Կազայի հակամարտութեան ենթադրեալ փուլային հանգուցալուծման եւ լիբանանեան թղթածրարի անորոշութեան խորապատկերին վրայ աւելցած է Թել Աւիւի եւ Անգարայի միջեւ հետզհետէ զարգացող լարուածութիւնը:
Անշուշտ կան տուեալներ մտածելու, որ այս լարուածութիւնը փոխմեղադրանքներու եւ ընդհանրապէս յայտարարողական մակարդակի սահմաններէն դուրս չի գար: Իսկ այստեղ կրնան նոյնիսկ էական չըլլալ իրար ցեղասպան պետութիւն անուանելը կամ նոյնիսկ միջազգային դատական ատեաններուն մօտ հայցեր ներկայացնելը: Երկու պետութիւններն ալ ամէնէն շատ իրազեկ են, որ ցեղային զտումներու կամ ցեղասպանութիւններու փաստերը արդարադատական արձագանգումներ կամ իրաւական հետապնդումներ կ՛ունենան միայն քաղաքական շարժառիթներով:
Անգարայի կողմէ ցեղասպանութիւն գործադրած ըլլալու յանցանքով ամբաստանուող Իսրայէլի վարչապետը Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ անուանուած է «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հաւատարիմ զինակից»:
Այս գնահատականը քաղաքական ընթերցումով պատասխան է պաշտօնական Անգարային, որուն արտաքին գործոց նախարարը մեկնած էր Ուաշինկթըն Նեթանիահուի վրայ նման ամբաստանութիւններով ճնշում բանեցնելու համար ամերիկեան համաձայնութիւն ստանալու: Չի բացառուիր, որ Անգարան նման գործողութիւններու կը դիմէ արաբական աշխարհին մէջ իր ազդեցութեան գօտիները ամրակայելու մղումներով:
Սակայն, այս բոլորով հանդերձ սկսած է տեսանելի դառնալ Թել Աւիւ – Անգարա սուր մրցակցութիւնը: Այս պարագային կան տուեալներ մտածելու, որ խնդիրը զուտ յայտարարողական մակարդակէ անցում կը կատարէ դէպի գործնապէս քաղաքական փուլ:
Շահերու բախման առաջին թէժ կէտը երեւցաւ սուրիական տարածքներու վրայ, երբ գործող իշխանութիւններու յառած զինեալ խմբակցութիւնները ընդհարումներ ունեցան Իսրայէլի կողմէ հովանաւորչութեան տակ գտնուող տիւրզի ազգաբնակչութեան տարրերուն դէմ: Այս մէկը ըստ էութեան Թել Աւիւ – Անգարա միջնորդաւորուած բախումներու շրջագիծին մէջ կը դիտարկուէր:
Հիմա արդէն տեսանելի է ռազմավարական այլ ուղղութիւն մը` Իսրայէլ – Յունաստան – Կիպրոս եռեակով:
Ձեւաւորուող ռազմավարական այս դաշինքի կազմութեան նախօրեակին, Ուաշինկթըն իր ազդեցութիւնը սաստկացուցած էր Աթէնքի եւ Նիկոսիոյ վրայ: Երկու պետութիւնները ոչ միայն Եւրոպական Միութեան իրենց անդամակցութեան պատճառով, այլեւ ամերիկեան պատուէրներով թէժօրէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին հակառուսական եւ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան դիրքորոշումներուն եւ քայլերուն:
Այս բոլոր գործընթացներուն շարժառիթներուն հիմնականը միջերկրականեան ջրային տարածքներուն մէջ ուժանիւթային աղբիւրներու որոնման, պեղման եւ արտահանման մենաշնորհներու տիրացումն է: Անգարան կը հակազդէ Իսրայէլին եւ Սուրիոյ հետ կը փորձէ համաձայնութեան հասնիլ նման մենաշնորհներու տիրացման նպատակով:
Քաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական այս խաղերուն կանոնները ճշդողը կը շարունակեն մնալ Միացեալ Նահանգները: Երեք ուղղութիւններուն ալ գօտիներու հիմնական տեղաբաշխողը, փոխհակակշիռներու տիրոյթներ ձեւաւորողը Ուաշինկթընն է:
Հիմա, փորձենք այս բոլորը դիտարկել հայկական ոսպնեակով: Անգարայի աշխուժացումը եւ նոր գօտիներու նուաճումը տարածաշրջանին մէջ սկզբունքով չի բխիր հայկական կողմի շահերէն: Սկզբունքով, որովհետեւ շատ մշուշոտ է Երեւանի հայեցակարգը այս բոլոր գործընթացներուն նկատմամբ: Այս չ՛ենթադրեր անշուշտ, որ Իսրայէլի առաւելներ արձանագրելը զարգացող մրցակցութեան մէջ նպաստաւոր կրնայ ըլլալ հայկական կողմին համար:
Մէկ այժմէական օրինակ բարացուցական է: Անգարան ամէն գնով առաջադրած է մաս կազմել Կազայի մէջ տեղակայուելիք կայունութեան ուժերուն: Իսրայէլ մինչ այժմ կտրուկ դէմ է: Փոխարէնը սակայն կողմ է եւ հետամուտ, որ ազրպէյճանական զօրքերը ներառուին այդ ուժերուն: Նոյնիսկ գլխաւորողներէն մէկը ըլլան:
Իսրայէլ – Յունաստան – Կիպրոս դաշինքին երկու բաղադրիչները մեր բնական դաշնակիցները նկատուելու բոլոր նախադրեալները ունին: Երրորդը` Իսրայէլը, իր համագործակցութիւնը կը շարունակէ խորացնել Ազրպէյճանի հետ: Այսօր կայ հաւանականութիւն, որ ազրպէյճանական զօրքեր յայտնուին տարածաշրջանին մէջ:
Գօտիներու վերաձեւաւորման, բնական դաշնակիցիներու նոր դաշինքներու մէջ ներգրաւման, ուժերու տեղաբաշխման եւ այս բոլորին ածանցուող նորագոյն զարգացումներուն դիմաց բացակայ է հայկական ռազմավարութեան հայեցակարգը: Կը թուի, որ Երեւանին կը յուշեն իւրաքանչիւր պահու, թէ ի՛նչ դիրքորոշում պէտք է ունենայ կամ չունենայ, թէ ի՛նչ քայլ պէտք է առնէ կամ չառնէ, հայկական գործօնին հետ երբեմն անմիջական, երբեմն հեռակայ այս նոր գործընթացներուն դիմաց:
Պետական հայեցակարգի բացակայութեան, հայ քաղաքական միտքը հարկադրանքին տակ է այս բոլորին քննարկումները կատարելու եւ հայկական կողմէն դիտուած տեղի ունեցող գործընթացներուն նկատմամբ սկսելու համար հայեցակարգ մշակելու:
«Ա.»