Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ լարուածութիւնը պայթիւնավտանգ է ամբողջ Միջին Արեւելքի շրջանին համար: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Այս իրադրութիւնը սկզբունքօրէն պայթիւնավտանգ է ոչ միայն Իրանի, այլ նաեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի համար: Կան շատ ականներ, որոնք պիտի պայթին անոնց վրայ ոտք դնելու առաջին իսկ պահուն», յայտարարած է Լաւրով:
Ան նշած է, որ Իրան Ռուսիոյ մօտիկ գործընկերն է, հետեւաբար ռուսական կողմը չի կրնար անտարբեր ըլլալ այն զարգացումներուն նկատմամբ, որոնք տեղի կ՛ունենան շրջանին մէջ:
«Իրան մեր գործընկերն է` մօտիկ գործընկերն ու դրացին: Ի հարկէ, մենք անտարբեր չենք դէպքերու ներկայ զարգացումին նկատմամբ», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Լաւրով յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգները, Իրանն ու Իսրայէլը գիտեն, թէ Ռուսիան պատրաստ է իր ներդրումը ունենալու միջինարեւելեան շրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացման հարցին մէջ: