Ֆինլանտան Ռուսիոյ Հետ Երկխօսութեան Շարունակումը Չի Բացառեր

Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Իլինա Վալթոնի յայտարարեց. «Ռուսիոյ հետ երկխօսութեան շարունակումը չենք բացառեր»:

Վալթոնի ֆինլանտական «Իլի» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ միջեւ հաղորդակցութեան կապերը որոշ պահու պիտի բացուին` նշելով, որ հակառակ ատոր, անհրաժեշտ է, որ այդ առնչութեամբ եւրոպական համակարգուած դիրքորոշում գոյութիւն ունենայ:

«Անկասկած որոշ պահու Մոսկուայի հետ հաղորդակցութեան կապը պիտի բացուի: Սակայն նախքան այդ պէտք է յստակացնենք երկու հարցեր. առաջինը` այդ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ի՞նչ կ՛ուզենք իրագործել, եւ երկրորդ` պէտք է մեր ընելիքին վերաբերեալ Եւրոպայի մէջ համաձայնինք եւ համակարգում կատարենք», յայտնեց Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարը:

Leave a Comment