Խօսքը Ուղղելով Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանին` Կրահամ. «Պըն Զայետը Սիոնական Չէ, Եւ Դուք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հետ Հակամարտութեան Մէջ Մտնելով Իրանը Կը Քաջալերէք»

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական անդամ Լինտսի Կրահամ քննադատեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը, եւ պահանջեց, որ «դադրեցնէ» Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն վրայ յարձակումը:

Ազդեցիկ ծերակուտականը Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ընթացքին իր խօսքը ուղղակի կերպով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին ուղղելով ըսաւ. «Բա՛ւ է Սէուտական Արաբիա: Ձանձրացայ այս անհեթեթութենէն: (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ) Մոհամետ Պըն Զայետը սիոնական չէ, եւ դուք (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ) այս հակամարտութեան ճամբով Իրանը կը քաջալերէք»:

Կրահամի կարծիքով, Ռիատի եւ Ապու Տապիի միջեւ տարակարծութիւնը ի շահ Իրանի հետ:

Ան նշեց, որ Եմէնի եւ Սուտանի մէջ երկու երկիրներուն միջեւ յայտնի տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն կոչ ուղղեց «մեծ պատկերին մասին մտածելու» եւ Իրանի դէմ ջանքերը միաւորելու «այս պատմական պահը չկորսնցնելու»:

Leave a Comment