Յայտարարութիւններ (3 Մարտ 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Աբրահամ Չոլագեան եւ զաւակը` Սեւակ
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Թալին Գասպարեան եւ զաւակները` Սագօ եւ Մարիա
Տէր եւ տիկին Նորայր եւ Լարա Գարամանուկեան եւ դստերք` Նարէ եւ Նարօտ
Տէր եւ տիկին Պերճ Օղլաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Սոնիկ Նորտիկեան եւ զաւակունք
Տիկին Սիլվա Միրզոյեան եւ զաւակունք
Տիկին Գոհարիկ Գապաքեան եւ զաւակունք
Չոլագեան եւ Օղլաքեան ընտանիքներ Գասպարեան եւ Գարամանուկեան ընտանիքներ
Նորտիկեան եւ Միրզոյեան ընտանիքներ
Գապաքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, զոքանչին, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՔՆԱՐ ՉՈԼԱԳԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՕՂԼԱՔԵԱՆ, 1947-ին)

անակնկալ մահը որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 2 մարտ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 9:30ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 3 մարտ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ չորեքշաբթի, 4 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին:

————————————–

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ՏԱՂԱՆԴԻ
ԵՒ ՎԱՍՏԱԿԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ»

(ՀԱՄԱՌՕՏ ԱԿՆԱՐԿ)

«ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ
ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԷՆ ՆԵՐՍ»

Հեղինակ` ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Պէյրութ, 2025

Leave a Comment