պիտի մղէ հակադարձելու:
Աղբիւրները նշեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը իր իրանցի պաշտօնակից Ապպաս Արաղչիին յայտնած է, որ եթէ Սէուտական Արաբիոյ հողերուն վրայ կամ անոր ուժանիւթի ենթակառոյցներուն վրայ յարձակումները շարունակուին, Ռիատ պիտի ստիպուի ամերիկեան ուժերուն արտօնել զինուորական գործողութիւններու մէջ իր ռազմակայանները օգտագործել:
Չինաստան. «Պէտք Է Բոլոր Կողմերը Կարելի Եղածին
Չափ Շուտ Բանակցութեան Սեղան Վերադառնան»
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի կոչ ուղղեց Իրանի եւ Ծոցի երկիրներու գերիշխանութիւնը յարգելու` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է անմիջապէս դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները եւ պատերազմի ծիրին ընդլայնումը արգիլել: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Ուանկ Եի նշեց, որ Իրանի մէջ յեղափոխութիւն յառաջացնելու եւ վարչակարգը փոխելու դաւադրութիւնը ժողովրդային զօրակցութիւն չի վայելեր:
Չինական դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ բոլոր կողմերը պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ բանակցութեան սեղան վերադառնան:
Ան ըսաւ, որ այս պատերազմը պէտք չէր պատահեր, եւ մեծ տէրութիւններուն կոչ ուղղեց` դրական դեր խաղալու:
Տնտեսական Հետեւանքներ
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ շաբաթ օր նշեց, որ ամերիկեան կառավարութիւնը ռուսական քարիւղին դէմ հաստատուած յաւելեալ պատժամիջոցներ վերցնելը կը սերտէ:
Յիշեցնենք, որ Ուաշինկթըն մէկ օր առաջ Հնդկաստանին արտօնած էր Ռուսիայէն քարիւղ գնել:
Պեսենթ «Ֆոքս Պիզնըս» պատկերասփիւռի կայանին նշեց. «Ծովուն մէջ պատժամիջոցներու ենթարկուած հարիւրաւոր միլիոն քարիւղի տակառներ կան: Ելեւմուտքի նախարարութիւնը անոնց դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջելով կրնայ մատակարարումներ ապահովել»:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կազի գիները կը շարունակեն մէկ շաբթուան մէջ 14 առ հարիւրով բարձրանալ:
Օրաթերթը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ պենզինի գինին միջին հաշիւը շաբաթ օր հասած է 3,41 տոլարի:
Քուէյթի Քարիւղի ընկերութիւնը շաբաթ օր յայտարարեց. «Որոշեցինք քարիւղի արտահանման եւ մշակման գործողութիւնը զգուշութեան համար նուազեցնել»:
«Ռոյթըրզ» կը գրէ. «Իրանի պատերազմը կրնայ աշխարհի տարածքին սպառողներուն եւ ընկերութիւններուն նեղութիւն պատճառել շաբաթներ կամ ամիսներ երկարող բարձր գիներուն պատճառով, նոյնիսկ եթէ մէկ շաբաթ առաջ յառաջացած հակամարտութիւնը շուտով աւարտի` հաշուի առնելով այն դժուարութիւնները, որոնց պիտի բախին մատակարարները վնասուած կառոյցներու, գումակային խափանումներու եւ առաքման վտանգներու աճին առնչուած»:
Շրջանէն քարիւղի պետական ընկերութենէ աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Որոշ պահու բոլորը պիտի ստիպուին իրենց դռները փակելու, եթէ նաւերը չգան»:
Փենթակոնէն պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իրանի դէմ պատերազմի առաջին շաբաթը շուրջ 6 միլիառ տոլար արժած է:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ զգուշացուց, որ եթէ պատերազմը այս ձեւով շարունակուի, ապա քարիւղը ծախելու կամ արտադրելու կարելիութիւն պիտի չմնայ:
«Անոնք ոչ միայն Ամերիկայի շահերը կ՛այրեն, այլ նաեւ շրջանի ու ամբողջ աշխարհի շահերը` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ցնորքներուն ճնշումին տակ», նշեց Քալիպաֆ: