Յայտարարութիւններ (2 Մարտ 2026)

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Մարտիրոս եւ Էլիզ Դաւիթեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ասքանազ եւ Մարալ Սաղպազարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Շանթ եւ Լենա Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Նորա Մելքոնեան եւ զաւակունք
Դաւիթեան եւ Աբոյեան ընտանիքներ
Մելքոնեան եւ Ազիզեան ընտանիքներ
Սաղպազարեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Ճղալեան եւ Չապուզեան ընտանիքներ
Թալաթինեան եւ Դարբինեան ընտանիքներ
Պալապանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`

ՍԻՐԱՆՈՒՇ ԴԱՒԻԹԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱԲՈՅԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 փետրուար 2026-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 2 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ երեքշաբթի, 3 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

Leave a Comment