Յայտարարութիւններ (6 Յունուար 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԹԻՒԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ՍՈՆԻԱ ԳԱՆՁԱՊԵՏԵԱՆ (ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ)` ԱՌ Ի ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔ «ԱԶԴԱԿ»-Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ:

————————————–

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ.

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ

Երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու եւ հաղորդուելու օրուան պատգամով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Leave a Comment