Երեսփոխան Թերզեան Խորհրդարանին Կը Ներկայացնէ Կարճաժամկէտ Վարձակալութիւնը Կարգաւորող Օրինագիծ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան խորհրդարանին ներկայացուցած է կարճաժամկէտ վարձակալութիւնը կարգաւորելու օրէնքի նախագիծ մը:

Օրինագիծը կը նպատակադրէ`

ա.- կարգաւորել այս մարզը եւ ապահովել որակը, յստակ չափանիշեր որդեգրել վարձակալուած տարածքի գործածութեան, արձանագրութեան եւ հսկողութեան, ինչ որ կը պահպանէ ծառայութիւններու մակարդակը եւ կ՛երաշխաւորէ վարձակալներու եւ տանտէրներու իրաւունքները,

բ.- կ՛իրականացնէ հարկային արդարութիւնը: Այս տեսակի գործունէութիւնը այս մարզը կը բերէ հարկային արդարութեան  դաշտ` զբօսաշրջական միւս մարզերուն նման, ինչ որ կ՛ապահովէ առիթներու հաւասարութիւնը եւ պետական եկամուտներու յաւելումը,

գ.- կ՛ամրապնդէ ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը` առաջադրելով հանրային ապահովութիւնը երաշխաւորող կարգաւորումներ, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ յարաբերութիւնը քաղաքապետութիւններուն եւ առնչակից կողմերուն միջեւ այնպիսի ձեւով, որ կը պահպանէ ընկերային կայունութիւնը եւ կը պաշտպանէ ընկերութիւնը:

 

Leave a Comment