Արեւմտահայերէն լուրեր 27 Փետրուար. 2026 — Հայաստանի Հանրային Ռադիո

• Այս օրերուն յարգանքի տուրք կը մատուցենք սպաննուած հարիւրաւոր հայերու յիշատակին. Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը Սումկայիթի ջարդերու տարելիցին առիթով։

• Կը միանանք հայերուն` սգալով Սումկայիթի մէջ զոհուածներուն յիշատակը. Ամերիկայի դեսպանատուն։

• Աննայի որոշման յարգանքով կը վերաբերիմ․ Վարչապետ։

• Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Լեհաստանի նախագահ Քարոլ Նաւրոցքիի հետ: Ուարսոյի մէջ Փաշինեան այցելեց Անյայտ զինուորի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց:

• Ամերիկայի պատուիրակութիւնը Ժնեւի մէջ նոյն կազմով, ինչպէս Իրանի պարագային, մասնակցած է նաեւ Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններուն։

• Պաքիստան Աֆղանիստանի հետ բախումները որակեց «բաց պատերազմ», երկու կողմէն ալ կան տասնեակ զոհեր։

• Los Angeles Times պարբերականը ծաւալուն զեկոյց մը հրապարակեց՝ Հայաստանի զարգացման հեռանկարներուն եւ երկրի ներդրումային գրաւչութեան նուիրուած։

Leave a Comment