Մեր երկրի գերագոյն հոգեւոր պետին վրայ յարձակումը համազօր է Իրանի ժողովուրդին դէմ լայնածաւալ պատերազմի: Այս մասին «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ գրած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան:
«Եթէ Իրանի յարգարժան ժողովուրդի կեանքը արդէն իսկ բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ սահմանափակումներու մէջ է, ապա հիմնական գործօնները Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ անոր դաշնակիցներու երկարատեւ թշնամանքն ու անմարդկային պատժամիջոցներն են», նշած է Փեզեշքիան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ օր «Փոլիթիքօ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին կոչ ուղղած էր վերջ տալու Խամենէիի գրեթէ 40-ամեայ կառավարման` զինք կոչելով «հիւանդ մարդ, որ պէտք է իր երկիրը ճիշդ ղեկավարէ եւ դադրի մարդիկը սպաննելէ»: