Նայիր Թիքնիզեանի Սքանչելի Կոլը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Կարմիր Աստղ Պելկրատ Սերպիոյ բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն գծով 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նովի Փազար խումբը եւ հասաւ կիսաւարտական:

Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Նայիր Թիքնիզեան 38-րդ վայրկեանին քառակուսիին դուրսէն ստացաւ գնդակը եւ ձախ ոտքի ուժգին հարուածով նշանակեց Նովի Փազարի բերդի վերի անկիւնէն: Մրցակից բերդապահը ոչ մէկ առիթ ունէր զսպելու այս սքանչելի կոլը:

Մրցումը 28-րդ վայրկեանին կարճ ժամանակով ընդհատուած էր, երբ Նովի Փազարի համակիրները յարձակած էին Կարմիր Աստղի  համակիրներուն վրայ:

Մրցումի պահուն Թիքնիզեան դժգոհած էր գլխաւոր իրաւարարին, որ հանդիսատեսներէն մէկը անոր վրայ թքած էր: Ճիշդ այդ պատճառով էր, որ Թիքնիզեան իր կոլը նշանակելէն ետք այս իրագործումը տօնեց տարբեր ձեւով` գոռալով դէպի մրցակից խումբին թրիպիւնը: Իր խմբակիցերը ստիպուեցան հանդարտեցնել զինք:

50-րդ վայրկեանին Ալեքսանտր Քաթայ նշանակեց Կարմիր Աստղի երկրորդ կոլը, եւ արդիւնքը ձեւով մը ապահովելէ ետք Թիքնիզեան փոխարինուեցաւ 76-րդ վայրկեանին:

 

Leave a Comment