ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ին, հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագի աւարտին պիտի կատարուի ջրօրհնէք:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՎՐԴ. ՔԻՒՐԻՒՄԵԱՆ
Ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
Պատարագ` ժամը 10:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու Ս. պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական
Եկեղեցիներու Միութիւն
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12.00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ «Ահարոնեան» սրահին մէջ, Մեքսիք փողոց, Պէյրութ:
————————————–
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները` դեկտեմբեր 2025-ի ընթացքին.
– Տիկին Նազելի Մարտիրոսեան-Սլիմ` Տուպայէն պատսպարեալի հոգատարութիւն` դեկտեմբեր 2025-ի համար 521$
– Ազգային մը 650$
– Ազգային մը իր հօր յիշատակին 50$
– Կիւլիւզար Դաւիթեան 100$
– Հայկ եւ Էլիզա Մինասեան` Միացեալ Նահանգներ 500$
– Խաչիկ եւ Հուրի Մանճիկեան` Միացեալ Նահանգներ 100$
– Սթելլա եւ Ժէօ 100$
– Մարիօ Աճէմեան 400$
– Զարուհի Սաթոյեան 1.000.000 լ. ո.
– Խաժակ Սարգիս Սարգիս 1 ոչխար
– Ճաշարան Արեւ` Վարդուհի Զէյթլեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով օրուան ճաշ
– Պրն. Շանթ Մարտիրոսեան 11 քիլօ միս, 10 քիլօ բրինձ, 20 քիլօ գետնախնձոր, անուշեղէն
– Պարոնայք Արամ եւ Հրազդան Խօշեան 10 քիլօ աղացած միս
– Ժոզեֆ Ղազի Ապու Ֆայսալ 8 քիլօ մեծ հաւ եւ 8 քիլօ պանան
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ`
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ
