Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթիին Ներկայացուցիչը

Երեքշաբթի, 3 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտըլլաթիֆ Տրիանի ներկայացուցիչ եւ սիւննի համայնքի հոգեւոր բարձրագոյն խորհուրդի բանբեր շէյխ Ֆայեզ Եուսեֆը:

Այցելութեան նպատակն էր հանրապետութեան միւֆթիին ջերմ ողջոյնը փոխանցել վեհափառ հայրապետին եւ յատուկ հրաւէր յանձնել անոր: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի ընդհանուր կացութեան եւ հայ ու սիւննի համայնքներուն յարաբերութեան:

Leave a Comment