Փահլեւի Թրամփին Կոչ Կ՛ուղղէ` Իրանի Մէջ Զինուորական Շտապ Միջամտութիւն Կատարելու

Իրանի վերջին շահի որդին` Ռեզա Փահլեւի ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անգամ մը եւս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղեց` Իրանի մէջ «շտապ» զինուորական միջամտութիւն կատարելու, եւ վերահաստատեց երկրին մէջ «անցումային շրջան»-ը ղեկավարելու իր առաջարկը:

«Կը յուսամ, որ նախագահ Թրամփ գիտակցի, թէ շտապ միջամտութիւնը որքան կրնայ կեանքեր փրկել եւ մեզի օգնել վերջ տալու այս մերժուած վարչակարգին», ըսաւ ան:

«Իրանցիներուն, երկրէն ներս թէ դուրս, առաջին պահանջը օգնութիւնն է», աւելցուց Փահլեւի:

«Միջամտութիւնը մարդասիրական միջամտութիւն մըն է, որուն նպատակը փրկելն է կեանքեր, որոնց կորուստը պիտի շարունակուի, եթէ այդ մէկը տեղի չունենայ», նշեց Ռեզա Փահլեւի:

 

 

Leave a Comment