Թրամփ Ռուպիոն Եւ Պլերը Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Անդամ Նշանակեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերը նշանակեց Կազայի յատուկ «խաղաղութեան խորհուրդ»-ի հիմնադիր անդամ:

Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թրամփ նաեւ Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆը, իր փեսան` Ճարետ Քուշները եւ Միջազգային դրամատան նախագահ Աճայ Պանկան եօթը անդամներէ բաղկացած հիմնադիր «գործադիր խորհուրդ»-ի անդամ նշանակած է:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, թէ Թրամփ անձամբ պիտի նախագահէ խորհուրդին` աւելցնելով, որ մնացեալ անդամներուն անունները պիտի յայտարարուին յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին:

Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեան Ուաշինկթընի հիմնարկին համաձայն, Սպիտակ տունը նաեւ պուլկարացի դիւանագէտ Նիքոլայ Մելատինովը նշանակեց Կազայի մէջ բարձր յանձնակատար:

Մելատինով 2015-2020 թուականներուն վարած է Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթի ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգողի պաշտօնը:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի յայտարարեց. «Ամերիկեան կողմէն ստացանք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին ուղղուած հրաւէր մը` մաս կազմելու համար Կազայի մէջ խաղաղութեան խորհուրդին, եւ մենք այդ հարցը կը սերտենք եւ բոլոր փաստաթուղթերը կ՛ուսումնասիրենք»:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Միացեալ Նահանգներու նախագահէն հրաւէր ստացած է միանալու խաղաղութեան հոլովոյթին, «եւ այժմ հրաւէրին առնչուած փաստաթուղթերը կ՛ուսումնասիրուին ներքին իրաւական քայլերու համաձայն»:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆուատ Մաժալի յայտնեց. «Յորդանան կը գնահատէ Թրամփի` Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու առաջնորդող դերակատարութիւնը, խաղաղութեան համապարփակ ծրագիրի ձեռնարկումն ու անվտանգութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար թափած ջանքերը»:

Թրամփ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը հրաւիրեց խաղաղութեան խորհուրդի հիմնադիր անդամ ըլլալու: Վերջինս ընդունեց հրաւէրը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Կազայի մէջ խաղաղութեան խորհուրդի գործադիր յանձնախումբի կազմին յայտարարութիւնը նախապէս մեզի հետ չէր համակարգուած եւ մեր քաղաքականութեան կը հակասէ»:

«Նեթանիահու արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերին յանձնարարեց Կազայի ղեկավարման յանձնախումբի հարցով իր ամերիկացի պաշտօնակից Մարքօ Ռուպիոյին դիմելու», նշեց Նեթանիահուի գրասենեակը:

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը «իրեն առնչուած խաղաղութեան նոր խորհուրդին մէջ աթոռ ունենալ փափաքող պետութիւններէն կը պահանջէ առնուազն» մէկ միլիառ տոլար վճարել:

Լրատու գործակալութիւնը նշեց, թէ Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահը խորհուրդի հիմնադիր նախագահը պիտի ըլլայ եւ պիտի որոշէ, թէ ո՛վ անդամ պիտի ըլլայ: Որոշումները պիտի որդեգրուին քուէներու մեծամասնութեամբ, եւ անդամ իւրաքանչիւր երկիր մէկ քուէ պիտի ունենայ, սակայն որոշումները ենթակայ պիտի ըլլան խորհուրդի նախագահի հաւանութեան:

Ըստ օրինագիծին, խորհուրդի անդամակցութեան տեւողութիւնը ոչ աւելի քան երեք տարի է, սակայն վերանորոգելի: Կանոնադրութեան ուժի մէջ մտնելուն առաջին տարուան ընթացքին խորհուրդին աւելի քան միլիառ տոլար տրամադրած անդամ պետութիւններու անդամակցութիւնը սահմանափակուած չէ երեք տարիով:

«Պլումպըրկ» կը նշէ, թէ քննադատները այն մտավախութիւնը ունին, որ Թրամփ կը փորձէ ՄԱԿ-ի այլընտրանքային կամ մրցակից կազմակերպութիւն մը ստեղծել:

Leave a Comment