Յայտարարութիւններ (6 Փետրուար 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 5 փետրուար 2026-ին:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Սեդա Գալայճեան
Տիկին Սօսի Գալայճեան-Ռըզք եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Լուսին Գալայճեան-Մահսէրէճեանի ընտանիք
Գալայճեան եւ Ռըզք ընտանիքներ
Թօփալեան եւ Դաւիթեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, մօրեղբօր, զարմիկին եւ հարազատին`

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 5 փետրուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, իր բնակարանին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 6 փետրուար 2026-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատուն:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ մնացեալ օրերը` հանգուցեալին բնակարանին մէջ:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Թալին Չէմպէրճեան
Տէր եւ տիկին Գաբրիէլ եւ Անժել Չէմպէրճեան
Տէր եւ տկին Յովհաննէս եւ Ճեսսի Չէմպէրճեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Նանոր Պասմաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Էօժենի Չէմպէրճեան
Տիկին Էլիզապէթ Մարտիկեան
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Արտա Միսիրեան եւ զաւակունք
Օրդ. Թամար Օհանեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ռիթա Օհանեան եւ զաւակունք
Տիար Գէորգ Մարտիկեան
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Զեփիւռ Պալապանեան եւ զաւակունք
Անահիտ, Լուսին, Սոնիկ, Սեդա, Սիլվա Չէմպէրճեաններ
Տէր եւ տիկին Գաբրիէլ Գաբրիէլեան
Չէմպէրճեան եւ Մարտիկեան ընտանիքներ
Օհանեան եւ Յարութիւնեան ընտանիքներ
Պասմաճեան եւ Չափարեան ընտանիքներ
Ակիլեան եւ Միսիրեան ընտանիքներ
Լիու եւ Պալապանեան ընտանիքներ
Գաբրիէլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`

ՎԻԳԷՆ ՉԷՄՊԷՐՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Հալէպ, 1959-ին)

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 29 յունուար 2026-ին, Երեւան-Հայաստան:

Հոգեհանգստեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 6 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, Երեւան- Հայաստան:

Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 7 փետրուար 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 12:30-ին, Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՄԱՍԻՍ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

————————————–

ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ

Սիրելի՛ հայրենակից,

Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի յիշատակէ Մարաշի աղէտին 106-րդ տարելիցը:

Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ, կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներու հոգիներուն համար:

Կը հրաւիրենք ձեզ բոլորդ` ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ եկեղեցական արարողութիւններուն, յարգելու համար խնկելի յիշատակը մեր ննջեցեալներուն:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի Յաւարտ Ս. պատարագի
Ս. Փրկիչ եկեղեցի ժամը 10:00-ին
Հայ աւետարանական եկեղեցի ժամը 10:30-ին

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, յարգելու համար մեր նահատակներուն յիշատակը, բոլոր հայրենակիցները հրաւիրուած են միութեանս սրահը` «Գերմանիկ» կեդրոն, ուր պիտի մատուցուի հոգեսուրճ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

————————————–

ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 12 փետրուար 2026-ին, Նորաշէնի Սրբող Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի աւանդական մատաղօրհնէք:

Այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել (ԱՐՈՒ ոչխար) կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին անձամբ դիմել թաղական խորհուրդի գրասենեակ կամ հեռաձայնել 01-242593 եւ 03-763769 թիւերուն:

ԾԱՆՕԹ.- Բարեհաճեցէ՛ք ոչխարները եկեղեցի հասցնել առաւելագոյնը մինչեւ 10 փետրուար, առաւօտեան ժամը 7:00:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Leave a Comment