Ծայր աստիճան հեքաքրքրական մրցումէ մը ետք, Թորինօ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ա. Էս. Ռոման, Հռոմի «Սթատիօ Օլիմփիքօ» դաշտին վրայ, Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի 1/8-րդ աւարտականի գծով իր մրցումին եւ քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Ինթեր Միլանի դաշտին վրայ:
Սկովտիացի Չէ Էտըմզ նշանակեց 2 կոլ 35-րդ եւ 52-րդ վայրկեաններուն` ի նպաստ Թորինոյի, մինչ Ռոմայի կոլերը նշանակեցին սպանացի յետսապահ Մարիօ Հերմոսօ եւ 16 տարեկան Անթոնիօ Արենա (81-րդ վայրկեանին):
Կը կարծուէր, որ պիտի դիմուի երկարաձգումի, սակայն Թորինոյի թուրք միջնապահ Էմիրհան Իլքհան 90-րդ վայրկեանին անակնկալի բերաւ բոլորը` նշանակելով յաղթանակի կոլը: 94-րդ վայրկեանին Արենա առիթ ունէր նշանակելու հաւասարութեան կոլը, բայց անոր հարուածը շեղեցաւ իր նպատակէն:
Քառորդ աւարտականին Պոլոնիա պիտի մրցի Լացիօ Ռոմայի դէմ, Աթալանթա` Եուվենթուսի, եւ ինչպէս նշեցինք, Ինթեր Միլան` Թորինոյի դէմ: Նափոլի կը սպասէ Ֆիորենթինա – Քոմօ մրցումին յաղթականին: