Ռիապքով. «Ռուսիան Կրինլանտի Մէջ Ամերիկեան Գործողութիւններուն Պիտի Պատասխանէ Ռազմական-Արհեստագիտական Միջոցներով»

Ռուսիան Կրինլանտի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններուն պիտի պատասխանէ ռազմական-արհեստագիտական միջոցներով: Այս մասին Չինաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:

«Եթէ անոնք սկսին այս շրջանին մէջ իրականացնել իրենց «Ոսկիէ գմբէթ» հայեցակարգի տարրերը, ատիկա պիտի ըլլայ կացութիւն մը, որ ռազմական-արհեստագիտական փոխհատուցման քայլեր պիտի պահանջէ, եւ մեր մասնագէտները պատրաստ պիտի ըլլան ատոր», ըսած է Ռիապքով:

 

 

Leave a Comment