Էն. Պի. Էյ. Լըպրոն Ճէյմս – Քլիվլենտ Քեվելիրզ Յուզիչ Հանդիպումը

Լըպրոն Ճէյմս երէկ Լէյքըրզի հետ մրցում ունէր Քլիվլենտի մէջ, ուր տեղւոյն Քեվելիրզ զինք ձեւով մը պատուեց` կարճ ժապաւէն մը ցուցադրելով թայմ աութի ժամանակ: Լըպրոն Ճէյմս իր հին օրերուն Քեվելիրզի հետ դարձած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան 2016-ին: Լըպրոն յուզուած կը դիտէր` միեւնոյն ժամանակ յայտնելով, որ հաւանաբար այսպիսով իր վերջին այցելութիւնը կատարած ըլլայ այս դաշտը, որ կը գտնուէր իր մանկութեան տունէն կէս ժամ հեռու: Լըպրոնի այժմու խումբը` Լէյքըրզ, 129-99 արդիւնքով տեղի տուաւ` կրելով 18-րդ պարտութիւնը, մինչ Քեվելիրզ իր 29-րդ յաղթանակը արձանագրեց:

Սան Անթոնիօ Սփըրզ 111-99 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Հիուսթըն Ռոքեթցի դաշտին վրայ: Վիքթոր Ուեմպանեամա 28 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Էյմըն Թոմփսըն 25 կէտ նշանակեց:

Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.

Եութա Ճեզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 124-140
Հիուսթըն Ռոքեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 99-111
Տալաս Մեւրիքս – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 105-118
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Չարլոթ Հորնեթց 97-112
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 92-119
Մայեմի Հիթ – Օրլանտօ Մեճիք 124-133
Պոսթըն Սելթիքս – Աթլանթա Հոքս 106-117
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ 113-110
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 129-99

 

 

Leave a Comment