Տոքթ․ Մինաս Պալեան՝ վերջին հայրենադարձը, ընդամէնը 2 ամիս առաջ վերջնականապէս տեղափոխուեցաւ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանի Լաթաքիա քաղաքէն։ Սուրիոյ մէջ՝ ան պետական հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկն էր, նոյնիսկ առաջարկ ստացած էր այնտեղ գործադիր տնօրէն դառնալու, սակայն, ինչպէս ինք կը պատմէ իր դստեր սիրոյն կը թողու ամէն ինչ, տուն, տեղ, աշխատանք ու ընտանեօք կու գան Հայաստան։ Ան կ՛ուզէ, որ դուստրը մեծնայ հայկական միջավայրի մէջ։
Մինաս Պալեան տարիներ առաջ ուսումը ստացած է Երեւանի Մխիթար Հերացու անուան բժշկական համալսարանէն ու ապրելով այդ օրերու Հայաստանը, ան այժմ բաղդատութիւն մը կը դնէ յիշելով դժուար, մութ ու ցուրտ օրերը, իսկ հիմա լուսաւոր եւ ճոխ Հայաստանը, ուր ամէն ինչ կայ առատօրէն։
Երկրաշարժ. 1991 թուական. շատ դժուար օրեր էին, ան շատ ուրախ է այսօր իր տեսածէն․ «Մեծ վերելք ապրեր է մեր հայրենիքը», կ՛ըսէ ան։
Տոքթ․ Մինաս Պալեան այժմ վերապատրաստման ընթացքի մէջ է, որպէսզի սկսի աշխատանքի։ Պոկուիլ ամէն ինչէն, գալ Հայաստան եւ սկսիլ զերոյէն, բաւական դժուար է սակայն ոչ անկարելի, ան զինուած է լաւատեսութեամբ։
Մինաս Պալեան յիշեց հաց ուտելու հարցը առաջին անգամ իր հարազատներու տան մէջ, ծիծաղելի էր իրեն համար հաց ուտելը, զարմացած էր, յետոյ կ՛իմանայ որ խօսքը ճաշ ուտելու մասին է, այլ ոչ միմիայն հաց մասին։
Ան յոյսով է, որ Հայաստանը տեսնէ միշտ ապահով վիճակի մէջ առանց պատերազմի։