Ռուպիօ. «Ամերիկան Թրամփի Նստաշրջանին Կ՛ուզէ Աշխարհի Վերակառուցումը Ղեկավարել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Անվտանգութեան Միւնիխի խորհրդաժողովի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Այսօր մարդկութեան պատմութեան մէջ որեւէ այլ պահէ աւելի նոր հակամարտութեան մը կարելիութիւնը կը տեսնենք»` նշելով. «Գոյութիւն ունին պետութիւններ, որոնք իրենց շահերու իրագործման համար բիրտ ուժ կիրարկելու չտատամսեցան»:

«Միացեալ Նահանգները նախագահ Տանըլտ Թրամփի նստաշրջանին կ՛ուզեն աշխարհի վերակառուցումը ղեկավարել, եւ անոր նախագահութեան տակ Ամերիկան պիտի ստանձնէ վերանորոգման ու բարեփոխման առաքելութիւնը», յայտարարեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

«Ամերիկեան ղեկավարութիւնն է, որ Կազայի մէջ գերիները ազատագրեց», նշեց ան:

«Կարելի չէ համաշխարհային համակարգը ժողովուրդներու շահերէն վեր դասել, ո՛չ ալ արտօնել անոնց, որոնք միջազգային կայունութիւնը վտանգի կ՛ենթարկեն, միջազգային օրէնքի ետին պահուըտելով», ըսաւ ան:

«Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան միասնաբար արեւմտեան քաղաքակրթութեան կը պատկանին եւ իրարու կապուած են: Անոնց ճակատագիրները միացեալ են», յայտնեց Ռուպիօ` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը յուսայ, որ Եւրոպան ըլլայ «հզօր, որովհետեւ դաշնակիցներու տկարութիւնը բոլորը կը տկարացնէ»:

«Չենք ուզեր Եւրոպայէն անջատուիլ, այլ անոր հետ վերադաշնակցիլ: Վերստին դաշնակցիլը պէտք է կեդրոնանայ հասարակաց շահերուն եւ նոր սահմաններու բացման վրայ, եւ պէտք է կարենայ պաշտպանել հասարակաց քաղաքակրթութիւնն ու շահերը, ինչպէս նաեւ ճակատագիրը ուրուագծել», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով գաղթի թղթածրարին` Ռուպիօ յայտնեց. «Աննախադէպ գաղթի ալիքի առջեւ դռները բանալը վտանգեց ընկերութեան միասնականութիւնն ու ժողովուրդներու ապագան: Անհրաժեշտ է վերահսկել ազգային սահմաններուն եւ այն անձերուն, որոնք երկիր մուտք կը գործեն»:

«ՄԱԿ-ը հակամարտութիւններու լուծման մէջ դեր չի խաղար», նշեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:

Leave a Comment