Տնտեսութեան նախարար Ամեր Պսաթ Լիբանանի պետական լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու եւ մասնաւորաբար զինեալ ուժերու անդամներու ամսականները բարձրացնելու հարցին շուրջ ազգային միասնականութիւն գոյութիւն ունի:
«Ամսականներու յաւելումը մեծ ծախս է (800 միլիոն տոլար) պետութեան համար, որ ստիպուած է այդ ծախսին եկամուտները ապահովել», ըսաւ ան` նշելով. «Ծախսերը առանց եկամուտներու ապահովման բարձրացնելը տնտեսական տագնապ կը ստեղծէ եւ սղաճն ու լիբանանեան թղթոսկիին վրայ ճնշումը կը բարձրացնէ»:
«Եկամուտներու ապահովման պաշտպանութեան առաջին գիծը, նախ, գանձումի բարելաւումն է եւ հարկերէն ու մաքսերէն խուսափելու դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ ցամաքային եւ ծովային կալուածներու եւ քարահանքերու տուգանքներու վերագնահատումը», յայտնեց տնտեսութեան նախարարը` աւելցնելով. «Բոլոր այս հարցերուն եկամուտները բաւարար չեն յաւելումներու ծախսը ապահովելու: Ուստի որոշեցինք դիմել պաշտպանութեան երկրորդ գիծին, որ պենզինին վրայ տուրքն ու Յաւելեալ արժէքի տուրքի բարձրացումն է»:
«Պենզինին վրայ տուրքը գիները կը բարձրացնէ, սակայն ոչ այնպէս, ինչպէս այդ մասին կը խօսուի», ըսաւ Պսաթ:
«Կառավարական քայլերը անհրաժեշտ էին պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն աշխատավարձերուն վերաբերող բարոյական պատճառով», յայտնեց ան:
«Աշխատանք կը տարուի, որ այս քայլերը գիներու անարդարանալի բարձրացման չյանգեցնեն», նշեց տնտեսութեան նախարարը` նշելով. «Տնտեսութեան նախարարութեան հսկիչները ատոր դէմ կանգնած են եւ ժրաջան կերպով կ՛աշխատին գիներու բարձրացումը արգիլելու համար»:
«Լիբանանի մէջ գիներու բարձրացում կայ, եւ այդ առնչութեամբ բողոքներ կան», հաստատեց նախարարը եւ յայտարարեց, թէ ինք նոր տուրքերու հաստատումէն ետք գիներու մեծ բարձրացում չէ նկատած: