Վանս. «Միացեալ Նահանգներ Կրինլանտի Անվտանգութիւնը Կ՛ապահովեն, Հետեւաբար Կղզիի Բնական Պաշարներուն Նկատմամբ Իրաւունք Պիտի Ունենան»

Միացեալ Նահանգներ կ՛ապահովեն Կրինլանտի անվտանգութիւնը եւ, հետեւաբար, կղզիի բնական պաշարներու նկատմամբ իրաւունք պիտի ունենան: Այս մասին «Նիուզմաքս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս:

«Նախ, մենք կ՛ուզենք բաժին ունենալ այս հանքանիւթերով եւ ներուժներով հարուստ տարածքի հարստութենէն, զոր մենք կը պաշտպանենք», նշած է Վանս:

Անոր համաձայն, կղզիին անվտանգութիւնը ոչ թէ Դանիան կ՛ապահովէ, այլ Միացեալ Նահանգներու ուժը:

«Ասիկա կարեւոր է ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէն: Դուք ձեզի հարցուցէք` ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ մէկ այլ երկիր Միացեալ Նահանգներու ուղղութեամբ միջցամաքային թեւաւոր հրթիռ արձակէ: Հիւսիսային բեւեռի նկատմամբ վերահսկողութեան բացակայութեան պարագային մեր հրթիռային պաշտպանութեան ամբողջ համակարգը պիտի անկայունանայ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Տաւոսէն հեռանալէ ետք նշեց. «Կրինլանտի շուրջ համաձայնութեան շրջագիծին վրայ աշխատանք կը տարուի, եւ անիկա հոյակապ պիտի ըլլայ: Խաղաղութեան խորհուրդը բան մըն է, որ աշխարհը նախապէս չէ տեսած, եւ անիկա չափազանց իւրայատուկ է»:

Leave a Comment