Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, թէ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները վերսկսելու պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ այդ ուղղութեամբ թեքնիք քննարկումներ տեղի կ՛ունենան:
«Այս առումով եւրոպացիներուն համար իրապէս կարեւոր է իրենց սեփական հաղորդակցութեան խողովակները ստեղծել: Եւ ատոր համար թեքնիք տեսակէտէ պատրաստութիւն տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ ան:
«Երխօսութեան համար պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են», ընդգծեց Ֆրանսայի նախագահը: