Մանկաբոյժ տոքթ. Մատլէն Շամլեան տասը տարի առաջ ընտանիքով Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն տեղափոխուած է Երեւան։ Ան այժմ որպէս մանկաբոյժ կը պաշտօնավարէ «Վարդանանց» բժշկական կեդրոնին մէջ։
Սկզբնական շրջանին դժուարութիւններ եղան՝ յատկապէս արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի հնչիւնային տարբերութիւններուն պատճառով (օրինակ՝ դեղ-տեղ եւ այլն), սակայն, ժամանակի ընթացքին այդ հարցերը կամաց-կամաց հարթուեցան։

«Ինչքան փորձեմ խօսիլ արեւելահայերէն, տեղացիները անպայման կը զգան եւ կը հարցնեն․ «Որտեղի՞ հայ էք, Ախալքալաքի՞ց էք»։Կ՛ըսեմ չէ,ես Սիրիայի հայ եմ։ «Հա՜,— կ’ըսեն,— այդպէս ալ հասկցանք»։
Տոքթ. Շամլեան արդէն ընտելացած է Հայաստանի կեանքին, թէւ ռուսերէնին չէ տիրապետած, սակայն կը նշէ, որ հիմա արդէն մարդոց մեծ մասը հայերէն կը խօսի. «Բարեփոխումները ի նպաստ մեզի եղան»։
Զրոյցի ընթացքին ան խօսեցաւ նաեւ մանկական վարակներու մասին եւ զգուշացուց ժողովուրդը՝ զերծ մնալու փակ տարածքներէ։ «Պարտաւոր եմ հիւանդին հետ խօսիլ իրեն հասկնալի լեզուով»,— կը շեշտէ Մատլէն Շամլեան։
Անոր համոզումով՝ Հայաստանի համար ամենակարեւորը յարատեւ խաղաղութիւնն է, որովհետեւ հայ մարդը բարգաւաճելու մեծ ձիրք ունի։ «Խաղաղութիւն պէտք է ըլլայ, որպէսզի այս ազգը յառաջ երթայ ու բարգաւաճի։ Հայը միշտ ալ առաջնային եղած է ամէն մարզի մէջ։ Հայաստանի մէջ ալ հայը պէտք է փայլի եւ փայլեցնէ իր երկիրը»,— եզրափակեց մեր հիւրը։