Յայտարարութիւններ (26 Փետրուար 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՀԱՆԳԻՍՏ
ՏԷՐ ՕՇԻՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
եւ
Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովն ու հոգեւորականաց դասը դառն կսկիծով կը գուժեն թեմիս քահանայից դասու հանգստեան կոչուած անդամներէն`

ԱՐԺ. ՏԷՐ ՕՇԻՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ

վախճանումը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 24 փետրուար 2026-ին:

Հանգուցեալին վերջին օծման եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, հինգշաբթի, 26 փետրուար 2026-ին:

Եկեղեցւոյ կարգ եւ վերջին օծում` առաւօտեան ժամը 9:30-ին:

Ս. պատարագի աւարտին, հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, տիկնանց յանձնախումբը եւ դպրաց դասը կը գուժեն իրենց եկեղեցւոյ երկարամեայ նախկին հոգեւոր հովիւին`

ԱՐԺ. ՏԷՐ ՕՇԻՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ

վախճանումը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 24 փետրուար 2026-ին:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Ուրֆայի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ հայրենակիցներէն

ԱՐԺ. ՏԷՐ ՕՇԻՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ

վախճանումը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 24 փետրուար 2026-ին:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին տոքթ. Մկրտիչ եւ Ալին Գէորգեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժաք եւ Նայիրի Պէօճէքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Թամար Լեհիմճեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Գէորգ Գէորգեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Նազարէթ Գէորգեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Լեւոն Գէորգեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Մարի Աշճեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Հերմին Պարդանեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Սամեր եւ Սթեֆանի Սալամէ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Էտուար եւ Սառա Պիւճիքեան
Գէորգեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Պէօճէքեան եւ Սարգիսեան ընտանիքներ
Չէքիճեան եւ Պիւճիքեան ընտանիքներ
Լէհիմճեան եւ Մուրատեան ընտանիքներ
Պարդանեան եւ Սալամէ ընտանիքներ
Աքիքի ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ԱՐԺ. ՏԷՐ ՕՇԻՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ

վախճանումը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 24 փետրուար 2026-ին:

Վախճանեալին եկեղեցւոյ կարգը եւ վերջին օծումը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 26 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, յընթացս Ս. պատարագի, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ վախճանեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 27 փետրուար 2026-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Լիբանանի համախարբերդցիներու հին եւ նոր ննջեցեալներուն մահուան յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 մարտ 2026-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, հայրենակիցները պիտի հաւաքուին «Պատկեր» մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ, Ա. յարկ, ուր պիտի հրամցուի հոգեսուրճ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱԽԱՐԲԵՐԴԻՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԶՈՀՐԱՊ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 մարտ 2026-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ

Leave a Comment