Յայտարարութիւններ (7 Փետրուար 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԹԻՒԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐՈՒԻ ՄԱՍԻՍ ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՄԱՍԻՍ ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

Ծանօթ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, պիտի մատուցուի հոգեսուրճ:

ՀՅԴ «ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ» ԿՈՄԻՏԷ

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՄԱՍԻՍ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

————————————–

ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ

Սիրելի՛ հայրենակից,

Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի յիշատակէ Մարաշի աղէտին 106-րդ տարելիցը:

Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ, կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներու հոգիներուն համար:

Կը հրաւիրենք ձեզ բոլորդ` ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ եկեղեցական արարողութիւններուն, յարգելու համար խնկելի յիշատակը մեր ննջեցեալներուն:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի Յաւարտ Ս. պատարագի
Ս. Փրկիչ եկեղեցի ժամը 10:00-ին
Հայ աւետարանական եկեղեցի ժամը 10:30-ին

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, յարգելու համար մեր նահատակներուն յիշատակը, բոլոր հայրենակիցները հրաւիրուած են միութեանս սրահը` «Գերմանիկ» կեդրոն, ուր պիտի մատուցուի հոգեսուրճ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

————————————–

ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 12 փետրուար 2026-ին, Նորաշէնի Սրբող Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի աւանդական մատաղօրհնէք:

Այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել (ԱՐՈՒ ոչխար) կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին անձամբ դիմել թաղական խորհուրդի գրասենեակ կամ հեռաձայնել 01-242593 եւ 03-763769 թիւերուն:

ԾԱՆՕԹ.- Բարեհաճեցէ՛ք ոչխարները եկեղեցի հասցնել առաւելագոյնը մինչեւ 10 փետրուար, առաւօտեան ժամը 7:00:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով հինգշաբթի, 12 փետրուար 2026-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի մատաղօրհնէք:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 9:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 12:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան, լսելու սրբազան հօր պատգամը եւ զօրանալու Աւարայրի ոգիով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Leave a Comment