Էրտողան. «Ուաշինկթըն-Թեհրան Տարակարծութիւնը Իսրայէլեան Գրգռութիւններէն Ետք Պատերազմի Վերածուեցաւ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննադատեց Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շղթայազերծած յարձակումները եւ զանոնք նկատեց «միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում»:

Էրտողան իր ղեկավարած` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Անգարայի մէջ կազմակերպած իֆթարի ընթացքին յայտնեց. «Իբրեւ անոնց դրացի եւ եղբայր, կը բաժնենք իրանցի ժողովուրդին ցաւը եւ խորապէս կը տխրինք տեսնելով անմեղ քաղաքայիններն ու երեխաները, որոնք հակամարտութեան բեռը կը կրեն»:

Թուրքիոյ նախագահը աւելցուց, որ ամերիկեան-իրանեան տարակարծութիւնը իսրայէլեան գրգռութիւններէն ետք պատերազմի վերածուեցաւ:

«Դժբախտաբար, բանակցութիւնները սպասուած արդիւնքը չտուին, եւ արիւնէն ու քաոսէն սնունդ առնող Իսրայէլի հրահրումներուն պատճառով տարակարծութիւնը վատթարացաւ եւ վերածուեցաւ տաք հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ Ծոցի մէջ մեր եղբայրները հակադարձութեան գործողութիւններուն պատճառով ժխտական ազդեցութիւն կրեցին», ըսաւ ան:

Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիան բոլոր մակարդակներու վրայ իր հաղորդակցութիւնները պիտի աշխուժացնէ, մինչեւ զինադադարի հաստատման հասնիլը եւ դիւանագիտութեան առիթ ընծայելը:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիան իր սահմաններուն վրայ «կռիւ, պատերազմ, լարուածութիւններ ու ջարդեր» չ՛ուզեր:

Էրտողան աւելցուց, որ իր երկրին առաջնահերթութիւնը «շրջանին մէջ զինադադարի հաստատումն ու երկխօսութեան դուռը բանալն է»:

 

 

Leave a Comment