Ուիքիփետիան լեզուի պահպանման հարթակ մըն է․ Ազնիւ Ստեփանեան․ «Հայրենադարձի արկածները»

Ազնիւ Ստեփանեան Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի հարթակի եւ խմբագիրներու խմբակի հիմնադիր տնօրէնն է, որ 12 տարի առաջ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն տեղափոխուած է Երեւան։

«Բոլորս հայ ենք, բայց տարբեր երկիրներու մշակոյթներուն ազդեցութեան տակ ապրած եւ մեծցած ենք ։ Երբ գործընկերներուս հետ առօրեայ շփումներու մեջ ենք, ի յայտ կու գան բառերու իմաստային տարբերութիւններ ու նրբութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ պտուղ եւ միրգ, դգալ եւ գդալ, գաւաթ եւ բաժակ տարբերակները»,— կը պատմէ Ազնիւ Ստեփանեան ։

Այս տարի կը լրանայ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբագիրներու խմբակի հիմնադրման 5-ամեակը, ինչպէս նաեւ «Ուիքիմետիա» հիմնադրամի միջազգային կազմակերպութեան 25-ամեակը։ Այս հարթակը յատկապէս ստեղծուած է այն անձերուն համար, որոնք հեռու կը գտնուին գրադարաններէն։ Արեւմտահայերէնը իբրեւ առանձին բաժին ներկայացնելու գաղափարը յառաջացաւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու միջոցով, որոնք մեծապէս նպաստեցին խմբակի կազմաւորման։ Այս նախաձեռնութիւնը կը վայելէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը։

«Կարեւորութիւնը միշտ ալ մեծ եղած է, հարթակը ինքնին գրաւիչ է, որովհետեւ սերտօրէն կապուած է լեզուին հետ, որպէսզի հոծ համայնքներէն մարդիկ հաւաքուին, նոր սերունդը հաւաքուի լեզուի շուրջ, առցանց ձեռնարկներու առկայութիւնը այս պատճառով շատ կարեւոր է։ Ուիքիփետիան դառնայ լեզուն պահպանելու հարթակ մը», – կշեշտէ ան։ 

Խօսելով Ուիքիմետիայի եւ Ուիքիփետիայի տարբերութիւան մասին, անդրադարձաւ Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) դերին։

«Արհեստական բանականութիւնը կը հասնի բոլորիս օգնութեան։ Կարիք չկայ որեւէ այլ ողբիւրի։ Վերահասու ըլլանք որ այդ պատասխանները Արհեստական բանականութիւնը կը քաղէ առցանց հարթակներէն, ուստի աւելի կը շեշտուի եւ այստեղ կը բազմանայ առցանց հարթակներու դերը։ Որքան բծախնդրօրէն  մենք հարստացնենք առցանց հարթակները նաեւ Ուիքիփետիան իր 340 լեզուներով ներառեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան, նոյնքան վստահելի տեղեկութիւն կը քաղենք արհեստական բանականութեան միջնորդութենէն», –կը նշէ Ազնիւ Ստեփանեանը։  

Leave a Comment